Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

$
0
0

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը կը տեղեկացնէ, որ Մատենադարանի ձեռագիրներուն 25 տոկոսը թուայնացուած է:

Մատենադարանը այս տարի, Գիտութեան պետական կոմիտէին աջակցութեամբ, ձեռք բերած է նոր սարք մը, որ կարելիութիւն կու տայ թուայնացնելու միքրոժապաւէնները:

«Մինչեւ նոր արհեստագիտութիւնները` կ՛օգտագործէինք միքրոֆիլմեր, այսինքն ձեռագիրը կը լուսանկարուէր, եւ յատուկ սարքի միջոցով ժապաւէնին պարունակութիւնը կը կարդացուէր: Այդ սարքը դանդաղ կ՛աշխատէր, բացի այդ, տեսողութեան կը վնասէր: Այսօր ձեռք բերած ենք սարք մը, որ որեւէ միքրոժապաւէն կը թուայնացնէ, եւ մենք համակարգիչով հանգիստ կրնանք կարդալ ժապաւէնին պարունակութիւնը», բացատրեց Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

Յառաջիկայ տարի Մատենադարանի գերմանացի գործընկերները կը ծրագրեն նուիրել սարք մը, որ կարելիութիւն կու տայ կարդալ մագաղաթի վրայ նախապէս եղած ձեռագիրները: Միջնադարուն մագաղաթը սուղ էր, գրուած ձեռագիրները 100-200 տարի ետք, երբ նոր գիրք գրելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջանար, եղածը կը ջնջուէր, անոր վրայ նորը կը գրուէր:

«Այդ ջնջուած գրութիւնը անզէն աչքով չ՛երեւիր, սակայն փոսիկները կը մնան, ահա այս սարքը կարելիութիւն կու տայ անոնք նոյնպէս կարդալու, եւ չի բացառուիր, որ նոր ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ բացայայտուին: Մենք Մատենադարանին մէջ քանի մը տասնեակ կրկնագիրներ ունինք», ըսած է Վահան Տէր Ղեւոնդեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>