Հայաստան 153 երկիրներու շարքին 88-րդ տեղը գրաւած է «Ֆորպզ» թերթին կազմած առեւտրական ձեռնարկութիւններու ղեկավարման վարկանիշով:
Ըստ թերթի տեղեկագրութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն որոշ բարելաւումներ իրականացուցած է հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան մէջ, բայց կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջոցները զգալի չափով անարդիւնաւէտ եղած են:
«Հայաստան պէտք է լրացուցիչ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնէ եւ ամրապնդէ օրէնքի գերակայութիւնը` տնտեսական աճի, տնտեսական մրցունակութեան եւ աշխատատեղերու համար, յատկապէս` նկատի առնելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին տնտեսական մեկուսացումը: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, հաղորդակցութեան միջոցներու անբաւարարութիւնը եւ կարեւոր ոլորտներու մէջ առկայ մենաշնորհները նկատառելիօրէն խոցելի դարձուցած են տնտեսութիւնը համաշխարհային շուկաներու համար», գրուած է «Ֆորպզ»-ի յօդուածին մէջ: Հայաստանի դրացի երկիրներէն ամէնէն աւելի լաւ վիճակի մէջ է Վրաստանը` 52-րդ դիրք: Թուրքիան գրաւած է 56-րդ տեղը, Իրանը` 100-րդ, Ազրպէյճանը` 70-րդ: