ԿԱՐԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
8 տարիներ առաջ հրաւիրուած էի Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան կազմակերպած ձեռնարկին:
Դպրոցին մէջ դաշնակցական պատանի բոլոր ընկերներս կը համոզէին զիս, որ ես ալ մաս կազմեմ պատանեկան միութեան շարքերուն: Ինծի կը պատմէին, որ իրենք շաբաթ օրերը ակումբին մէջ ժողով կը գումարեն, ազատ ժամերուն միասնաբար կը խաղան եւ ուրախ ժամանակ կ՛անցընեն: Բայց այս խօսքերը բաւարար չհանդիսացան ինծի` մինչեւ մասնակցիլս վերոյիշեալ ձեռնարկին:
Տակաւին կը յիշեմ այն հրաշալի գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստած էին «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան ընկերները, որոնք յաջորդ շաբաթն իսկ դարձան ընկերներս:
Շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զիս հիւրնկալեցին եւ յաջորդող 3 շաբաթներու ընթացքին արդէն դարձան մտերիմ ընկերներս:
Տարիները անցան, եւ ես եղայ երէց պատանի. ահաւասիկ կը թեւակոխեմ 4-րդ տարիս` որպէս երէց պատանի:
Պատանեկան միութեան մեծ ընտանիքին մէջ իմ անցուցած այս 8 տարիներուն ընթացքին ես համոզուեցայ, որ ո՛չ մէկ միութիւն, ո՛չ մէկ դպրոց, ո՛չ մէկ պատանեկան կազմակերպութիւն կրնայ դաստիարակել պատանի մը, ինչպէս որ ես ու ընկերներս դաստիարակուած ենք ու կը շարունակենք դաստիարակուիլ պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ:
Պատանեկան միութիւններու շարքերուն միացած բոլոր պատանիները ունին դաշնակցական պատանի ըլլալու առաւելութիւնը:
Այո՛, մենք եւ ուրիշ հայ պատանիներ ունինք նոյն նախասիրութիւնները, նոյն զբաղումները, բայց կը տարբերինք դաշնակցական պատանիի դաստիարակութեամբ:
Մոլութիւնները, դժբախտաբար, հարուածած են բոլոր ազգերու երիտասարդներն ու պատանիները: Անոնք պատճառ կ՛ըլլան, որ պատանիին կեանքը դժուար փուլի մը դիմաց գտնուի: Այս պարագային օգնութեան կը հասնին Դաշնակցական պատանեկան միութիւններու վարիչներն ու վարիչուհիները, որոնք գիշեր-ցերեկ կը հետեւին պատանիներու քայլերուն, կը հսկեն անոնց ապահովութեան եւ ուժ կու տան դիմագրաւելու ու յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:
Ես կը հաւատամ, որ դպրոցը չի կրնար տալ այն դաստիարակութիւնը, որ կու տայ այսօր Պատանեկան միութիւնը` հայ պատանիին: Եւ այսպէս, կը կազմաւորուի իտէալ հայն ու արժանի ժառանգորդը հայ ազգին:
Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ իմ հասակակիցներուս` մասնակցելու «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութեան ու ապա` միանալու դաշնակցական պատանիի շարքերուն եւ դաստիարակուելու հայաշունչ միջավայրի մը մէջ` հեռու մոլորութիւններէ ու միասնաբար շարունակելու դաշնակցական պատանիի սուրբ երթը:

ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ-ՍԵՐԳԷՅ»
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ