ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
«Տուր զէնքերս, քաղցրիկ մայր իմ,
Ես պիտի երթամ,
Տուր մայրական օրհնութիւնդ,
Որ ես զօրանամ»
– Մա՛յր, օրս է հասեր իմ ծառայութեան
պիտի մեկնիմ ես ընկերներուս հետ,
որ հայրենիքիս պարտքս կատարեմ
ու քեզ ապահով կեանք մը պարգեւեմ:
Մեր հայրենիքին ձայնն է սրբազան,
որ զիս կը կանչէ գերբնական կանչով,
որ զինուոր երթամ ու զինք պաշտպանեմ,
որուն ես մերժել չեմ կրնար մարմնով:
Մայրը ափսոսալ չէր կրնար որդւոյն,
ժպիտը դէմքին գրկած էր տղուն,
որ խրոխտ կամքով իր դէմ կանգնած էր
եւ հպարտ կը զգար բանակ երթալուն:
«Ելիր կապեմ սուրը մէջքիդ,
Ասպար կապեմ քու ուսէդ,
Եւ սուրբ դրօշակ հայրենիքիդ
Թող ծածանի աջ թեւէդ»:
– Գնա՛, իմ տղաս, գնա՛, իմ բալես,
գնա՛ ծառայէ՛ հայրենիքին մեր,
որ ժողովուրդը գերի չդառնայ,
օրհնութիւնն իմ թող հետդ ըլլայ:
Ու ճամբու դրաւ մայրը իր տղուն.
երկար նայեցաւ անոր մեկնելուն,
ու երբ ներս մտաւ, իր յուզուած սրտէն
երկու ջինջ կաթիլ ինկան աչքերէն:
……………………………………………
Ու տարիներ ետք տղան տուն եկաւ
ու հպարտ կրծքով մօրը գիրկն ինկաւ
ու համբուրեց զայն տաք համբոյրներով…
– Երկիրը մե՛րն է, մա՛յր,- ըսաւ ժպիտով:
Մայրը խանդավառ սեղմեց իր որդին
ու խանդոտ ձայնով ըսաւ կաթոգին.
– Հպարտ եմ քեզմով, ի՛մ կտրիճ բալես,
թող հայ մայրերը զգան ինծի պէս:
Ուշի ք.