Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

2018 Հաւատքի Հայկականացման Տարի

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցին մէջ, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն մեկնելով սորված ենք, թէ կրօնը խղճի հարց է: Այլ խօսքով` Դաշնակցութիւնը իր աշխարհահայեացքով կրօնը կը թողու իր ընկերներու ազատ կամքին եւ ինք խտրականութիւն չի դներ Դաշնակցութեան շարքերը եկող ընկերներու միջեւ կրօնական տարբերութեան պատճառով:

Ու թերեւս զարմանալի թուի, որ դաշնակցական ընկեր մը խօսի եկեղեցւոյ ու հաւատքի մասին:

Այսուհանդերձ ազատութեան նոյն սկզբունքէն մեկնելով կարելի է լուսարձակի տակ առնել կրօնի խղճի ազատութիւնը` հայկականութեան պրիսմակէն դիտելով հարցը:

Իբրեւ հայ ազգի զաւակներ ու անկախ ներհայկական յարանուանական բաժանումներէն, բոլորս ալ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ ենք, կամ գէթ այդպէս կը դաւանինք ըլլալ: Ու այս ընդհանրութեամբ է, որ կը դրսեւորուի հայ ազգի եւ հայ եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնն ու միասնութիւնը:

Կրօնական, դաւանաբանական թէ աստուածաբանական մօտեցումներէն թէ տարբերութիւններէն անդին մեր ժողովուրդի գոյութեան, ինքնուրոյնութեան, ինքնապաշտպանութեան գլխաւոր հիմքը կազմած է հայ եկեղեցին ու ան եղած է հայ մարդու եւ հայ քաղաքացիի պորտակապը հայութեան հետ:

Հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Սա ոչ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ անոր համաքրիստոնէական արժէքը: Աւելի՛ն` հայ եկեղեցւոյ հանդէպ հայ մարդուն հաւատքը դարձած է ազգային մեր նկարագիրի կերտման ամուր հիմնասիւն:

Աշխարհով մէկ հայութիւնը հարուածող, տկարացնող ու իր ինքնութենէն հեռացնող բազում վտանգներու կարգին իր գլուխը կը ցցէ նաեւ հայ մարդու հաւատքի նահանջը, օտարացումի պատճառով հայ եկեղեցիէն հեռացումն ու բնականաբար հայկականութենէն օտարումը:

Այլ խօսքով` ազգային հայ եկեղեցիէն հայեր կը հեռանան առարկայական պատճառներով կամ կամովին ու կը խոտորին օտարամուտ դաւանանքներու կամ քրիստոնէութեան անունով ապազգային ուղղութիւններ սերմանող նորաբոյս վարդապետութիւններու դաշտին մէջ, առանց խորանալու անոնց թաքուն, բայց իսկական նպատակներուն` ազգակործան թիրախաւորումին մէջ:

Աղանդաւորական շարժումներէ մինչեւ հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը, հաւատամքը, մեկնութիւններն ու աւանդութիւնները իբրեւ թէ աւելի ժողովրդային, բացատրելի ու հասանելի դարձնելու «նախանձախնդրութեամբ» զանազան խմբաւորումներ կը շահագործեն հայուն հաւատքը եւ զայն կ՛ուղղորդեն դէպի կասկածելի ճանապարհներ:

Քաղցր խօսքերով, եկեղեցւոյ բարեկարգման նշանաբանով, երբեմն նիւթական շռայլումներով «հոգիի փրկութեան» գործը իրականութեան մէջ կ՛առաջնորդեն ազգայինը վարկազրկելու, հոգին հայաթափելու եւ մարդկային իրաւունքներու անուան տակ այլանդակութիւնները տարածելու իրողութիւն:

Հոս պատասխանատու ենք բոլորս անխտի՛ր:

Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը, կազմակերպութիւնները իրենց տարբեր գաղափարական ուղղութիւններով եւ ոլորտներով, մշակութային, բարեսիրական երիտասարդական, կրթական, թէ քարոզչական կառոյցները, որոնք թերեւս կրօնի ազատութեան իրենց սկզբունքին մէջ ազգային եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատքի նահանջին ու ապազգայնացումին դիմաց անհրաժեշտ ու արագ պայքարը չեն նկատեր առաջնահերթութիւն:

Հայուն հաւատքը նահանջի մէջ է:

Հաւատքի նահանջը կ՛առաջնորդէ հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրի նահանջին:

Ու այդ նկարագիրի նահանջը անխուսափելի կերպով մեզ կը տանի եկեղեցւոյ քանդումին: Ապազգայնացման:

2018-ի մարտահրաւէր մը եւս:

Հայ մարդու հաւատքի հայկականացումը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>