Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ամրացման Եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Կը Կատարուին Պատմամշակութային Եօթը Համալիրներու Մէջ

$
0
0

Հայաստանի Արմաւիրի Այգեշատ գիւղի Թարգմանչաց վանքին մէջ, Արագածոտնի Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 7-րդ դարուն կառուցուած Արտաւազիկ եկեղեցւոյ, 12-րդ դարու Քոբայրի վանքին մէջ, Լոռիի մարզի ամենագեղեցիկ վանական համալիրներէն մէկուն` Սանահինի, կրօնական եւ կրթական ու մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի մէջ 2017 թուականին վերականգնման, ամրացման լայնածաւալ աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Այդ աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2018 թուականին:

«Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ կատարուած աշխատանքի ծաւալները:

Այգեստան Թարգմանչաց վանք

Պահպանուած են` Թարգմանչաց եկեղեցւոյ հիւսիսարեւելեան հատուածը, խորանը եւ հիւսիսային աւանդատունը: Վերակառուցման աշխատանքներ իրականացնելու ընթացքին շինարարներուն շատ օգնած են արխիւային լուսանկարները, որոնց միջոցով անոնք յստակ պատկերացում կազմած են շինութեան նախնական տեսքի մասին: Կառոյցէն մնացեր են 25 մեծ զանգուածներ եւ 740 մանր կտորներ, որոնք ամբողջական տեսքով, առանց քանդելու տեղադրուած են իրենց տեղերը: Ամենամեծ զանգուածը շուրջ 30 թոն ծանրութիւն ունեցած է:

Նորոգման փուլի մէջ է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յատակը եւ գմբեթարդ տանիքը: Յուշահամալիրին մէջ նախատեսուած է պատուհաններ եւ դռներ տեղադրել:

Արտաւազք եկեղեցին՝ դիմացէն դիտուած

Արտաւազիկ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի առաջին անգամ վերականգնման աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Եկեղեցւոյ յատակը մասնակիօրէն տեղահանուած է: Շինարարները  վերականգնած են ատոր մէկ մասը: Գետնախարիսխներէն որոշ հատուածներ մասնակիօրէն քայքայուած եղած են. կը նորոգուի այդ մասը: Կանգուն մնացած պատերը, յատկապէս` հարաւարեւելեան հատուածը, ամբողջութեամբ քայքայուած եղած է եւ այնտեղ ջուր ներթափանցած է` արագացնելով քայքայումը: Կը լուծուին նաեւ այդ խնդիրները:

Գոպայրի յուշակոթող

Միջնադարու կարեւոր գրչօճախներէն եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը` 12-րդ դարուն կառուցուած Քոպայրի վանքը կը վերակառուցուի եւ կը վերաշինուի: Վերջին տարիներուն ամբողջութեամբ վերականգնուած է Քոպայրավանքի զանգակատուն-տապանատունը: Ներկայիս վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին վանքի սեղանատան մէջ: Այս տարի ներսէն եւ դուրսէն նորոգուած է սեղանատան արեւելեան ճակատը: Քիւի տակի հատուածը նոյնպէս կը վերաշինուի: Վերակառուցման ընթացքին նոր նիւթերու միայն 15 տոկոսը օգտագործուած է, մնացեալը վանքինն է:

Սանահին

Լոռիի մարզի ամենագեղեցիկ վանական համալիրներէն մէկուն` 10-րդ դարուն կառուցուած Սանահինի վերականգման աշխատանքները կը շարունակուին: Ատոնք սկսած են 2017-ի սեպտեմբերին: Այս տարուան ծաւալներով նախատեսուած է հեռացնել շինութեան արեւելեան հատուածի կեդրոնական ճակտոնի լանջերու հին ծածկասալերը եւ զանոնք փոխարինել նորերով: Հին ծածկասալերու մէջ եղած են արժէքաւոր նախշազարդեր, որոնց պիտանի մասը օգտագործուած է վերականգնման ընթացքին: Քանդուած, հեռացուած են լանջերու հին ծածկասալերը: Ատոնց մէկ մասը արդէն նորով պատուած է, բայց զգալի հատուածի մը մէջ դեռ աշխատանքներ պէտք է իրականացուին:

Իրենդի Աստուածածին եկեղեցին

12-րդ դարու աւարտին 13-րդ դարու սկիզբը կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրացման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տանիքածածկի մէկ մասը փոխուած է: Աշխատանքները նոր թափ կը ստանան գարնան: Եկեղեցւոյ տանիքի ծածկն ամբողջութեամբ նորոգելը առաջնահերթութիւն է: Յաջորդ տարի անհրաժեշտ է աւարտին հասցնել զայն:

Գոշավանք

Շինարարական աշխատանքները կ՛իրականացնէ «ԱՐՀՈՎՇԻՆ» ընկերութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>