Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան 74-րդ Տարեդարձը

$
0
0

Երեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ատենամարզանք: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Դուին Էքշեանը: Ան ըսաւ, որ բանաստեղծները միշտ ալ գովերգած են Լիբանանը ու անոր ուրախալի առիթները, մանաւանդ` իւրայատուկ տօնը անկախութեան, որ յիշատակն է ազատութեան եւ արժանապատուութեան: Ան ըսաւ. «Բոլորս կը մեծնանք մեր հայրենիքով ու հայրենիքը կը մեծնայ մեզմով, կ՛ուրախանանք իրեն համար, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` կրցաւ դիմադրել ու տոկալ եւ անկարելին իրագործել իր անկախութեամբ եւ ժողովուրդին միասնականութեամբ»:

Յայտագիրի առաջին բաժինով մանկապարտէզի աշակերտները լիբանանեան հայրենիքին ու դրօշակին նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ կատարեցին հայերէնով եւ արաբերէնով: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները եւ հանդէս եկան բանաստեղծութեամբ, արուեստից բաժանմունքէն խումբ մը` երգով, 6-րդ կարգի աշակերտները` թատերական երաժշտախառն ներկայացումով, 2-րդ, 3-րդ եւ 5-րդ դասարանի աշակերտները` երգերով, 4-րդ եւ 7-րդ դասարանները` ասմունքներով, իսկ 8-րդ դասարանը` լիբանանեան զաժալով:

Օրուան հիւրը` զօրավար Մանուէլ Քիրեճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ անկախութիւն կը նշանակէ` որոշել ազատութիւն ունենալ, առանց որեւէ կողմի միջամտութեան: Ան ըսաւ, որ 1943-ին լիբանանցիները անկախութիւն ձեռք բերին իրենց հայրենիքին համար, որ կը բաղկանայ հողէ ու ժողովուրդէ. ժողովուրդն է, որ կը պահպանէ իր երկրին հողը: Պետութիւնը իր կարգին տէր կը կանգնի անկախութեան, որպէսզի ժողովուրդը ապրի արժանապատուութեամբ: Ան մղեց աշակերտները` որպէս նոր սերունդի անդամներ, սատարելու անկախութեան պահպանման` ուսումի եւ աշխատանքի ճամբով, այդպիսով ծառայելով հայրենիքին: Ան նաեւ վեր առաւ բանակին դերը, որ ոչինչ կը խնայէ պաշտպանելու համար երկիրը եւ անոր անկախութիւնը: Ապա աշակերտները դիտեցին զօրավարին ներկայացուցած տեսերիզը` բանակի սխրագործութիւններուն մասին:

Վարժարանի տնօրէն Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ըստ փիլիսոփաներուն, Աստուած սիրողը կը սիրէ նաեւ իր հայրենիքը, ուստի բոլորս կոչուած ենք պահպանելու այս գեղեցիկ երկիրը, տէր կանգնելու եւ ծառայելու մեր երկրորդ հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ այս էր այսօրուան հանդիսութեան պատգամը, միաժամանակ շնորհաւորելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով այս յայտագիրը պատրաստած ուսուցիչներուն եւ զայն ներկայացուցած աշակերտներուն:

Աւարտին, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ զօրավար Քիրեճեանին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>