ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դաշնակցական պատանի ըլլալ` չի նշանակեր միայն ակումբ երթալ եւ ընկերներով լաւ ժամանակ անցընել: Բայց ի՞նչ են պատանիին յատկանիշները, որոնցմով կարելի է զինք զանազանել միւս պատանիներէն:
Հայ վարժարաններու կողքին, ակումբներու մէջ ան կը ստանայ յաւելեալ գիտելիքներ մեր ազգին մասին, ֆետայիներուն, «Նեմեսիս»-ի գործողութեան, արցախեան շարժման եւ հայրենիքին հետ վերաբերող այժմէական նիւթերու մասին:
Ան կը սորվի պատասխանատու ըլլալ իր ստանձնած պարտականութիւններուն հանդէպ ու կը փորձէ միշտ լաւագոյն կերպով կատարել զանոնք: Ան կը սորվի նաեւ ըլլալ` գաղտնապահ, ծառայասէր ու սրտով մաքուր անձ, միշտ պատրաստ` ըլլալ ոեւէ անձի օգնութեան փութալու որեւէ ժամու:
Բանակումներու շնորհիւ` անոր գաղտնապահութեան վրայ կ՛աւելնան չարքաշութիւնն ու նորանոր գիտելիքները:
Պատանեկան միութիւններու միջեւ տեղի ունեցող խրախճանքները, մարզական օրերը եւ նմանօրինակ գործունէութիւնները կ՛աւելցնեն դաշնակցական պատանիին մէջ ընկերասիրական ոգին: Միայն տեսնէք, թէ ան որքա՜ն կը սիրէ դաշնակցական եւ ոչ դաշնակցական ընկերները: Ան հազիւ իմանայ, թէ անոնցմէ մէկը դժուարութեան մատնուած է, շուտով կը փութայ անոր օգնութեան:
Այս բոլորով հանդերձ, դաշնակցական պատանին կը զանազանուի միւս պատանիներէն` հետեւեալով. նախ եւ առաջ` իր կեցուածքով ու վարուելակերպով: Ան միշտ յարգանքով կը վարուի իրմէ տարիքով մեծ կամ պաշտօնով բարձր անձերուն հետ, ինչպէս սորված է ակումբին մէջ: Ան նաեւ հնազանդ ու պատրաստ է իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները կատարելու:
Ապա կու գան` ակումբներուն մէջ ստացուած դաստիարակութիւնը, որ պատանիին մէջ կ՛արթնցնէ պահանջատէր հայը, իր իրաւունքները գիտցող եւ պահանջող հայը, հայրենասէր եւ հայրենիքի կարօտով լեցուն հայը Հայ դատի իրագործման նպատակով պատրաստուած հայը, որ կը սկսի պատանի տարիքէն երազել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մասին ու կը գործէ ըստ այնմ, մինչեւ հասնի այդ երազին:
Այսօր բոլոր ակումբներուն մէջ դաստիարակուող պատանիները պիտի ըլլան նոր սերունդի կարեւոր մասնիկները: Պիտի շարունակեն նախորդներուն բոլոր աշխատանքները ու բանան նոր ճամբաներ` իրենց յաջորդող սերունդներուն, իրենց նման պահանջատէր սերունդներուն: Եւ պիտի չդադրին, մինչեւ որ հասնին իրենց նպատակին` մեր բոլորի երազին` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքին:
ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պ.Մ.