Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայկական Արտադրութեան «Խելացի Օրoրոց»-ը Հեքիաթ Պիտի Պատմէ Ու Պիտի Քնացնէ Փոքրիկը

$
0
0

Հայաստանի մէջ արտադրուած է «Cribby» կոչուող բազմագործառոյթ օրօրոցը կարելի է կարգաւորել սմարթֆոնի միջոցով: Նախագիծի հեղինակներէն Սերգէյ Նաւասարդեանը պատմած է, որ ծնողներու կենցաղը դիւրացնող «խելացի» օրօրոց ստեղծելու գաղափարը ունէին շատոնց: Այդ ուղղութեամբ, «Cribby»-ի ծրագրաւորողներէ եւ ձեւաւորողներէ բաղկացած խումբը թափով սկսած է աշխատանքի  2017-ի աշնան: Այժմ կը պատրաստուին հանրութեան ներկայացնելու օրօրոցին նախատիպը:

«Cribby-ն զինուած է տեսախցիկով, կշիռքով, ձայնագրուած գիրքերու նուագարկիչով, որով կարելի է նաեւ լսել յատուկ օրօրոցի համար ձայնագրուած տարբեր ժողովուրդներու օրօրոցայիններ: Այսինքն օրօրոցը, ծնողքի փոխարէն, օրօրոցային «պիտի երգէ», հեքիաթներ «պիտի պատմէ» փոքրիկին», կ՛ըսէ Սերգէյ Նաւասարդեանը:

Ըստ անոր, օրօրոցը կարելիութիւն պիտի տայ տեսակապի, ձայնի եւ օդի սենսըրի միջոցով հեռաւորութեան վրայ հետեւելու փոքրիկին, կառավարելու օրօրոցը` սմարթֆոնի մէջ ներբեռնելով յատուկ յաւելուած:

«Փոքրիկին շարժելուն պէս ծնողը պիտի իմանայ, որ ան արթնցած է: Եթէ լայ, ծնողը առաջինը պիտի իմանայ այդ մասին` ստանալով հաղորդագրութիւն իր հեռախօսին վրայ», կ՛ըսէ ան:

Ըստ Նաւասարդեանին, օրօրոցը կը լուսաւորուի, ունի առաջին անհրաժեշտութեան իրերու համար դարակներ` մանկական խնամքի պարագաներով: Օրօրոցը պատրաստուած է բնութեան համար անվտանգ նիւթերէ: Հիմնականօրէն օգտագործուած է փայտ:

Տեղեկացնենք, որ հայկական շուկայէն զատ նախագիծի հեղինակները օրօրոցը պիտի փորձեն ներկայացնել նաեւ արտասահմանեան շուկաներու մէջ: Ամէն ինչ պիտի ընեն, որ արտադրանքը մատչելի ըլլայ հայ ծնողին համար:

«Անկասկած «Cribby»-ն պիտի գտնէ իր տեղը շուկայի մէջ: Ան պարզապէս շատ հաճելի օգնական է: Իսկ նորածինները, ափսոս, խօսիլ չեն գիտեր, այլապէս անպայման պիտի ըսէին, թէ ի՛նչ լաւ է «Cribby-ն», աւելցուցած է Ս. Նաւասարդեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>