Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Տիկինը Արիւնաբանական Կեդրոնին Մէջ Բուժուող Երեխաներուն Օրը Տօն Դարձուց
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկինը` Ռիթա Սարգսեան այցելեց Եոլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոնին մէջ բուժուող երեխաներուն: «Արմենփրես»-ի հաղորդումով, երեխաները ամանորեայ հանդէս պատրաստած էին Առաջին տիկինին համար: Անոնք երգեցին, պարեցին, ապա ամանորեայ ցանկութիւն պահելով` խաղալիքներ կախեցին տօնական եղեւինին վրայ: 10 տարեկան Արփուշիկը կ՛երազէ, որ հիւանդանոցի տխուր ու երկար օրերը Ամանորի նման ուրախ անցնին: Այդ ցանկութիւնը պահելով` Արփինէն կախեց խաղալիքը տօնածառին վրայ: Ռիթա Սարգսեանը Արփինէի ամենալաւ բարեկամներէն է, որ միշտ կը կատարէ փոքրիկին ցանկութիւնները: Արփինէն կ՛երազէ երկու յարկանի մահճակալի մասին, որ սիրով նուէր ստացաւ Առաջին տիկինէն:
«Արփուշիկը կեդրոնի ամենածանր հիւանդն էր: Անոր բախտը բերաւ, որ Հայաստան եկաւ Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարը, որ իմ լաւ բարեկամս է, եւ քանի որ արիւնաբանական կեդրոնը դեռ վերանորոգման փուլին մէջն էր, ես անոր խնդրեցի` կու գայ օր մը, երբ մենք ալ կը կարողանանք Ռուսիոյ փոքրիկ քաղաքացիի կեանք փրկել, բայց այսօր անհրաժեշտ է ձեր օգնութիւնը: Ան լսեց եւ ըսաւ, որ պատրաստ է, եւ Արփուշիկը հրաւիրեց Մոսկուա», պատմեց Ռիթա Սարգսեանը: Արփինէն երկու ծանր վիրահատութեան ենթարկուելէն ետք արդէն առողջացման փուլի մէջ է:
Արեան հիւանդութիւններ ունեցող երեխաներուն համար անակնկալ պատրաստած էին նաեւ Չեխովի անուան թիւ 55 դպրոցին աշակերտները: Դեկտեմբեր 1-էն սկսած` անոնք դրամահաւաք կազմակերպած էին, որուն արդիւնք հաւաքուած երկու միլիոն դրամը կ՛ուղղուի երեխաներու առողջացման: Չեխովի անուան դպրոցին աշակերտները նաեւ արիւնաբերական կեդրոնին մէջ բուժող երեխաներուն համար նկարներ պատրաստած էին, ինչպէս նաեւ անանուն նամակներ գրած` մաղթելով անոնց առողջութիւն:
Տօնական հանդէսի աւարտին արիւնաբանական կեդրոնի երեխաներուն անակնկալ մատուցեցին Կաղանդ պապան ու Ձիւնանուշը, որոնք կարդացած էին երեխաներուն գրած նամակները: Ռիթա Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Կաղանդ պապան ու Ձիւնանուշը երեխաներուն յանձնեցին անոնց երազած նուէրները:
Արցախցի Լուսանկարիչին Նախագիծը Միջազգային Մրցումի Լաւագոյն Աշխատանքներէն Ճանչցուած Է
Արցախցի լուսանկարիչ Արեգ Բալայեանի «MOB» նախագիծը, որ այս տարի մրցանակային տեղ գրաւած է «Լենս Քալչըր էքփոժըր» միջազգային մրցումին, ճանչցուած է 2017-ի Լենս Քալչըրի 25 լաւագոյն լուսանկարչական պատմութիւններէն մէկը:
Արեգ Բալայեան ըսած է, որ լուսանկարչական պատմութեան ընտրութեան ընթացքին խմբագիրներու փակ քուէարկութեան արդիւնք` տարուան լաւագոյն լուսանկարչական պատմութիւններէն մէկը ճանչցուած է իր ներկայացուցածը:
Արեգ Բալայեանի «MOB» նախագիծը ապրիլեան պատերազմի օրերուն մասին է, ուր ան ականատեսի աչքերով ներկայացուցած է սահմանին կանգնած զինուորներուն կեանքն ու առօրեան:
Նշենք, որ www.lensculture.com կայքը կը կազմակերպէ միջազգային շարք մը լուսանկարչական մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ աշխարհի զանազան պետութիւններէ:
Յիշեցնենք, որ Լենս Քալչըր էքփոժըր» 2017 միջազգային մրցումին մասնակցած են հինգ ցամաքամասներու 22 երկիրներէ 44 լուսանկարիչներ:
Երեւանի Թումօ Կեդրոնը Կ՛ընդունի Յաւելեալ 2800 Պատանիներ
Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը ընդլայնած է կրթական ծրագիրի հասանելիութիւնը` ապահովելով 170 յաւելեալ համակարգիչ եւ կեդրոնին մէջ ընդունելով 2800 պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին սպասման ցուցակներու վրայ:
Այժմ նոր ուսանողները եւ անոնց ծնողները կը գտնուին կողմնորոշիչ հանդիպումներու եւ առաջին` նախապատրաստական դասերու փուլին:
«Վերջին տարիներուն կեդրոնի գործունէութեան հանդէպ հետաքրքրութեան եւ ծրագիրին անդամակցիլ փափաքողներուն թիւի կտրուկ աճի պատճառով կեդրոնին մէջ գոյացաւ բազմաթիւ պատանիներու հերթ: Նոր սարքաւորումները ձեռք բերելով եւ կեդրոնի վարչական տարածքներուն մէկ մասը կրթական հարթակի եւ դասընթացքներու սենեակներու վերածելով` ԹՈՒՄՕ-ն մինչեւ 2017-ի աւարտը կարելիութիւն տուաւ արձանագրուած բոլոր երիտասարդներուն սկսիլ իրենց կրթական ուղին: Այսպիսով, այժմ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կը յաճախէ 10 հազարէ աւելի պատանի, իսկ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծրագիրին մէջ ներգրաւուած է մօտաւորապէս 14 հազար ուսանող», գրուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:
Գագիկ Ծառուկեան 100 Միլիոն Դրամ Նուիրեց Գիւմրեցիներուն
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան դեկտեմբեր 28-ին այցելեց Գիւմրի` յարգելու համար երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:
Գիւմրիի մէջ Ծառուկեան յայտարարեց, որ 100 միլիոն դրամ կը նուիրէ գիւմրեցիներուն:
«Ես կը սիրեմ Գիւմրին, գիւմրեցիները կը սիրեմ իբրեւ հիւրասէր, տեղը-տեղին, ու ես ո՛չ թէ ընտրութենէ ընտրութիւն կու գամ, այլ կը սիրեմ այդ մարդիկը` իրենց սովորութիւնները, աւանդոյթները, խօսքի տէր ըլլալը: Այս պատճառով ես ամէն տարի, տարեվերջին կու գամ շնորհաւորելու մարդիկը, յոյս ներշնչելու եւ որոշ չափով օգնութիւն տրամադրելու: Ինչպէս ըսեմ` իւրաքանչիւր պետութեան հարստութիւնը սովորական ժողովուրդն է, եւ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք անոնց, որովհետեւ այդ մարդիկը մեր հարստութիւնն ու ուժն են: Անոնք ալ պէտք է կարենան յոյսով, հաւատքով ապրիլ, իրենց փոքրիկներուն առջեւ պարզ ճակատով ըլլալ», յայտնեց Ծառուկեան:
Ան նշեց, որ ճիշդ այդ պատճառով 100 միլիոն դրամ տրամադրած է իր գործընկերներ Վարդեւան Գրիգորեանին ու Վարդան Ղուկասեանին, որպէսզի 50 միլիոնը բաժնեն տնակներու, 50-ն ալ` ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներու:
Հայաստանի Մէջ Արեւային Առաջին Ինքնաշարժը Կը Ստեղծեն Երկրին Մէջ Արտադրութիւն Հիմնելու Նպատակով
Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժի ստեղծումը կամաւորներու եւ խանդավառներու ծրագիր է: Բան մը, զոր կը կատարեն մասնագիտական հաճոյքի համար` նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն հիմնելը:
Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ասիկա անձնական նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ արեւային ճարտարագիտութիւններու, յատկապէս ելեկտրական փոխադրամիջոցներու հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: «Առաջին հանդիպումը հետաքրքրուած անձերու հետ երկու մասի բաժնեցինք. առաջինը զերոյէն արեւային ինքնաշարժ նախագծել եւ կառուցելն է, երկրորդը` գործող որեւէ հին ինքնաշարժ ամբողջովին ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժ դարձնելը: Կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ կարելի է գործող ինքնաշարժները դարձնել ելեկտրական շարժիչի: Յոյս ունինք, որ հետագային անիկա պիտի դառնայ տարածուած փորձառութիւն Հայաստանի մէջ», յայտնեց Հայկ Յարութիւնեան:
Ըստ պաշտօնեային, աշխարհի առաջնակարգ ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւնները իրենց հիմնական ճարտարագէտներն ու աշխատակիցները կ՛ընտրեն այն խումբերէն, որոնք կը մասնակցին այսպիսի աշխատանքներու: Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի «Արեւային մարտահրաւէր» մրցումը, որ կը գործէ առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր, եւ բոլոր համալսարանները աշխուժ կերպով կը մասնակցին, իւրաքանչիւր խումբ կը նախագծէ իր արեւային ինքնաշարժը: Այդ ինքնաշարժները պէտք է 3000 քիլոմեթր ճանապարհ կարենան անցնիլ:
«Մենք եւս կ՛ուզենք այստեղ նման բան ստեղծել` յոյս ունենալով, որ որոշ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնենք մասնագէտներու մէջ: Անոնք այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատին ա՛յն նպատակով, որ Հայաստանի մէջ հաստատուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն», ըսաւ փոխնախարարը:
Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Հիմնել Արհեստագիտական Համալսարան
Կառավարութիւնը իր 28 դեկտեմբերի նիստին հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի Արհեստագիտական համալսարանի հիմնադրութեան հայեցակարգին:
Համալսարանը կոչուած է դառնալու համաշխարհային յաւակնութիւններով առաջատար համալսարան, որ կը հանդիսանայ հարթակ` կրթութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտական ձեռներէցութեան:
Արհեստագիտական համալսարանի ռազմավարական նպատակը Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ արհեստագիտութեանց զարգացումն ու տարածումն է:
«Կրանտ Հոլտինկ»-ը 110 Միլիոն Դրամի Նուէրներ Բաժնեց Արցախի Եւ Տաւուշի Մարզի Սահմանապահներուն
Աւանդութեան համաձայն, «Կրանտ հոլտինկ» ընկերութիւնը կը շարունակէ Ամանորի նուէրներ բաժնել Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ Տաւուշի մարզի սահմանապահ զօրամասերու զինուորներուն եւ սպաներուն: Յառաջիկայ օրերու տօները Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորներն ու սպաները եւս պիտի դիմաւորեն «Կրանտ հոլտինկ»-ի նուէրներով:
Մօտաւորապէս 68 միլիոն դրամ արժող աւելի քան 15 հազար տոպրակ քաղցրաւենիք եւ ծխախոտ բաժնուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին: Այդ նուէրներէն պիտի օգտուին նաեւ մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորականները: «Կրանտ հոլտինկ»-էն ամանորի նուէրներ պիտի ստանան նաեւ Տաւուշի մարզի սահմանապահ զօրամասերուն մէջ ծառայող զինուորականները: Տաւուշի սահմանապահ զօրամասերուն «Կրանտ հոլտինկ»-ը բաժնած է 42 միլիոն դրամ արժողութեամբ նուէրներ:
«Կրանտ հոլտինկ»-ի սեփականատէր Վարդանեան եղբայրները կ՛ըսեն, որ իրենց համար բանակը Հայաստանի եւ Արցախի ամէնէն կարեւոր օղակներէն մէկն է: Վարդանեան ընտանիքին համար շատ կարեւոր են իւրաքանչիւր զինուորի եւ սպայի նկատմամբ ուշադրութիւնն ու վերաբերմունքը: Հայաստանի եւ Արցախի պետական սահմանները պահող զինուորներու եւ սպաներու բարեխիղճ ծառայութենէն կախեալ է նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացումը եւ հոն ապրողներուն բարեկեցութիւնը:
Աւելի Քան Հարիւրամեայ Օտարութենէ Ետք «Գրիգոր Զոհրապ» Գորգը` Հայաստանի Մէջ
Դեկտեմբեր 27-ին Հայաստանի Հայկական գորգի ազգային կեդրոնին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Հայկական գորգի թանգարանի առաջին եւ շատ սպասուած ցուցանմուշը` «Գրիգոր Զոհրապ» գորգը:
Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռք բերել եւ Հայաստան տեղափոխել «Գրիգոր Զոհրապ» գորգը, որ պատմական նշանակութիւն ունի:
Արդարեւ, գորգը խորհրդանշական ձեռքբերում է Հայկական գորգի թանգարանին համար. անիկա իր մէջ կ՛ամփոփէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջական ժամանակաշրջան մը, որ լեցուն է անվերջ պայքարով, մեծ կորուստներով եւ վերապրելու կամքով:
Հայկական լեռնաշխարհը գորգագործութեան հնագոյն կեդրոններէն է, եւ որքան ալ հայկական գորգարուեստը տարբեր ըլլայ իր գոյներով, զարդանախշերով եւ խորհրդանշաններով, այնուամենայնիւ, անիկա կ՛առանձնանայ իր ուրոյն ձեռագիրով եւս: Այս բազմազանութեան մէջ հետաքրքրական են դիմանկարային գորգերը:
Դիմանկարային գորգի եզակի նմուշ մըն է Գրիգոր Զոհրապի պատկերով հիւսուած գորգը, որ, փորձագէտներու կարծիքով, գործուած 1909-էն առաջ, Սեբաստիոյ մէջ, Բեդուկեան ընտանիքին կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն գորգը կորսուած է, այնուհետեւ գտնուած է Ճեք Քաթըրի արեւելեան գորգերու հաւաքածոյին մէջ: 2017-ի գարնան գորգը յայտնուած է Աւստրալիոյ մէջ կատարուած աճուրդի մը ընթացքին, ուր յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է:
Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի հիմնադիր Վիքթոր Մնացականեանը յաջողած է գնել գորգը եւ զայն նուիրել Հայկական գորգի թանգարանին: Պատկերագորգը պիտի ընդգրկուի Հայկական գորգի թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան ցանկին մէջ: