Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսաւ ֆրանսերէն լեզուով «Les Arméniens du Liban. Cent ans de présence» «Հայերը Լիբանանի մէջ. հարիւրամեայ ներկայութիւն» հսկայածաւալ աշխատութիւնը` հեղինակութեամբ Քրիստին Պապիկեան-Ասսաֆի, Քարլա Էտտէի, Լեւոն Նորտիկեանի, Վահէ Թաշճեանի: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ գիրքի հեղինակներէն Լեւոն Նորտիկեանին եւ Վահէ Թաշճեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու գիրքի հրապարակման աշխատանքներուն, բովանդակութեան եւ ներկայացուցած արժէքին:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս յղացաք գիրքի պատրաստութեան գաղափարը:
ԼԵՒՈՆ ՆՈՐՏԻԿԵԱՆ.- «Հայերը Լիբանանի մէջ» նիւթին շուրջ մեր երկրորդ գիրքն է, որ կը հրատարակենք: Առաջինը ասկէ մօտաւորապէս 10 տարի առաջ հրատարակած ենք, որ գաղթականական շրջանին յատկացուած էր: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով ուզեցինք նոյն վերնագիրով նոր գիրք մը հրատարակել, այս անգամ` արդի շրջանին մասին խօսելու համար: Այս էր նպատակը. գիրքը պէտք էր հրատարակուէր 2015-ին, բայց օրէ օր աւելի ծաւալ առաւ եւ հազիւ երկու տարի ետք յաջողեցանք 500 էջնոց գիրքը 350 լուսանկարներով հրատարակել: Նման գիրք մը նախ ծախսալից է, ապա խմբագրման երկար աշխատանքի կը կարօտի: Գիրքի հրատարակութեան ծախսերուն մէկ մասը բարերար Վարուժ Ներկիզեանը ապահովեց, միւս մասն ալ` Սեն Ժոզեֆ համալսարանը: Յիշեմ, որ ասիկա հայերուն յատկացուած հինգերորդ հատորն է, որ կը հրատարակուի Սեն ժոզեֆ համալսարանի հրատարակչատան մէջ:
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Այս հատորը ձեւով մը շարունակութիւնն է առաջին հատորին, որ լոյս տեսաւ ասկէ մօտաւորապէս 10 տարի առաջ նոյն գլխաւոր վերնագիրով` «Հայերը Լիբանանի մէջ. (ապաստանարանի մը փնտռտուքին մէջ)», որ աւելի շատ կը կեդրոնանար Լիբանանի մէջ հայութեան սկզբնական ժամանակաշրջանին վրայ, թէ` հայերը ինչպէ՛ս հաստատուած են Լիբանան, հայութեան գաղթակայանները, նոր թաղամասերու շինութիւնը, առաջին դպրոցները եւ այլն իսկ տասը տարի ետք լոյս ընծայեցինք այս հատորը: Չենք կրնար ըսել, որ երկու հատորները զիրար կ՛ամբողջացնեն, որովհետեւ կան տակաւին բազմաթիւ նիւթեր, եւ դժբախտաբար առիթ չեղաւ արծարծելու երկու հատորներուն մէջ. գոնէ ըսենք, որ նոր հրատարակութիւնը ձեւով մը շարունակութիւնն է հինին եւ որոշ չափով կ՛ամբողջացնէ առաջին հատորը, որ լոյս տեսաւ ասկէ 10 տարի առաջ, նոյն համալսարանին կողմէ :
«Ա.».- Գիրքի պատրաստութեան համար ի՞նչ աղբիւրներ օգտագործած էք:
Լ. Ն.- Գիրքը կը պարունակէ 350 նկար, ինչ որ հազուադէպ բան մըն է: Այս նկարներուն մեծամասնութիւնը Սեն Ժոզեֆ համալսարանի լուսանկարչական անտիպ արխիւներէն վերցուցած ենք. օրինակ, տարբեր ժամանակաշրջաններու Պուրճ Համուտի նկարներ կան` 20-րդ դարու սկիզբը, 30-ական թուականներուն, 50-ական թուականներուն եւ մօտաւորապէս 2000 թուականին: Երկու մակարդակով կարելի է գործածել այս գիրքը, նախ` յօդուածները կարդալով, ապա` նկարները, որոնք ինքնին մեծ պատմութիւն մը կը պատմեն:
Վ. Թ.- Կ՛ուզեմ շեշտը դնել նաեւ աղբիւրներու հարստութեան վրայ:Հայերու պատմութիւնը Լիբանանի մէջ դժբախտ եւ ողբալի պատմութիւն մը եղած է սկզբնական շրջանին, երբ որպէս գաղթական հաստատուած են գաղթակայաններուն մէջ, բայց առաւելութիւնը այն է, որ բազմաթիւ օտար եւ ոչ օտար կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ աշխատած են այս գաղթականներուն հետ` իրենց գաղթականի կեանքէն մինչեւ նոր թաղամասերուն մէջ հաստատուիլը: Օտար կազմակերպութիւններու շարքին կարելի է նշել Ֆրանսական հոգատարութեան հաստատութիւնը, որ պետական հաստատութիւն էր. անոր արխիւներուն մէջ բաւական նիւթ կայ այս մասին, այսինքն` ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ: Այն ժամանակ կար նաեւ «Լիկ աֆ նէյշընզ»-ը, որ այսօրուան ՄԱԿ-ն է, եւ որուն կեդրոնը Ժընեւ էր, ուր գրասենեակ մը ունէին` Նանսէնի գրասենեակը, որ կը զբաղէր գաղթականական հարցերով, եւ Լիբանանի մէջ հայերու հաստատման հարցին առնչութեամբ ահագին աշխատանք տարած է: Հոն ալ հսկայական արխիւային նիւթեր կան: Եղած են նաեւ միսիոնարական հաստատութիւններ, օրինակ`«Նիր իսթ ռիլիֆ»-ը եւ ուրիշներ, որոնք զբաղած են որբերով, եւ որոնք հայութեան վերաբերեալ հսկայական նիւթ ունին: Եղած են նաեւ ամերիկեան, անգլիական, գերմանական, դանիական հաստատութիւններ, որոնք նոյնպէս իրենց արխիւները ունին հայերու վերաբերեալ: Հայկական դիտանկիւնէն եթէ նայինք, պիտի տեսնենք, որ կան հայրենակցական միութիւնները, որոնք աշխուժ մասնակցութիւն բերած են սկզբնական շրջանին, որովհետեւ այն ժամանակուան հայկական ընկերութեան հիմքը հայրենակցական միութիւններն էին, որոնք իրենց հայրենակից որբերով կը զբաղէին, հայրենակից երեխաներուն համար դպրոց կը բանային, եկեղեցի կը կառուցէին թաղամասերուն մէջ, ուր հաստատուած են, այսինքն կան նաեւ հայրենակցական միութիւններու արխիւներու հարստութիւնը. կան նաեւ ՀԲԸՄ-ի արխիւները 20-ական, բայց աւելի շատ 30-ական թուականներուն. երբ Խորհրդային Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խզուած էին, փոխանակ այնտեղ մարդասիրական աշխատանք տանելու` ՀԲԸՄ-ը կեդրոնացան աւելի շատ Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ: Հսկայական նիւթ կայ բարեգործականի արխիւներուն մէջ Լիբանանի հայերու պատմութեան վերաբերեալ: Ասոնց կողքին, հսկայական լուսանկարչական նիւթ կայ, որոնցմէ ամենահարուստներէն մէկը Յիսուսեան հայրերու Սեն Ժոզեֆ համալսարանի գրադարանն է: Ձեւով մը փորձած ենք մէկտեղել այս հարստութիւնները. այս հարստութիւններուն մէկ մասնիկն է մեր հրատարակած գիրքը, որովհետեւ այս արխիւներով կարելի է հատորներ լոյս ընծայել, այս իմաստով ալ լուրջ աշխատանք մըն է հրատարակուած գիրքը:
«Ա.».- Ի՞նչ կը բովանդակէ գիրքը, ո՞ւր հրատարակուած է եւ ինչո՞ւ ֆրանսերէն:
Լ. Ն.- Գիրքը չորս բաժիններէ բաղկացած է. առաջին բաժինը` հայերու մասնակցութիւնը Լիբանանի ընկերաքաղաքական կեանքին, որ կ՛ընդգրկէ քաղաքական կեանքին վերաբերեալ յօդուածներ, երկրորդը` անձնական եւ հաւաքական ուղիներ, որ անհատներու կեանքին ընդմէջէն Լիբանանի պատմութեան անդրադարձն է, օրինակ` Խաչիկ Պապիկեանի, Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սարգիս Պաքալեանի եւ ուրիշներու,երրորդ բաժինը` Պէյրութը հայութեան մշակութային մայրաքաղաք, յատկացուած է արուեստի եւ գրականութեան, իսկ վերջին բաժինը վկայութիւններ եւ կեանքի փորձառութիւն, հետաքրքրական անձնական վկայութիւններ են: Գիրքի պատրաստութեան աշխատանքները չորս տարի տեւեցին: Գիրքը Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հրատարակութիւնն է: Թէ` ինչո՛ւ ֆրանսերէն: Գիտէք` գիտական ասպարէզին մէջ չենք կրնար տարբերութիւն դնել լեզուներուն միջեւ: Մեզի համար կարեւորը հեղինակը գտնելն էր, գիրքին մէջ մեծ թիւով անգլերէն նիւթեր ալ կան: Առաջին հատորը հետագային նաեւ արաբերէնի թարգմանուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
«Ա.».- Ինչի՞ մէջ կը կայանայ գիրքին արժէքը:
Վ. Թ.- Գիրքին արժէքը կը կայանայ պատմագրական նիւթերուն մէջ, այսինքն ժառանգութիւն մը վերականգնելու փորձ մըն է. արժէքը կը կայանայ նաեւ լուսանկարներուն մէջ, որովհետեւ մեծամասնութեամբ անտիպ նկարներ են, հազուագիւտ ու բացառիկ են, պէտք չէ մոռնալ, որ Լիբանանի հայերու պատմութեան մասին շատ հրատարակութիւններ չկան, մանաւանդ` օտար լեզուներով: Ժամանակին տպուած է «Հայերը Լիբանանի մէջ» Սիսակ Վարժապետեանի գործը, անկէ ետք թերեւս առաջին լուրջ փորձը տասը տարի առաջ մեր հրատարակած հատորն էր, անկէ ետք Հայկազեան համալսարանը հատոր մը տպեց, եւ վերջինն ալ այս նոր հրատարակութիւնն է: Երեք հատորը մեծ բան չէ հարիւր տարուան պատմութեան մը համար, որ բազմակողմանի պատմութիւն է եւ աղբիւրներու բացառիկ հարստութիւն ունի:
Լ. Ն.- Լիբանանի մէջ հսկայական անմատչելի աղբիւրներ կան, որոնց վրայ մարդիկ չեն աշխատած, եւ որոնք պէտք է օգտագործուին:
Վ. Թ.- Մամուլն ալ կարեւոր է Լիբանանի հայերու պատմութեան մէջ: «Ազդակ» մէկ օրինակն է ըսուածին, սկիզբը «Փիւնիկ», «Նոր Փիւնիկ», յետոյ «Ազդակ». կայ «Լիբանան» անունով թերթ մը, որ հայատառ թրքերէն եւ հայերէն է եւ ձեւով մը կ՛արտացոլացնէ առաջին տասնամեակի պատմութիւնը, գաղթակայաններուն մէջ կեանքը, եւ յետոյ 40-ական, 50-ականներէն սկսած` բազմաթիւ ուրիշ հայերէն թերթեր սկսան լոյս ընծայուիլ: Այլ խօսքով, 90 տարուան հայատառ մամուլ կայ Լիբանանի մէջ, որ ուսումնասիրութեան հսկայական աղբիւր է: