Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

$
0
0

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութեան Կողմէ Սիկիլիոյ Գրաւումը Եւ Ֆրանսայի Դէմ Յաղթական Պատերազմը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փերէ էլ Կրան թագաւոր

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր:

Խայմէ Ա.-ի եւ անոր երկրորդ կնոջ` Եոլանտայի որդին` Փերէ էլ Կրան (Պետրոս Մեծ) հօր մահէն ետք, 1276-ին Արակոնի եւ Վալենսիոյ թագաւոր եւ Պարսելոնայի կոմս հռչակուեցաւ: Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութեան մնացեալ հողերը` Մայորքայի թագաւորութիւնը (ներկայ Պալէարեան կղզիները) եւ Փիրէնեան լեռներէն հիւսիս տարածուող քաթալան հողերը` Ռուսիյոնի եւ Քոնֆլէնթի կոմսութիւնները, Քափսիրը եւ Մոնփելիէն անցան Փիրէի եղբօր` Խայմէի, որ հռչակուեցաւ Մայորքայի թագաւոր:

Փերէ եւ կինը` Քոնսթանս Սիկիլիացի թագադրուեցան Սարակոսայի մէջ, 1276 նոյեմբերին, Թարրակոնայի արքեպիսկոպոս Պեռնարտօ տէ Օլիվելիայի ձեռամբ:

Գահակալութենէն անմիջապէս ետք խռովութիւններ ծայր առին Քաթալոնիոյ մէջ: Քարտոնայի դերկոմսը, Ֆուայի կոմս Ռոժէ-Պեռնար Գ., Առնօ Ռոժէ Փալլար տէ Սոպիրա եւ Ուրկէլի կոմս Էրմենկոլ Ժ. ապստամբեցան: Միաժամանակ Ուրկէլի կոմսութեան մէջ ներքին պայքարներ ծայր առին: Փերէ 1280-ին զսպեց խռովութիւնները, պաշարեց ապստամբներու կեդրոն Պալակուէրը (Ուրկէլի կոմսութեան գլխաւոր քաղաքը Էպրոյի հարկատու Սեկրէի ափին, գոթական Սանթա Մարիա եկեղեցիով եւ Փոնթ տէ Սանթ Միքէլ կամուրջով) եւ մէկ ամսուան կռիւներէ ետք գրաւեց զայն: Ապստամբութեան ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:

Թունուզի էմիր Մոհամէտ Մուսթանսիր, որ Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի հպատակութիւն յայտնած էր, մահացաւ 1277-ին, որմէ ետք Թունուզ մերժեց ճանչնալ Փերէ էլ Կրանի գերիշխանութիւնը: Իր իշխանութիւնը հոն հաստատելու համար Փերէ թագաւոր 140 նաւերէ եւ 15 հազար զինուորներէ բաղկացած բանակ մը կազմակերպեց եւ 1282-ին Ալքոյլ (ներկայ Քոլլօ, Ալճերիա) ցամաք ելաւ:

* * *

Նոյն ժամանակ, 1282-ի Զատկուան տօնին, մարտ 30-ին Սիկիլիոյ մէջ ժողովրդային ապստամբութիւն մը բարձրացաւ Շարլ տ՛Անժուի դէմ: Շարլ տ՛Անժու Ֆրանսայի Լուի Ը. թագաւորի որդին էր, Քափեթիական տունէն, եւ 1266-ին Սիկիլիոյ թագաւոր հռչակուած էր: Ապստամբութիւնը սկսաւ Փալերմոյի Սփիրիթօ Սանթօ եկեղեցիէն, հսկումի գիշերը, եւ արագօրէն տարածուեցաւ: Սիկիլիա հաստատուած հազարաւոր ֆրանսացիներ սուրի քաշուեցան: Ալայմօ տա Լենթինի սիկիլիացիներու ժողովրդային հրամանատար հռչակուեցաւ:  Շարլ տ՛Անժուի փոխանորդը` Հերպերթ իր ընտանիքին հետ Մեսսինայի Մաթեկրիֆֆոն բերդին մէջ ամրացաւ եւ յետոյ, կեանքի ապահովութեան երաշխիք ստանալէ ետք, եւ անգամ մըն ալ Սիկիլիա չվերադառնալու պայմանով, ազատ ձգուեցաւ: Մեսսինա ազատ համայնք հռչակուեցաւ: Այնուհետեւ սիկիլիացիք պատուիրակութիւն մը ուղարկեցին Մարտինոս Դ. պապին մօտ եւ անկէ խնդրեցին, որ սիկիլիական բոլոր քաղաքները ազատ համայնքներ հռչակուին սուրբ աթոռի հովանիին ներքեւ: Բայց ֆրանսացի պապը մերժեց սիկիլիացիներուն խնդրանքը եւ անոնց թելադրեց հասկացողութեան գալ Շարլ տ՛Անժուի հետ:

Քոնսթանս թագուհի

Պապին մերժումէն ետք սիկիլիացիք պատուիրակութիւն մը ուղարկեցին Փերէ թագաւորին մօտ, անոր խոստանալով Սիկիլիոյ գահը, որովհետեւ Քոնսթանս թագուհի իրաւականօրէն սիկիլիացիներուն ալ թագուհին կը նկատուէր: Քոնսթանսի հայրը`  Մանֆրէտ, Հռոմէական Մրբազան կայսրութեան Ֆրիտրիխ Բ. կայսեր եւ Պիանքա Լանսիայի ապօրինի զաւակը (Ֆրիտրիխի եւ Պիանքայի ամուսնութիւնը ոչ կանոնական հռչակուած էր), 1258-էն 1266 Սիկիլիոյ թագաւորը եղած էր:

Փերէ թագաւորին զօրքը հիւսիսային Ափրիկէ, Սիկիլիայէն շուրջ 300 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր: Փերէ սկիզբը տատամսեցաւ, արկածախնդրութիւն նկատելով Սիկիլիա ցամաքահանում մը, բայց յետոյ համոզուեցաւ եւ նաւատորմին գլուխը անցած 30 օգոստոս 1282-ին Սիկիլիոյ արեւմտեան ափին գտնուող Թրափանի քաղաքը ցամաք ելաւ: Թրափանիէն ան ճամբայ ելաւ դէպի Փալերմօ, ուր հասաւ սեպտեմբեր 2-ին: Փալերմոցիք անտարբերութեամբ ընդունեցին զայն, այն հիմնաւորումով, որ օտար թագաւոր մը այլ օտար թագաւորով մը կը փոխարինուէր: Ժողովուրդը սիրաշահելու համար Փերէ յայտարարեց, որ ինք հին նորմանական իրաւունքները  պիտի վերահաստատէ: Արդարեւ նորմաններ ԺԱ. դարուն գրաւած էին հարաւային Իտալիան եւ նորմանական Հոթվիլ ընտանիքը 1071-ին Սիկիլիոյ կոմսութիւնը հաստատած էր, որ 1130-ին դարձած էր թագաւորութիւն:

Փերէ 4 սեպտեմբեր 1282-ին Փալերմոյի տաճարին մէջ Սիկիլիոյ թագաւոր թագադրուեցաւ ի բացակայութեան քաղաքի արքեպիսկոպոսին:

Մարտինոս Դ. պապը 18 նոյեմբեր 1282-ին բանադրեց Փերէ թագաւորը:

Փերէ թագաւոր 1283 փետրուարին գրաւեց հարաւային Իտալիոյ` Քալապրիոյ ծովափնեայ գօտին: Շարլ տ՛Անժու նամակ գրեց Փերէի, առաջարկելով պատերազմը անձնական մենամարտով լուծել: Փերէ ընդունեց: Երկու թագաւորներուն մենամարտը տեղի պիտի ունենար յունիս 1-ին, Պորտոյի մէջ, բայց վերջին պահուն ջնջուեցաւ:

Մինչ այդ ծովակալ Ռուճճիերօ տի Լորիա, քաթալան ծովուժի հրամանատարը, կը շարունակէր յաղթական յարձակումները: Ան 8 յուլիս 1283-ին, Մալթայի նաւամարտին, Կրան Հարպուրի մէջ ջախջախեց Շարլ տ՛Անժուի ուժերը: Իսկ 5 յունիս 1284-ին, Նափոլիի ծոցի  նաւամարտին գերեվարեց Շարլ տ՛Անժուի որդին` Շարլ տը Պուաթէոն (Նափոլիի ապագայ Շարլ Բ. թագաւորը):

Նոյն օրերուն Շարլ տ՛Անժու մեկնեցաւ Պրինտիսի (հարաւային Իտալիա), պատրաստուելով Սիկիլիա ներխուժումին, բայց հիւանդացաւ Ֆոճճիայի մէջ եւ մահացաւ 7 յունուար 1285-ին:

* * *

Փերէ էլ Կրանի Սիկիլիա ցամաքահանումը

Փերէ թագաւորին ապահովութեան սպասարկութիւններու հետախուզական տուեալներուն համաձայն ֆրանսական ուժերը կը պատրաստուէին ներխուժելու Արակոն: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Փերէ թագաւոր Ֆրանսայի դաշնակից Խուան Նունիէս տէ Լարայէն գրաւեց Ալպարրասինը, որ ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող լեռնային բնակավայր է 1182 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ժայռոտ բարձունքներով շրջապատուած է: Սիերրա տէ Ալպարրասին 28 քիլոմեթր երկարութեամբ լեռնաշղթայ է մինչեւ 1856 մեթր բարձրութեամբ: Ալպարրասինի սենիորութիւնը հաստատուած էր 1167-ին եւ կը գտնուէր Արակոնի եւ Քասթիլիոյ միջեւ:

Փերէ թագաւոր նաեւ համաձայնութեան եկաւ Քասթիլիոյ Սանչօ Դ. թագաւորին հետ, որմէ ետք յարձակեցաւ նաւարական Թուտելա քաղաքին վրայ եւ գրաւեց զայն Ֆիլիփ լը Պէլէն: Ֆիլիփ լը Պէլ Ֆրանսայի Ֆիլիփ Գ. լը Հարտի թագաւորին որդին էր եւ տակաւին նոր` 16 օգոստոս 1284-ին Նաւարայի թագաւոր հռչակուած էր:

Փերէ թագաւորին եղբայրը` Խայմէ, Մայորքայի թագաւորը, դաշնակցեցաւ ֆրանսացիներուն հետ եւ իր գերիշխանութիւնը հաստատեց Մոնփելիէի վրայ: Այսպիսով ֆրանսացիք Ռուսիյոնի վրայով դէպի Քաթալոնիա եւ նաեւ Պալէարեան կղզիներ ազատ մուտքի հնարաւորութիւն կ՛ունենային: Իր կարգին Փերէ թագաւոր սկսաւ Քաթալոնիոյ պաշտպանութեան համար ռազմական յենակէտեր հաստատել եւ զօրք կեդրոնացնել:

Մարտինոս Դ. պապ հանդիսաւոր կերպով Արակոնն ու Քաթալոնիան Ֆիլիփ Գ.  լը Հարտիի երրորդ զաւկին` կոմս Շարլ տը Վալուայի խոստացաւ:

* * *

Մարտինոս Դ. պապ կարտինալ Ժան Շոլէի պարտականութիւն տուաւ պատրաստելու այսպէս կոչուած արակոնեան խաչակրութիւնը: Ֆրանսացի բոլոր եկեղեցականներուն հրահանգուեցաւ տաս առ հարիւրի տուրք տալ թագաւորին, որպէսզի ան հոգար խաչակրութեան ծախսերը: Կարտինալ Շոլէ ստանձնեց գանձումներուն վրայ հսկելու պարտականութիւնը: Տուրքեր սկսան վճարել նաեւ վանական միաբանութիւնները եւ տաճարական ու հիւրընկալ ասպետները: Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ խաչակրութեան կոչ ուղղեց Փորթոյի եպիսկոպոս կարտինալ Պեռնար տը Լանկիսէլ, իսկ հարաւային Իտալիոյ մէջ` Սապինայի եպիսկոպոս կարտինալ Ճերարտօ Պիանչի: Պապին հրամանով, տոմինիքեաններն ու ֆրանչիսկեանները խաչակրութեան կոչեր ուղղեցին Սարտինիոյ եւ Քորսիքայի մէջ:

Կարտինալ Շոլէ 1284-ի ամրան համաժողով մը կազմակերպեց Փարիզի մէջ, որմէ անմիջապէս ետք սկսաւ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ դէմ արշաւանքը:

Ֆրանսական բանակը, 16 հազար ձիաւոր, 17 հազար աղեղնաւոր եւ 100 հազար հետեւակ եւ նաեւ 100 նաւերով, Ֆիլիփ Գ. թագաւորին եւ զաւկին` Վալուայի կոմս Շարլի գլխաւորութեամբ, յարձակման անցաւ: Փերէ թագաւորին եղբայրը` Մայորքայի թագաւոր Խայմէ ֆրանսացիներուն դաշնակիցն էր:

Էլնէ

Ռուսիյոն գաւառի բնակիչները եւ յատկապէս Էլնէ քաղաքը բուռն դիմադրութիւն կազմակերպեցին: Էլնէ կը գտնուի Միջերկրականի ափերէն 4 քիլոմեթր արեւմուտք, Թէշ գետին եւ Փերփինիան քաղաքին մօտ (Ֆրանսայի ներկայ Փիրէնէ-Օրիանթալ նահանգին մէջ): Էլնէ պարսպապատ քաղաք է. Սանթա Էոլալիա տ՛Էլնա տաճարը կառուցուած է 1069-ին եւ եպիսկոպոսանիստ է:

Ռուսիյոնի կոմս Նունիօ Սանչէսի (1185-1242) ապօրէն զաւակը, որ Պաթար տը Ռուսիյոն անունով ճանչցուեցաւ, ստանձնեց Էլնէի պաշտպանութեան ղեկավարութիւնը:

Արիւնահեղ կռիւներէ ետք Էլնէի դիմադրութիւնը ճնշուեցաւ: Քաղաքին բնակիչները փախուստի դիմեցին, բայց շրջափակուեցան ֆրանսական զօրքին կողմէ եւ սուրի քաշուեցան: Էլնէ քանդուեցաւ եւ տաճարն ալ հրդեհուեցաւ:

Ֆրանսական բանակը 1285-ի սկիզբը հասաւ Կիրոնայի դուռերուն: Կիրոնա կը գտնուի Թէր, Օնիար, Կալիկանց եւ Կուէլ գետերու միախառնման վայրին մօտ, Պարսելոնայէն 99 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, եւ 878-ին միացուած էր Պարսելոնայի կոմսութեան: Արակոնի եւ Փամփլոնայի Ալֆոնսօ էլ Պաթալիատոր թագաւոր ԺԱ. դարուն Կիրոնան քաղաք հռչակած էր: Կիրոնայի տաճարը, որ անցեալին մզկիթ եղած է, քաթալան գոթական ճարտարապետութեան լաւագոյն նմուշներէն է:

Ֆիլիփ Գ. թագաւորին բանակը չորս կողմէն շրջափակեց Կիրոնան, բայց բուռն դիմադրութեան հանդիպեցաւ: Ֆիլիփ Գ. անձնապէս ղեկավարեց քաղաքին վրայ իրերայաջորդ գրոհները: Արիւնահեղ կռիւներէ ետք ֆրանսական բանակը մտաւ Կիրոնա: 28 ապրիլ 1285-ին կարտինալ Ժան Շոլէ իր գլխարկը Վալուայի կոմս Շարլի գլխուն դնելով զայն թագաւոր հռչակեց Կիրոնայի մէջ:

Փերէ էլ Կրան Սերրա լ՛Ալպերայի բարձունքին, Քոլ տիւ Փերթիւս լեռնանցքին մօտ

Քաթալան ծովուժը, աւելի քան 30 նաւերէ բաղկացած, ծովակալ Ռուճճիերօ տի Լորիայի հրամանատարութեան տակ կեդրոնացած էր Պարսելոնայէն շուրջ 85 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Լէս Ֆորմիկէս կղզիներուն շուրջ: 4 սեպտեմբեր 1285-ի արեւածագէն քանի մը ժամ առաջ ֆրանսական եւ ճենովական 30 նաւեր Կիլհէմ տը Լոտեւայի եւ Հենրի տի Մարիի հրամանատարութեամբ հասան Լէս Ֆորմիկէս, եւ ծովամարտը սկսաւ: Ռուճճիերօ տի Լորիա հրամայեց իւրաքանչիւր նաւու վրայ երկուքական լամբար վառել, նաւերուն թիւը հեռուէն աւելի ցոյց տալու համար, եւ գրոհի հրաման տուաւ, նախընտրելով արեւածագէն առաջ կռուին ընթացքը վճռել: Ճենովական տասնվեց նաւերէն տասը փախուստի դիմեցին, իսկ ֆրանսական նաւերը գրաւուեցան, ոմանք ընկղմեցան, ոմանք ալ հրդեհուեցան: Ծովակալ Կիլհէմ տը Լոտեւա եւ շուրջ երեք հարիւր նաւաստիներ գերի ինկան եւ կուրացուեցան բացի մէկէն, որպէսզի ազատ ձգուելէ ետք առաջնորդէ զանոնք Ֆրանսայի թագաւորին մօտ: Կուրացուած եւ ազատ ձգուած գերիներուն միջոցով Լորիա պատգամ մը յղեց Ֆրանսայի թագաւորին, որպէսզի այլեւս նոյնիսկ ձկնորսութեան համար չնաւարկէ Միջերկրականի վրայ առանց Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ թագաւորութեան դրօշին:

Փերէ թագաւորի երէց որդին` Ալֆոնսօ, Նաւարայի ճակատին պաշտպանութիւնը ստանձնած էր, ուր սահմանային կռիւներ կը մղուէին: Նաւարայի թագաւոր հռչակուած Ֆիլիփ լը Պէլ միացած էր հօր` Ֆիլիփ Գ.ի բանակին:

Ֆրանսական բանակը 30 սեպտեմբերին հասաւ Սերրա լ՛Ալպերայի (Մասիֆ տէ Ալպէր, ներկայիս` Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ սահմանին վրայ) Քոլ տիւ Փերթիւս լեռնանցքը: Այդ եւ յաջորդ օր կատաղի կռիւներ մղուեցան: Քաթալան զօրքերը շրջափակեցին եւ ջախջախեցին ֆրանսական բանակը:

Արդէն ֆրանսական բանակին մէջ սկսած էր թանչի (աղիքային հիւանդութեան) համաճարակ մը եւ Ֆիլիփ Գ. թագաւոր եւս վարակուելով մահացաւ 5 հոկտեմբեր 1285-ին, Փերփինիանի մէջ եւ Նարպոնի մէջ թաղուեցաւ:

Քոլ տիւ Փերթիւսի յաղթանակին առիթով Պարսելոնայի մէջ ութ օր շարունակ տօնախմբութիւն կատարուեցաւ:

Այկուամուրսայի Սանթէս Քրէոս վանքը

Նաւարայի Ֆիլիփ լը Պէլ թագաւոր Փերէի հետ հաշտութեան բանակցութիւններու սկսաւ: Փերէ թագաւոր ֆրանսական արքայական ընտանիքին Փիրէնեան լեռներէն ազատ անցքի արտօնութիւն տուաւ: Իսկ Մայորքայի Խայմէ թագաւորը Փերէի վասալ հռչակուեցաւ:

Փերէ էլ Կրան արուեստներու, գրականութեան եւ թրուպատուրներու հովանաւոր եղաւ: Թրուպատուրները (իգական` թրոպէրիզ) շրջիկ աշուղ բանաստեղծներ էին, որոնք ծագում առած էին Օսսիթանիոյ մէջ (հարաւային Ֆրանսա), ԺԱ. դարուն, եւ տարածուած դէպի Սպանիա եւ Իտալիա: Փերէ նաեւ գրած է երկու սիրվենթեսոս (բանաստեղծութիւն):

Փերէ էլ Կրան մահացաւ 11 նոյեմբեր 1285-ին, Վիլաֆրանքա տէլ Փենետէսի մէջ եւ սիսթերսեաններու Սանթէս Քրէոս վանքին մէջ թաղուեցաւ: Սանթէս Քրէոս կը գտնուի քաթալոնական Այկուամուրսիա գիւղին մօտակայքը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>