Image may be NSFW.
Clik here to view.
7 նոյեմբեր 2017-ը յիշարժան օր մը եղաւ ըլլայ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն համար. այդ օր աշակերտները կատարեցին իրենց մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումը` պատանի տարիքին մէջ խոստանալով ըլլալ այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին` սուրբ մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց` որպէս հաւատաւոր քրիստոնեաներու:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր մատուցեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, ուսուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, հարազատներ:
Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ խոստում տուող պատանիները Երկրի լոյսն են ու աղը` Յիսուս Քրիստոսի իսկ բնորոշումով եւ, հետեւաբար, կոչուած են քրիստոնէավայել կեանքի մը, որուն նպատակն է հաւատքով եւ բարի գործերով Փրկիչին լոյսը սփռել աշխարհի տարածքին: Ան յորդորեց աշակերտներու ծնողները, որ անձնական օրինակով իրենց զաւակներուն ցոյց տան ճշմարտութեան ճամբան եւ ամէն ջանք թափեն, որ անոնք չխոտորին երբեք:
Աշակերտները, իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ` օրուան խորհուրդին համաձայն: Հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացուցին իրենց խոստումը` ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ: