Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. «Դրախտային Փաստաթուղթե՞ր», Թէ Դժոխային Արարքներ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

5 նոյեմբեր 2017-ին գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթը հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց արտահոսուած տուեալները շարք մը միլիոնատէր անհատներու եւ մեծ ընկերութիւններու, որոնք տուրքեր չվճարելու միջոցով խուսափած են իրենց պարտքը կատարել հասարակութեան նկատմամբ` իրենց բաժնեմասի մասնակցութիւն բերելով հանրութեան եւ մանաւանդ ընկերութեան զրկուած տարրերու օգտին:

«Դրախտային փաստաթուղթեր»-ը բացայայտեցին, որ փախուստ տալու համար հարկերու վճարումէն կամ փտածութեան որեւէ այլ հարցէ` մարդիկ կամ ընկերութիւններ իրենց գումարները կը փախցնեն ծովէն անդին եւ ուրիշներու անունով կեղծ ընկերութիւններու հաշիւներուն մէջ կը դնեն զանոնք:

Այս արարքները «դրախտային» կոչուեցան,քանի որ հարկային ապաստարան դարձան: Մեծ ընկերութիւններուն եւ միլիոնատէրերուն համար դրախտային կը նկատուի այդ երեւոյթը («Պի. Պի. Սի.):

«Սիւտէօչէ Ցայթունկ» ներկայացուց ամօթալի ցանկ մը` համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու, որոնք օգտագործած են անդրծովային ներդրումները` փախուստ տալու համար իրենց պետութիւններուն մէջ հարկ վճարելու պարտաւորութենէն: Ամօթալի այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւններն են` «Ֆէյսպուք», «Թուիթըր», «Էյփըլ», «Ուոլթ Տիզնի», «Նայք», «Ալլեանզ», «Մաքտոնալծ», «Եահու» եւ համաշխարհային հռչակաւոր այլ ընկերութիւններ, որոնք ժամանակին կը կոչուէին «համաշխարհայնացման անիւը յառաջ մղող ուժեր», իսկ այսօր, «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ու հետազօտութիւններուն շնորհիւ, փաստուեցան «համաշխարհայնացման» անարդար երեւոյթները` զայն «յառաջ մղող ուժերուն» անբարոյ ոճիրներով: Կ՛երեւակայէք, չէ՞ թէ որքա՛ն երեխայ պիտի կարենար դպրոց յաճախել, կամ որքա՛ն հիւանդ պիտի կարենար հիւանդանոց մտնել, եթէ արդարութեամբ վճարուէին հարկերը:

Ամօթալի ցանկը չի վերջանար յիշեալ ընկերութիւններով, այլ անոնց կը հետեւին անունները հարստահարող անհատներու, որոնք օգտագործելով իրենց բարձր պաշտօններն ու դիրքերը` հարստութիւն դիզեցին եւ կրկնապատկեցին իրենց եկամուտները: Խուսափելով ենթարկուիլ «բարձր եկամուտ ունեցողները կը վճարեն բարձր հարկեր» սկզբունքին` հարստահարող անհատները իրենց գումարները փախցուցին անդրծովային կղզիներ: Հարկերու վճարումէն փախուստ տուող նշանաւոր անհատներն են` Մեծն Բրիտանիոյ  Էլիզապեթ Բ. թագուհին, գահաժառանգ Չարլզ իշխանը, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի երկու որդիները` Էրքամն ու Պիւլենթը եւ այլ անհատներ:

«Դրախտային փաստաթուղթեր»-ու արտահոսուած տեղեկութիւնները մեծ արձագանգ գտան աշխարհի չորս ծագերուն եւ մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, որոնց կառավարութեան գլուխները կամ հոն կեդրոնացած համաշխարհային ընկերութիւնները կապ ունին այդ փաստաթուղթերուն հետ: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի Դեմոկրատական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կատարած հարկային բարեփոխումները, որոնց հիման վրայ կը նուազին մեծ ընկերութիւններու եւ մեծահարուստներու եկամուտներուն վրայ դրուած հարկերը: Իր կարգին, ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին ըսաւ. «Մեր ժամանակաշրջանի հիմնական հարցը միջազգային սակաւապետութեան արագ շարժումն է, որուն միջոցով քանի մը միլիառատէրեր կը գերիշխեն համաշխարհային տնտեսութեան եւ կը սեփականացնեն զայն: «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ը ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս այս միլիառատէրերն ու համաշխարհային մեծ ընկերութիւնները կը հարստանան` թաքցնելով իրենց հարստութիւններն ու շահերը եւ խուսափելով վճարել իրենց հարկային արդար բաժինը»:

Ամէնէն ցնցիչ երեւոյթը Մեծն Բրիտանիոյ թագաւորական պալատի երկու մեծ գլուխներու (Էլիզապեթ Բ. թագուհի եւ գահաժառանգ Չարլզ իշխան) հարկային փախուստն էր: Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերեմի Քորպին այս առիթով Համայնքներու պալատին (խորհրդարան) մէջ յայտարարեց. «Մեր դպրոցներուն ելեւմուտքերուն մէջ բաց կ՛արձանագրուի, յաւելեալ մարդիկ կը սպասեն իրենց կարգին` ազգային առողջապահութեան ծառայութեան մէջ (պետական հիւանդանոց), յաւելեալ տարեցներ եւ հաշմանդամ մարդիկ չեն ստանար այն ընկերային ծառայութիւնը, որուն կարիքը ունին: Վարչապետը հարց կու տայ, թէ ընդունելի՞ է հարկային վճարումներէ փախուստը. հոս կանոն մը կայ մեծահարուստներուն, ուրիշ մըն ալ` բոլորի՞ս վրայ կիրարկուող»:

Ինչ կը վերաբերի մեր շրջանին (Միջին Արեւելք), կը հանդիպինք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքին, ուր վարչապետը իր դիրքը օգտագործած  եւ փտածութեան մէջ թաթխուած է իր զաւակներով միասին: Ութ ընկերութիւններ, որոնք կը պատկանին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի զաւակներուն, ընդգրկուած են հարկային փախուստներու գայթակղութեան մէջ: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ կ՛առաջարկէ հետաքննութիւն բանալ այս հարցով, բայց դժբախտաբար այս առաջարկը  կը մերժուի իշխող կուսակցութեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) ձայներով: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու կը դատապարտէ Եըլտըրըմը` բացագանչելով. «Քաղաքական գործիչը պէտք է օրինակ դառնայ քաղաքացիին: Եթէ բան մը կ՛ուզես քաղաքացիէն, նախ պէտք է դուն կատարես իբրեւ քաղաքագէտ: Եթէ ժողովուրդէն կը պահանջես հարկերու վճարում, ինչո՞ւ դուն չես վճարեր»:

Բոլոր բացայայտուած փաստաթուղթերը ակնյայտօրէն ցոյց կու տան մեծ ընկերութիւններու եւ միլիառատէրերու հարստութեան աղբիւրը: Այս փաստաթուղթերը հարց կը բարձրացնեն ներկայիս համաշխարհայնացման անիւով յառաջ ընթացած աշխարհի նոր-ազատական համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու իմաստով: Սկսելով Փանամայէն եւ հասնելով «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ուն` աշխարհը այլեւս պէտք է արթննայ եւ «հսկողութիւն» հասկացողութիւնը գործադրէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>