Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տիկնանց Յանձնախումբ. Ճաշկերոյթ` Վերամուտի Առիթով

$
0
0

Ուրբաթ,  10 նոյեմբեր  2017-ին,  վերամուտի  առիթով Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Քարքեթ Էլ Հաժ»   ճաշարանին մէջ` նախագահութեամբ քոլեճի ծնող Մեղրի Արսլանեանին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով,  որ ձեռնարկը կը  միտի հաճելի մթնոլորտի մէջ համախմբելու ծնողներն ու բարեկամները,  միաժամանակ իր  հասոյթով օգտակար դառնալու քոլեճին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած Մեղրի Արսլանեանին, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնց ներդրումով իրագործուած է ճաշի ձեռնարկը, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Մեղրի Արսլանեանը, որ իր սրտի խօսքը արտասանէ ներկաներուն:

Մեղրի Արսլանեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն կատարուած նախագահութեան առաջարկին համար, շեշտելով, որ ինք ուրախութեամբ ընդունած է առաջարկը` նկատի առնելով, որ իր զաւակը կը յաճախէ այս քոլեճը, եւ ինք մօտէն ծանօթ է քոլեճի առաքելութեան:  Ան բարձր գնահատեց քոլեճին մէջ կատարուող աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ նախ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբին` անոր տարած կամաւոր ու աշխուժ գործունէութեան համար: Ապա ան համառօտ կերպով նշեց քոլեճի վերջին տարիներուն արձանագրած յաջողութիւնները` կրթական, հայագիտական, մարզական թէ այլ բնագաւառներուն մէջ: Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ քոլեճին մէջ անընդհատ իրագործուող ծրագիրներուն` շեշտելով, որ քոլեճը իր կողքին չունի մեծ բարերար մը, որ հոգայ իր բոլոր ծախսերը, այլ ունի քոլեճի առաքելութեան հաւատացող անձեր, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով նեցուկ կը կանգնին անոր: Զ. Ղազարեան բացատրեց, որ Տիկնանց յանձնախումբը իր այս տարուան ձեռնարկներուն հասոյթը որոշած է յատկացնել  քոլեճին խոհանոցի հիմնովին նորոգութեան: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց  նախագահին, յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած անհատներուն ու ներկաներուն` հաստատելով, որ հայ դպրոցին հաւատացող մեծ մայրերով ու մայրերով կարելի է ապահովել հայեցի դաստիարակութեան փոխանցումը սերունդէ սերունդ:

Ապա տնօրէնն ու Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետը Մեղրի Արսլանեանին  նուիրեցին երախտագիտութեան յուշանուէր մը:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան քոլեճի նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարանները` պարերով եւ ապա Ե. դասարանը` ազգագրական երգերու շարանով:

Խօսք առաւ Հուրի Պապահէքեան, որ ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կրնան հոգ տանիլ իրենց զաւակներու սնունդին:

Լիւսի Չամսարեան ջութակի նուագով  ճոխացուց  ձեռնարկը: Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը: Նշենք, որ այս առիթով Տիկնանց յանձնախումբը Հայաստանէն ներածած էր գեղեցիկ նուռերու զարդեր, եւ օրուան բախտաւորը ստացաւ Սիլվա Յակոբեան-Մելիքսէթեանի գործերէն գեղեցիկ գծանկար մը: Արուեստագէտը եւս խօսք առնելով` համառօտ կերպով ներկայացուց իր գծանկարին իմաստը: Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>