Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ

$
0
0

Հայաստանի տարածքին օրկանական գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին 86 արտադրողներ:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեանը յայտնեց, որ արտադրողներուն թիւը կարելի եղած է կրկնապատկել Եւրոմիութեան եւ Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով իրականացուող օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրին շնորհիւ:

«Բաւականին հետաքրքրութիւն կայ հայկական օրկանական ապրանքներու նկատմամբ, բայց արտահանման կազմակերպման հիմնական հարցը կապուած է արտադրական ծաւալներու ապահովման հետ», յայտնեց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ կենդանական ծագման օրկանական ապրանքներէն Հայաստան այսօր կ՛արտածէ մեղր եւ խեցգետին: Մեղրի արտածման աշխարհագրութիւնը լայն է` Եւրասիական միացեալ շուկայ,  գլխաւորաբար` Ռուսիա, Չինաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>