Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատանիի Օր

$
0
0

Կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» կարգախօսով «Պատանիի օր»-ը, որուն ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի պատանիներու խոստման արարողութիւն: Շուշիի ազատագրման 25- ամեակին նուիրուած պատանիի օրուան ընդմէջէն, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւնները կու գան անգամ մը եւս իրենց խոստումը վերանորոգելու` կառչած մնալու մեր արժէքներուն, մեր Դատին ու մեր բոլորիս տեսլականին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

Համաշխարհայնացման ու նորօրեայ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն դիմաց Պատանեկան միութիւնները կը կանգնին անսասան, կը հաստատեն, որ իրենք կը շարունակեն մնալ մեր հայորդիներուն, ծնողներուն, ու հայ դպրոցին կողքին: Պատանեկան միութիւնները այն դաստիարակչական դպրոցն են, ուր կը կատարուի իր լաւագոյնը` պատանիներուն տալու համար հայեցի դաստիարակութիւն, զանոնք քաջատեղեակ դարձնելու հայոց պատմութեան ու մեր արժէքներուն:

Աւելի՛ն. Դաշնակցական դաստիարակութեան կողքին, Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինն ու վարիչ կազմերը տարեկան իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնեն այլազան ծրագիրներու` դիմելով մասնագիտական դասախօսութիւններու, զրոյցներու, միացեալ ժողովներու, սեմինարներու, բանակումներու ու այլ ձեռնարկներու` թիրախ ունենալով կերտել առողջ մարմնով, արթուն միտքով եւ յոռի երեւոյթներէ հեռու պատանիներ: Այս եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպէս` կերտելով կարգապահ ու օրինակելի սերունդներ` ի շահ հայութեան ու հայրենիքին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>