Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ծանօթ.- Այս յօդուածին հեղինակը` Սարգիս Պալմանուկեան, ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին, որ, ինչպէս ծանօթ է, ծանր վնասներու ենթարկուած է Սուրիան քանդումի ու տառապանքի մատնող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով. արհաւիրքէն անմասն չմնաց նաեւ Սուրիոյ մեր գաղութը: Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու: Հեղինակին հետ կարճ զրոյցի մը պահուն ան ըսաւ, որ այս տողերը արձանագրելու օրերուն դառնութիւն ապրած է` տեսնելով Տէր Զօրի մէջ պատահածները, սակայն նաեւ կը հաւատայ հայութեան վերականգնումի ու վերակառուցելու կամքին…

Տէր Զօր անունը անքակտելիօրէն կապուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան: Հոն` Տէր Զօրի անապատներուն ու շրջակայ քարայրներուն մէջ, ջարդարար թուրքերու ձեռամբ գազանաբար սպաննուեցան հարիւր-հազարաւոր հայեր, որոնց միակ յանցանքը հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալն էր…

Ամէն տարի, ապրիլ 24-ին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայեր հարկադրաբար բնակութիւն հաստատած են Ցեղասպանութենէն ետք, կը նշուի այս ազգային աղէտը: Անոնք իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար կառուցած են յուշարձաններ ու կոթողներ: Հայութեան դիմագիծը պահպանելու համար անոնք նաեւ հաստատած են եկեղեցիներ ու դպրոցներ: Յուշարձանները ընդհանրապէս խորհրդանշական կոթողներ են եւ աշխարհին կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին ապրած մեծ ողբերգութիւնը:

Վերադառնանք պատմութեան: Տէր Զօր քաղաքին մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրողներ 1930-ական տարիներուն կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից` հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը: Յաջորդ տասնամեակներուն հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի:

Զուգահեռաբար, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ նոյն տարիներուն կառուցուած է Նահատակաց յուշակոթող-մատուռը, իսկ աւելի ուշ, մեր մայր հայրենիքին մէջ, Երեւանի մօտակայ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 50-ամեակի օրերուն կառուցուած է մեր նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հանրայայտ յուշակոթող-համալիրը, իսկ անոր կից` Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը. հոն, ամէն տարի հայրենի ժողովուրդը մեծ շուքով ու յարգանքով կը նշէ ազգային սգատօնը` պետական աւագանիին գլխաւորութեամբ:

Հայրենիքէն հեռու, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի մէկ բարձունքին, դարձեալ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, կառուցուած է հոյակերտ յուշարձան մը, որ դարձած է Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի հայութեան ուխտավայրը. այս յուշարձանին շուրջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ պահանջատիրական հաւաք` պետական ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Օսմանցի թուրքերը իրենց պատմութեան մէջ վատ համբաւի տիրացած են իրենց գործած ջարդերով, ըլլա՛յ իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ` Յունաստան, Պուլկարիա, Սերպիա եւ այլ, ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց դէմ, յատկապէս քրիստոնեաներու` հայ, մարոնի, ասորի եւ այլք: Թուրքերը գրաւած էին նաեւ մեր Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան: Այլ ժողովուրդներու նման` հայերս եւս կը տառապէինք օսմանեան յետամնաց բռնատիրութեան տակ, ու երբ հայկական ազատագրական շարժումը ծայր տուաւ, թուրքերը որոշեցին Հայկական հարցը լուծել ջարդերով ու իր պապենական հողերէն հայութեան արտաքսումով: Հայեր տարագրուեցան դէպի Տէր Զօր, որ վերջին հանգրուանն էր հաւաքական ջարդերու: Թուրքը տիրացաւ հայուն պատկանող կալուածներուն եւ ստացուածքներուն, դարերու մշակութային ժառանգութեանց, որոնց փճացման լծուած է մինչեւ այսօր…

Շուրջ 30 տարի առաջ ծնունդ առաւ հայութեան համար ահաւոր դժոխք հանդիսացած` Տէր Զօրի մէջ յուշակոթող մը կանգնելու մտածումը եւ շուտով իրականութիւն դարձաւ: Ի տարբերութիւն միւս յուշարձաններուն` Տէր Զօրի յուշահամալիրը կառուցուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր մէկ վայրին վրայ, երբ Տէր Զօրը արդէն հոմանիշ դարձած էր մեր մեծ ողբերգութեան: Կոթողը կոչուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր` ոգեկոչելու համար յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Տէր Զօրի յուշահամալիրին մէջ կան շարք մը խորհրդանիշներ, ինչպէս` հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը, վերածնունդը, հերոսական պայքարը` թուրք բռնակալին դէմ, հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, նաեւ հայուն երախտագիտական զգացումները` իր հողերուն վրայ ջարդերէն փրկուածները հիւրընկալելու արաբ ժողովուրդին հանդէպ: Հոս պէտք է շեշտել, որ արաբ ժողովուրդը չի կրնար քանդած ըլլալ այս յուշակոթողը, որ նաեւ կը խորհրդանշէ հայութեան երախտագիտութիւնը հիւրընկալին հանդէպ:

Համալիրին պաշտօնական օծումը կատարուեցաւ 5 մայիս 1991-ին` ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, որ մեծ դեր ունեցաւ շինարարական աշխատանքի ղեկավարման մէջ: Օծման արարողութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր շրջաններէն եկած հազարաւոր ուխտաւորներ, երեւելի հոգեւորականներ ու անձնաւորութիւններ. բոլորն ալ եկած էին անշիրիմ նահատակներուն յիշատակը յարգելու:

Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը:

Տարբեր առիթներով Տէր Զօր այցելած ու յարգանքով խոնարհած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ` Գարեգին Բ. ու Արամ Ա., Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, յաւուր պատշաճի իրենց պատգամը ուղղելով հայութեան: Այցելուներուն շարքին եղած են հայրենի պետական այլ անձնաւորութիւններ ու հասարակական դէմքեր, ինչպէս նաեւ` սփիւռքեան երեւելի անձնաւորութիւններ:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակը Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 2015-ին. սգատօնին ներկայ էին կարգ մը երկիրներու նախագահները, պետական ու կրօնական ներկայացուցիչները եւ այլ յայտնի դէմքեր: Նոյն տարին 100-ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին Ուաշինկթընի մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի, ինչպէս նաեւ` հայկական քոյր եւ օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը ներկայացնէին փոխնախագահ Ճօ Պայտընը եւ ՄԱԿ-ի մէջ դեսպան Սըմանթա Փաուըրը*: Ներկայիս ամերիկեան աւելի քան 45 նահանգներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնակցային կառավարութիւնը, քաղաքական որոշ նկատառումներով, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Վերջին տարիներուն Պոլսոյ հայութիւնը, կարծես յաղթահարած` իրեն պարտադրուած «ստորակայութեան» զգացումը, քաջութիւնը ունի ապրիլ 24-ի առիթով սգահանդէսներ կազմակերպելու` պարզելով ու ցուցադրելով հայ նահատակ մտաւորականներու եւ երեւելիներու մեծադիր նկարները: Կ՛ուզեմ շեշտել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու շաբաթաթերթին ու անոր նախկին քաջարի խմբագիրին` Հրանդ Տինքին ունեցած բարերար դերը: Բոլորիս ծանօթ է Հրանդ Տինքին վիճակուած ճակատագիրը. ան իր արի կեցուածքին պատճառով անարգօրէն սպաննուեցաւ իր թերթի խմբագրատան սեմին… Միւս կողմէ` բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ արդէն կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կ՛աճի: Անոնց շարքին է Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը:

Մատուռը բազմանիստ կեդրոնագմբէթ կառոյց մըն է, որ կարելի է դիտել բոլոր կողմերէն: Գմբէթին լուսամուտները խաչքարեր կը յիշեցնեն: Մատրան ներսիդին կան 8 վերասլաց սիւներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու ձգտումը` դէպի ազատութիւն:

Մատրան ներքնայարկը կը կոչուի Նահատակման սրահ, որուն կեդրոնէն ու առաջին յարկին գետինին վրայ բացուածքէն վեր  կը խոյանայ սիւնակոթող մը: Կոթողի խարիսխին, ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած են Տէր Զօրի ու շրջակայ անապատներէն բերուած հայ անյայտ նահատակներու աճիւններ:

Համալիրին բակը շրջապատող իւրաքանչիւր ճակատ ունի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծում: Խաղաղութեան նուիրուած ճակատին վրայ կայ քրիստոնէական մեր հաւատքը խորհրդանշող խաչ մը, որուն երկու կողմերուն` խաղաղութիւն խորհրդանշող աղաւնիներ:  Հերոսներուն նուիրուած ճակատին կան երկու արծիւներու քանդակներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները` ի խնդիր իր գոյատեւման:

Բակին գլխաւոր ճակատը նուիրուած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան. հոն կանգնած են երկու աղբիւրներ` համապատասխան քանդակներով:

Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան հարազատ ոճով, որ ապացոյց է մեր ազգային դիմագիծին ու մեր անցեալի փառաւոր մշակութային ժառանգութեան:

Ներքնասրահին մէջ ցուցադրուած են Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ, իսկ ճակատին կայ քանդակ մը, ուր հայ մայր մը իր զաւակին հայերէն Ա., Բ., Գ.  կը սորվեցնէ Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ:

… Ցեղասպան թուրքին ժառանգորդները մօտիկէն կը հետեւէին այս յուշակոթողի կանգնումին ու անոր ստացած արժէքին. անոնք օրին չկրցան համոզել Սուրիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի չթոյլատրեն այսպիսի յուշակոթողի մը կառուցումը: Հայ ժողովուրդը երախտագիտութեան խոր զգացումներ կը տածէ սուրիացի ժողովուրդին ու պետութեան նկատմամբ. պէտք է յիշել, որ օրուան նախագահը քաջածանօթ էր Սուրիոյ տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ հայութեան բերած նպաստին, իսկ անոր հայրը Ցեղասպանութեան օրերուն մեծապէս օգտակար եղած է Լաթաքիոյ շրջանը ապաստանած հայ գաղթականներու:

Ոճրածին թուրքերը պատեհ առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի քանդեն յուշակոթողը: Անիկա աղաղակող արատ մըն էր իրենց ճակատին:

Եւ ահա առիթը ներկայացաւ, երբ քանի մը տարի առաջ Սուրիա ինկաւ «քաղաքացիական պատերազմ»-ի յորձանուտին մէջ: Ծայրայեղական ընդդիմադիրներ եւ վարձկան զինեալ խմբակներ, գրաւելով Տէր Զօրը, պայթեցուցին նաեւ մեր նահատակներուն յուշակոթողը, որ լուռ, բայց ապրող վկայ մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերուն ծրագրած ու գործադրած ահաւոր ոճիրին: Քանդումն իսկ յաւելեալ վկայութիւն է այս ճշմարտութեան…

Կասկած չկայ, թէ որո՛ւ թելադրանքով կատարուեցաւ քանդումը: Յիշեցնենք, որ համալիրին մէջ կայ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող պատ մը, որուն վրայ արաբերէնով արձանագրուած է հայութեան երախտագիտական զգացումները` սուրիացի արաբ ժողովուրդին նկատմամբ: Արաբն ալ երախտամոռ չէ…

Ներկայիս Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւնները մեծ մասամբ վերջ գտած են: Երբ խաղաղութիւնը վերջնական ու ամբողջական կերպով վերահաստատուի, Տէր Զօրի համալիրը պիտի կառուցուի պէ՛տք է վերակառուցուի ու վերստին դառնայ ուխտապահ հայութեան ժամադրավայրը:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ մեծ փորձառութիւններ ապրած է. երբ խաղաղութիւն տիրած է, ան վերականգնած է բարբարոսներու կողմէ քանդուածը` անիկա ըլլայ եկեղեցի թէ պատմական կոթող: Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, թէ Տէր Զօրի յուշակոթողը ինչպիսի՛ իւրայատուկ տեղ ունի մեր բոլոր յուշակոթողներուն շարքին:

(*) Սըմենթա Փաուըրը իր «Փրոպլըմ ֆրամ Հել» գիրքին մէջ էջեր յատկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>