Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2017-2018 Տարեշրջանի Սկաուտական Վերամուտ

$
0
0

Շաբաթ, 14 hոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, Շրջանային վարչութեան, շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ ներկայութեամբ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանը, որ կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին:

Ակումբի մայր դրան սեմին ցուցադրուած էր ՀՄԸՄ-ի հսկայ վահանը` կազմուած շիշերու կափարիչներով: Պատրաստուած էին նաեւ ինքնաշարժի փոքր զարդեղէններ, որոնց վրայ ներկուած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նշանակը, եւ որոնք բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն:

Դաշտին մէջ կազմուած էր հսկայ հեծիկ մը, որ կը ցոլացնէր 2017-2018 տարեշրջանի յատուկ խորհուրդը` միութեան 100-ամեակին կապուած: Գաղափարը ներշնչուած էր Այնշթայնի խօսքերէն եւ ունէր հետեւեալ պատգամը. «Յարատեւելու համար, հեծիկ քշելու նման, պէտք է միշտ առջեւ երթալ»:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ մասնաճիւղի սկաուտներու (թիւով 270) խումբ առ խումբ տողանցքով եւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեցին այլ արարողութիւններ: Խօսք առաւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, խմբապետական կազմին ու սկաուտներուն, ապա բացատրեց տարեշրջանի թեման` նշելով. «Եթէ միշտ չձգտինք առջեւ երթալ, արդիականանալ ու քայլ պահել ներկային հետ, կը դառնանք ժամանակավրէպ ու կ՛անհետանանք»: Սկաուտական խորհուրդին խօսքը փակուեցաւ շնորհաւորելով բոլոր սկաուտները, որոնք փոխանցուեցան տարբեր խումբեր` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Ապա խօսք առաւ Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին յառաջիկայի իր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին, դրօշակի արարողութենէն ետք, ցուցադրուեցան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը եւ նախորդ տարեշրջանէն նկարներու սահիկներ: Տեսերիզին մէջ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտները կազմեցին 100-ամեակի նշանակը` գունաւոր փոքր թղթիկներով: Աշխատանքը արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Այս տեսերիզը կարելի է դիտել հետեւեալ յղումով` https://www.facebook.com/Homenetmenbeirut/videos/1452689021452186/

Ձեռնարկին յաջորդեց Սկաուտական խորհուրդին պատրաստած ընթրիքը` սկաուտներուն համար, որ ստեղծեց ճոխ մթնոլորտ` թափ տալով նոր տարեշրջանին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>