ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Այսօր` 24 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համրայի «Տար մուսաուըր»-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միթսուքօ Սանոյի «Եղիցի լոյս» մենացուցահանդէսը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Սանճաք քեմփին:
«Թէեւ շատ նկարներ ունիմ Պուրճ Համուտի մասին, աւելի քան` 3000 նկար, բայց ցուցահանդէսին ստիպուած էի ցուցադրել միայն 20-25 նկար: Զտումի աշխատանքը շատ դժուար էր, բայց գիտէի, որ կ՛ուզէի ընտրել Սանճաք քեմփին նուիրուած գործերս», յայտնեց արուեստագէտը, երբ միասին նստած`կը զրուցէինք իր գործերուն մասին:
«Երբ նկարներս տեսնէք, պիտի հասկնաք, թէ ինչո՛ւ ընտրած եմ «Եղիցի լոյս» վերնագիրը. Սանճաքի փողոցները նեղ են, իսկ շէնքերը` բարձրայարկ. անոնց պատերուն վրայ արեւու ճառագայթները քիչ կ՛արտացոլան, բայց երբ հասնին, շատ խորհրդաւոր պատկեր մը կը ստեղծեն: Ես այդ պահերը անմահացուցած եմ լուսանկարչական գործիքովս», կը բացատրէ Սոմա: «Խորքին մէջ մարդիկ կեդրոնական տեղ չեն գրաւեր լուսանկարներուս մէջ, բայց գոյութիւն ունին խորապատկերին մասին մէջ: Կը տեսնէ՞ք այս նկարը, հրաշալի պահ մըն էր, եւ` բոլորովին անսպասելի». խօսքը մենացուցահանդէսի թռուցիկին նկարին մասին է: Հոն կ՛երեւի փոքրիկ աղջնակ մը, կռնակին` հրեշտակի թեւեր, կը վազէ Սանճաքի փողոցներուն մէջ: Նկարը սեւ ու սպիտակ է, իսկ աղջնակը` շարժումի մէջ: «Այս օրը Բարեկենդանի տօնն էր, անշուշտ տեղեակ չէի, հրաշքի պէս կախարդական այս աղջիկը յանկարծ վազեց մօտէս, եւ ես շուտով նկարեցի: Այս աղջիկը չէ լուսանկարիս կեդրոնը, այլ` այն պահը, որ կը ստեղծուի աղջկան` հոնկէ վազելուն ընթացքին», ըսաւ արուեստագէտը:
Ճափոնցի արուեստագէտ Միթսուքօ Սանօ իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Քէօ համալսարանէն` մամուլի եւ կառավարութեան ճիւղին մէջ (Media and Governance), մասնագիտանալով արաբական ֆիլմարուեստի պատմութեան մէջ: 2006-2012 թուականներուն ան դասաւանդած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` միաժամանակ դաշտային աշխատանք տանելով Լիբանանին մէջ: Այս փուլէն ետք Ճափոնի մէջ ուսումը շարունակած է Քիոթօ արուեստի համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով լուսանկարչութեան մէջ: Իր աւարտական աշխատանքը, «Էքզոթիքա» վերնագիրով, արժանացած է համալսարանի նախագահական մրցանակին (President’s Award), 2015 թուականին:
Բայց ինչո՞ւ անհատ մը հետաքրքրուած կրնայ ըլլալ Սանճաք քեմփով եւ մուտք կը գործէ անոր նեղ ու հին փողոցներուն մէջ. Սանօ կը պարզէ. «Լսած էի Պուրճ Համուտի մասին եւ միշտ ալ կ՛այցելէի: Երբ յանդգնեցայ Սանճաք քեմփ այցելել, հոգեպէս պատրաստուած էի, որ զիս պիտի վտարեն հոնկէ. նոյնիսկ հետս փոխնորդ վերնաշապիկ ալ տարած էի, որպէսզի եթէ զիս հաւկիթով դիմաւորեն, կարենամ փոխել հագուստս: Իրականութեան մէջ գիտեմ, որ տարօրինակ կրնայ ըլլալ զբօսաշրջիկի նման պտտիլ քեմփի փողոցներուն մէջ եւ մեծ լուսանկարչական գործիքով մարդոց առօրեան նկարել, բայց զիս լաւ ընդունեցին անոնք, եւ ես 2013 թուականէն սկսեալ շարունակ այցելութիւններ տուի հոն»:
«2011 թուականին Միջին Արեւելքի մէջ սկսաւ այն, ինչ որ «Արաբական գարուն» կոչուեցաւ այդ ժամանակաշրջանին, միեւնոյն ժամանակ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցան բնական աղէտներ: Ես` որպէս ճափոնցի, որ արաբական մշակոյթով ու արուեստով կը զբաղիմ, չէի կրնար չազդուիլ այս բոլորէն: Ես ինքզինքս կը նկատեմ այս երկու վայրերուն պատկանող, հետեւաբար չէի կրնար իմ արտադրողականութիւնս հոն չծառայեցնել: Այս բոլորին մէջ որոշեցի պատմութեան էջերուն մէջ խորանալ եւ աւելի անցեալ երթալ, քան` Սուրիոյ պատերազմը: Գացի դէպի հայ գաղթականներուն պատմութեան էջերը: Ես Սանճաք քեմփը լուսանկարելով` կապ մը ստեղծեցի այլազան աղէտներէ տուժածներու միջեւ. ես իմ ժողովուրդիս աղէտը զգացի, ապրեցայ ու տագնապեցայ, երբ տեսայ Սանճաք քեմփի բնակիչներուն առօրեան: Ասիկա ինծի յոյս եւ լոյս տուաւ: Ատոր համար ալ նաեւ` «Եղիցի լոյս»: Ես պէտք ունէի Ճափոնէն ֆիզիքապէս հեռու գտնուած ժամանակամիջոցիս հեռու չմնալ ժողովուրդէս», կը նշէ արուեստագէտը:
Միթսուքօ Սանօ կը շարունակէ. «Պէյրութի յատկութիւնը այն է, որ ան հիւրընկալ քաղաք եղած է, ընդունած է հայ, պաղեստինցի եւ ներկայիս Սուրիոյ գաղթականները: Հետաքրքրական է նաեւ Պուրճ Համուտի ուժականութիւնը. Պուրճ Համուտը, ներառեալ` Սանճաք քեմփը, իրենց դռները բացած էին նաեւ սուրիացի գաղթականներու դիմաց: Սանճաք քեմփն ալ ունի իր ուժականութիւնը, ես այս լուսանկարներս տպեցի Սանճաք քեմփին մէջ գտնուող լուսանկարչատան մը մէջ, իսկ մենք քեմփէն քիչ մը անդին, սրճարանի մը մէջ նստած, անոր մասին կը զրուցենք: Սանճաք քեմփը ինծի առիթ տուաւ արտադրելու այս աշխատանքը ու նաեւ վերարտադրեց այդ գործը իրմէ ծնած լուսանկարիչի մը տպարանէն: Իսկապէս հրաշալի բան մըն է»:
Միթսուքօ Սանոյին հետ կը շարունակենք զրուցել Սանճաք քեմփի անցեալին ու նոր ծրագիրին մասին եւ ընդհանրապէս քեմփերէ վերածնած հայ ժողովուրդին մասին: Կ՛ափսոսանք, որ մեր աչքերով նկատուած Սանճաք քեմփի գեղեցկութիւնն ու արտադրողականութիւնը մնացած է միայն արուեստի սահմաններու մէջ: Այնուամենայնիւ, Միթսուքօ Սանոյի Սանճաք քեմփին նուիրուած «Եղիցի լոյս» մենացուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 6, ամէն օր, բացի կիրակի օրերէն, առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00, իսկ շաբաթ օրերը` մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: