ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Վերջին տասնամեակներուն աչքառու է հայկական խաչքար կանգնեցնելու երեւոյթը Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Մինչեւ այսօր հայկական խաչքարեր զետեղուած են Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Քրաքով, Վարշաւա, Վրոցլաւ, Կտանսք, Էլպլոնկ, Քլեպարք Վիելքի, Ուտճ, Լուպլին եւ այլուր: Խաչքարը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայկական ներկայութիւնը, այլեւ իր քրիստոնէական, հոգեւոր ու գեղարուեստական պարունակին մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ մեր ազգային ներկայութեան լուռ արտայայտիչը, մեր պահանջատիրութեան արդար պայքարի խորհրդանիշը: Խաչքարերու կողքին, հայկական դարաւոր ներկայութիւնը յիշեցնող շատ մը նշմարելի կառոյցներ, նրբանցքներ, ցուցանակներ ու զանազան հետքեր կան նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքին: Այդ բոլորին վրայ նոր ցուցանակ մըն ալ աւելցաւ, երբ Վարշաւայի մէջ 18 սեպտեմբեր 2017 յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան վանական միաբանութեան Ս. Եացէք եկեղեցւոյ մուտքի աջ պատին վրայ զետեղուած «Հայկական նրբանցք» գրութեամբ ցուցանակի բացման արարողութիւնը: Վարշաւայի մէջ հայերու ներկայութիւնը յուշող նման ցուցանակներ տեղադրուած են Լվովի եւ Լեհաստանի Կտանսք քաղաքներուն մէջ, իսկ այս վերջինը, լեհերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած, կը վերյիշեցնէ 15-րդ դարէն ի վեր հայկական ներկայութիւնը Վարշաւայի մէջ. այս ծրագիրի իրագործման մէջ նշանակալից դեր ունեցած է Վարշաւայի Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութիւնը: Ցուցանակի գրութիւնը կը մէջբերէ նաեւ տոմինիքեաններու հետ հայկական յարաբերութիւնները հաստատող կարեւոր փաստեր: Շօշափելի ու ակնյայտ ապացոյց է նաեւ այս եկեղեցւոյ խորանին ձախ կողմի պատին վրայ զետեղուած` 17-րդ դարէն գրաբարով գրուած տապանաքարը: Ցուցանակի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդկար Ղազարեանը, Լեհաստանի հայ թէ լեհական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, լեհ կղերականներ, լեհական պետական անձնաւորութիւններ, ծագումով հայեր եւ հայասէր լեհերու հոծ բազմութիւն մը: Ցուցանակի բացումէն ետք նոյն եկեղեցւոյ մէջ հայ կաթողիկէ պատարագ մատուցեց լեհ քահանայ փրոֆ. Եուզեֆ Նաումովիչը, որ կը ծառայէ հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներուն. պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին լեհ կղերականներ` վրդ. Հենրիք Պուաշչիք եւ հայր Մարեք Միուաւիցքի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ 7 հոգինոց արական երգչախումբի մը կողմէ` խմբավարութեամբ Եագուպ Քոփչինսքիի, որ Վարշաւայի մէջ հայ կաթողիկէ պատարագներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարիներէ ի վեր: Պատարագէն ետք ներկաները հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան:
Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին, Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտի, Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիայի եւ Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան համագործակցութեամբ, Լեհաստանի ծերակոյտին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեհահայեր` 7 դարերու գոյատեւութիւն» համագումարին, որ նուիրուած էր լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակին:
20 յունուար 1367-ին լեհ Մեծն Քաժիմեժ թագաւորին կողմէ Գրիգոր եպիսկոպոսին (մականունը անյայտ ու ըստ պատմագէտներու, հաւանական է, որ ան ըլլայ Սիսի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականներէն մին) շնորհուած արտօնագիրը լեհահայ համայնքի ներկայութեան իրաւական առաջին վաւերագիրն է` ունենալու համար հայկական եպիսկոպոսութիւն Լվովի մէջ: Պէտք է հաշուի առնել, որ Քաժիմեժ թագաւորին կողմէ լեհահայերուն շնորհուած ներքին ինքնիշխանութեան այս արտօնագրէն առաջ հայերը իբրեւ համայնք ու եկեղեցի արդէն գոյութիւն ունեցած են այդ թուականէն մօտ մէկ կամ մէկուկէս դար առաջ, իբրեւ ձեւաւորուած հայկական գաղթօճախ` իր հոգեւորականներով, ինչպէս նաեւ` առեւտրականներով եւ արհեստաւորներով: Պէտք է յուշել նաեւ, որ Մեծն Քաժիմեժ թագաւորին արտօնութիւնը միակը չէ, որ լեհահայերը ստացած են լեհական իշխանութիւններէն պատմութեան ընթացքին:
Համագումարի նախաձեռնողն է ծերակոյտի պատգամաւոր լեհ փրոֆ. Եան Ժարինը: Պատմական բնոյթ ունեցող այս համագումարին բացումը կատարեց Լեհաստանի ծերակոյտի նախագահ Սթանիսուաւ Քարչեւսքին: Բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին նաեւ Լեհաստանի մշակոյթի նախարար եւ փոխվարչապետ փրոֆ. Պիոտր Կլինսքին, ծերակոյտի պատգամաւոր Եժի Ֆելիքս Ֆետորովիչը:
Բացման խօսքի իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հրաւիրեալներ` Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեանը, ՀԲԸՄ Եւրոպայի վարիչ Նատիա Գործունեանը, Պրիւքսելի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը եւ Լեհաստանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ, ծագումով հայ Էտուարտ Միեր Ենտժէյովիչը: Այս տարի Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, լեհահայ համայնքի 650-ամեակի դարաւոր ներկայութեան նուիրուած զանազան իրագործուած թէ ծրագրուած նախաձեռնութիւններու, մշակութային յայտագիրներու, համերգներու, ցուցահանդէսներու, 650 ծառերու ծառատնկումի թէ ընկերային ծրագիրներու կողքին, հայ համայնքի պատուաբեր ներկայութիւնը ապացուցող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր Լեհաստանի նախագահ դոկտ. Անտժէյ Տուտայի հրաւէրով 29 մարտ 2017-ին հայկական համայնքը ներկայացնող հայկական միութիւններու ներկայացուցչութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը: Նախագահի հանդիպումի յայտագրի ընթացքին ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Լեհաստանի նախագահը: Ան իր խօսքին մէջ մեծ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայերու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը լեհական կեանքին մէջ. «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը արձանագրուած է նաեւ Լեհաստանի ժողովուրդի պատմութեան հետ եւ անբաժանելի կերպով կապուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ… Հնարաւոր չէ պատկերացնել Լեհաստանի պատմութիւնը` առանց հայերու բազմադարեայ ներդրումին մեր մշակոյթին, մեր աւանդութիւններուն մէջ», յայտարարեց նախագահ Ա. Տուտան:
Այս համագումարը կը հանդիսանայ լեհական պետութեան բարձրագոյն մակարդակով հայ համայնքի թանկարժէք ներդրումը ապացուցող երկրորդ իրադարձութիւնը:
Պատմական սոյն համագումարին մասնակցեցան հայ թէ լեհ բանասէրներ, մտաւորականներ եւ հրաւիրեալներ: Արեւելահայերէն, անգլերէն ու լեհերէն լեզուներով ներկայացուեցան 13 դասախօսութիւններ` լեհահայ դարաւոր պատմութեան, մշակոյթի, լեհահայերու լեզուի, եկեղեցիներու, հոգեւորականներու կեանքին ու գործունէութեան, լեհահայ համայնքի իրաւական, կազմակերպչական կառոյցի, հայ կամ ծագումով հայերու դիւանագիտական, քաղաքական, մտաւորական, երաժշտական ներդրումներու մասին նիւթեր:
Համագումարի դասախօսութիւնները ներկայացուցին` պատմագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանը, Տաթեւիկ Սարգսեանը, Քշիշթոֆ Սթոփքան, Անտժէյ Ժիենպան, Փիրուզ Մնացականեանը, Անտժէյ Փիսովիչը, Եուզեֆ Նաումովիչը, Ֆրանչիշեք Ժէյքան, Հռիփսիմէ Մամիկոնեանը, Պաւել Սքիպինսքին, Եացեք Խչոնշչեւսքին, Ֆրանչիշեք Վասիլը եւ Եագուպ Օշեցքին: Համագումարի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց պատգամաւոր փրոֆ. Եան Ժարինը: Պէտք է յիշել, որ լեհական տեղւոյն բազմաբնոյթ մամուլն ալ անդրադարձաւ, ծանօթացուց ու արձագանգեց լեհահայերու ներդրումի բազմադարեայ պատմութեան:
Վարշաւայի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին նուիրուած 11-22 սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ – OSCE) ծիրին մէջ գործող Մարդկային չափանիշներու իրականացման համաժողովի (HDIM) համագումարի հանդիպումները, HDIM կը համարուի Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու մեծագոյն համաժողովը: Համաժողովի տարեկան այս համագումարի քննարկումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը, գլխաւորութեամբ Գասպար Կարապետեանի, Եւրոպական խորհրդարանի կապերու ներկայացուցիչ Հեղինէ Էվինեանի եւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ, Վարշաւայի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնին մէջ Հայ դատի պատուիրակութիւնը ունեցաւ քարոզչական լայնածաւալ առաքելութիւն` արծարծելու ու քննարկելու արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու հարցը եւ արցախեան հակամարտութեան գործընթացի ներկայ վիճակը, Ազրպէյճանի հակահայ արշաւի ուղղութիւնները: 20 սեպտեմբեր 2017-ին, համագումարի հանդիպումներուն, Հ. Էվինեան իր ելոյթին ընթացքին ներկայացնելով արցախահայութեան մարդկային իրաւունքները` շեշտեց. «Չլուծուած հակամարտութիւնը կարելի չէ արդարացնել Արցախի ժողովուրդի հանդէպ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած մեկուսացումով: Հիմնարար իրաւունքները նոյնն են բոլորին համար եւ կախուած չեն երկրի կարգավիճակէն»: HDIM-ի հանդիպումներու յայտագրի ընթացքին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ, Հայ դատի անդամները, ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ լուսաբանեցին Արցախի հակամարտութեան հիմնահարցը, արցախահայութեան պահանջատիրութիւնը:
Հարկ է յիշել, որ ԵԱՀԿ-ը կազմուած է Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի 57 անդամ պետութիւններէ, այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ 4 հիմնական ուղղութիւններ` ռազմաքաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական եւ մարդասիրական: Վերոյիշեալ (HDIM) հանդիպումներուն զուգահեռ, հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին Վարշաւայի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնին մէջ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կազմակերպած էր փաստավաւերագրական «Պաշարուածները» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ 1991-92 թուականներու Ստեփանակերտի պաշարման եւ տեղի բնակչութեան կեանքի դժուար կացութեան մասին: Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդկար Ղազարեանը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ արցախահայութեան հիմնահարցի անգլերէն լեզուով քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում, այդ քննարկումին ելոյթ ունեցան ԼՂՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը, Լեհաստանի հանրածանօթ հայագէտ, պատմաբան, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի ազգաբանութեան եւ մշակութային մարդաբանութեան հիմնարկի Եւրոպայի ազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Անտժէյ Ժիենպան եւ նոյն համալսարանի դասախօս Եագուպ Օշեցքին:
Լեհահայերու, ինչպէս նաեւ հայ սփիւռքի պատմութեան մէջ 19 հոկտեմբեր 2017 թուականը դարձաւ եզակի օր մը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էդկար Ղազարեանի ներկայութեամբ Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտը քուէարկեց ու միաձայնութեամբ ընդունեց աննախադէպ ու յատուկ բանաձեւ մը: Նախաձեւին մէջ Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտը հայերը շնորհաւորեց Լեհաստանի մէջ անոնց ձեռքբերումներուն համար` շնորհակալութիւն յայտնելով լեհական մշակոյթի մէջ հայերու ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի պատմութեան մէջ ստեղծագործ ներազդեցութեան համար: Քուէարկութենէն ետք ծերակոյտի պատգամաւորները յոտնկայս ծափահարութիւններով հաստատեցին իրենց որոշումը: 18-20 հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան Լեհաստան այցելութեան շրջանին, բանաձեւի ընդունման զուգահեռ, Լեհաստանի ծերակոյտին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ «Հայերը Լեհաստանի մէջ» ցուցահանդէսին, ուր ելոյթ ունեցաւ Ա. Բաբլոյեանը: Պէտք է յիշել, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մէկ օր առաջ` 17 հոկտեմբեր 2017-ին իր Լեհաստան այցելութեան ժամանակ, ծերակոյտի մէջ այս ցուցահանդէսի պաստառներուն մէջէն անցնելով, անպայման «հաճոյքը» ապրեցաւ տեղեկութիւններ լսելու ու մանրամասնութիւններ տեսնելու լեհահայերու 650-ամեակի դարաւոր ու պատուաբեր գոյատեւութեան մասին:
Ճիշդ է, որ Վարշաւայի հայկական նրբանցքին ցուցանական ու լեհահայութեան 650-ամեակի ինքնիշխանութեան նուիրուած այլազան նախաձեռնութիւնները եւ Լեհաստանի նախագահին հրաւէրը, ծերակոյտի համագումարն ու բանաձեւը ակնյայտ ապացոյցներ են լեհահայութեան դարաւոր ներկայութեան ու անոր ստեղծագործ ներդրումներուն համար եւ կ՛ամրապնդեն հայկական պատմական ներկայութիւնը, գործօն դերակատարութիւնը Եւրոպայի մէջ, սակայն ամէնէն հիմնականը այն է, որ այդ իրադարձութիւնները պէտք է արժեւորել իբրեւ Լեհաստանի պետութեան կողմէ հայերու ստեղծագործ գոյատեւութեան ուշագրաւ ճանաչում, իրողութիւն մը, որ պէտք է ըլլայ նոյնպէս օրինակելի ու աննախադէպ` այլ երկիրներու համար, ուր հայեր իրենց դարաւոր ու պատուաբեր գոյատեւութեամբ միշտ շէնցուցած ու ստեղծագործած են: