Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակ. Առանց Ինքնիշխան Ղեկավարութեան Ի՜նչ Երկրի Անկախութիւն Կամ Բարե՜ւ Լիբանան

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, բարե՜ւ լիբանանցի կամ լիբանանցիներ: Թէ ինչո՞ւ կը նշենք կամ կը շեշտենք, այս պարագային, երկրին անունը, պարզապէս որովհետեւ, ըստ մեզի, եւ շատ-շատերու,  տակաւին չունինք այն սրբազան համոզումը, ոչ ալ ըմբռնած ենք այն վճիտ իրականութիւնը, որ Լիբանան իր աշխարհագրական տարածքով, անկախութեամբ, դրօշով, քայլերգով, պատմութեամբ, մշակոյթով, պետական կառոյցներով եւ գերիշխան ապրելու արդար երազո՜վ հանդերձ, չենք ընդունած, չենք ընդունիր իբրեւ  հայրենիք:

Այո՛, քաղաքակրթութիւններու քառուղիներուն իր տեղն ու դերը ունեցած հայրենիք, այսպէս ասած, դարերու ալեհեր պատմութիւնն ու ծանրութիւնը իր շալակին` մեզի ժառանգուած օրրան-հայրենիք, որով պէտք է հպարտանալ, ոգեւորուիլ, ներշնչուիլ ու ի հարկին անոր գոյութեան, ազատութեան ու բարգաւաճման համար զոհուիլ:

Այդուամենայնիւ, իր անկախութեան հռչակումէն (1943), այլապէս գաղութարարութենէ ձերբազատելու թուականէն առ այսօր, արդեօք պահը չէ՞ հասած նաեւ խոստովանելու, որ այս հողամասը, որուն վրայ կ՛ապրի ժողովուրդ մը, տակաւին շատ հեռու է կոչուելու հայրենիք` պարզ այն պատճառով, որ անոր ընկերային-ազգագրական, պետական-քաղաքական, յարանուանական-համայնքային կառուցուածքը թոյլ չէ տուած, ո՛չ ալ կրնայ տալ, որ անիկա վերածուի ժողովուրդ մը սնուցող օրրանի, այլ խօսքով` հայրենիքի:

Եւ հոսկէ կը ծագի ծանրակշիռ հարցադրումը, թէ ինչո՞ւ պահել ու պահպանել պետականութիւն, ապահովական եւ անվտանգութեան կառոյցներ, բանակ ու զօրանոցներ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած սերունդներ, եթէ երբեք չկայ ազգային գիտակցութիւն, հայրենապաշտի խոր ըմբռնում եւ քաղաքական մտքի յստակատեսութիւն:

Քաջ գիտնալով հանդերձ, որ անոնք` այս կառոյցներն են այն միակ երաշխիքը, ապաւէնն ու փրկութեան լաստը, որով կարելի է  պաշտպանել ժողովուրդ, հայրենիք եւ ազգային արժանապատուութիւն, ցաւ ի սիրտ, լիբանանցին տակաւին գերին է իր հատուածապաշտ, այլամերժ եւ եսակեդրոն մօտեցումներու, բայց մանաւանդ` օտարին հաշուոյն գործելու կամ անկէ կախեալ ըլլալու քաղաքական տհասութեան:

Թէ ինչո՞ւ այսպէս է մեր իրականութիւնը, եւ ի՞նչ են անոր դրդապատճառները. պատասխանը յստակ ու մեկին` որպէս լիբանանցիներ, տակաւին չենք կրցած նուաճել ինքնիշխան (անհատ թէ հաւաքականութիւն) ապրելու բարձունքը:

Մէկ կողմէ վիրաւորական է ըսել, որ Լիբանան կը յատկանշուի վերոնշեալ երեւոյթ-վիճակով(ներով), միւս կողմէ, սակայն, մտահան չենք կրնար ընել այն դառն իրականութիւնը, որ այս երկրին մէջ ապրող  քաղաքացին չունի հաւաքական կեանք վարելու տարրական թէ խոր ըմբռնումը,  պետութիւն կառուցելու հասկացողութիւնն ու հայրենիք ունենալու քաղաքական հասունութիւնն ու կամքը:

Ըսուածին լաւագոյն փաստը Լիբանանի ժամանակակից կեանքի  քաղաքական ու զինուորական վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւնն է: Իսկ ատոնց ամէնէն նորատիպը, տարօրիակն ու անըմբռնելին, ահա, վերջին տասնհինգ օրերուն ընթացքին պատահած քաղաքական անսպասելի կացութիւնն էր, չըսելու համար քաոսային վիճակը, երբ Լիբանանի վարչապետ` յանձին Սաատ Հարիրիի, Սէուտական Արաբիա մեկնումով` կը ստեղծուէր ամբողջովին անհանդուրժելի գոյավիճակ:

Վարչապետը պատկերասփռուած ճառով մը օտար երկրի մը հողին վրայ կը ներկայացնէր իր հրաժարականը` ուժգին հարուած մը հասցնելով վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած քաղաքական համաձայնութիւններու տարազին, նոր Լիբանան կերտելու համոզումներուն եւ երազանքին, Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական ընդունուած կարգերու:

Ճիշդ է, որ երկշաբաթեայ քաղաքական անելը պատճառ դարձաւ հոգեբանական ցնցումներու, բազմաբնոյթ քաղաքական կեցուածքներու եւ մեկնաբանութիւններու, այդուհանդերձ, երկրին պետական աւագանին կարողացաւ ներծծել արաբական այլ երկրի մը կողմէ սանձազերծուած քաղաքական ճնշումը եւ շուտափոյթ լծուիլ հակադարձ քաղաքական աշխատանքներու աշխուժացումին, այսպէս ասած, արգելափակեալ վարչապետի ազատ արձակումը ապահովելու:

Եւ ահա, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրէին (18.11.2017), միջազգային ճնշումներու թէ ներլիբանանեան միասնական կեցուածքի շնորհիւ Սէուտական Արաբիոյ պետական աւագանին կ՛արտօնէր, որ Լիբանանի վարչապետը ուղղուի առաջին հերթին Ֆրանսա, ապա, սկզբունքով, Լիբանան:

Արդարեւ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ լոյսին բերելու եւ խորապէս վերլուծելու պատահածը, որ խորքին մէջ պետական մակարդակի խայտառակութիւն մըն էր, քաղաքական կեանքի խաղքութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան խոցում:

Տեղին է նշել սակայն, որ այս անգամ եւս, Լիբանան երկիրն ու ժողովուրդը կրցան շրջանցել քաղաքական թակարդները եւ ցոյց տալ հաւաքական տոկունութիւն: Այլապէս ստեղծուած անախորժ կացութիւններու պատճառով` երկիրը կրնար մուտք գործել մութ բաւիղ` քաղաքացիական ներքին խլրտումներու կամ պատերազմի թատերաբեմ դառնալով: Կարծես, թշնամիներու նախատեսածն ու ծրագրածը ա՛յս էր:

Արդարեւ, ճիշդ է, որ ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ իր բնոյթով եզակի քաղաքական ցնցումի մը, շրջադարձի մը (Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքի), ինչպէս նաեւ` պատահածին միջազգային շահարկումի (Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ), իր կարգին, լիբանանցին անախորժ կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցաւ, երբեմնի եղբայր յորջորջուած երկրի մը պետական աւագանիի կողմէ սանձազերծուած քաղաքական սպառնալիքներու, որոնք նուազ տարողութիւն չունէին, քան պատերազմի յայտարարութիւն:

Ամէն պարագայի, լիբանանցի համեստ ժողովուրդը, որ աւելի քան 25 տարի է ենթակայ է տնտեսական ահաւոր ճնշումներու, կը դիմագրաւէ կեանքի դաժան պայմաններ, կը հիւծի իր օրապահիկը ապահովելու եւ արժանապատիւ կեանք մը վարելու ծանրութեան տակ, կը գտնուի ընծայուած առիթի մը դիմաց` երեսփոխանական ընտրութիւններու, որոնք կրնան դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել, եթէ երբեք լիբանանցին կարենայ իր բողոքի ձայն ու ընդվզումը արտայայտել, իր կեցուածքն ու կողմնորոշումը ամրագրել քուէատուփերու մէջ` յանուն նոր Լիբանանի մը կերտումին:

Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել մօտիկ թէ հեռաւոր ապագան, երկիր մը, որ կքած է համատարած փտածութեան տակ, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել մօտիկ թէ հեռաւոր ապագան: Պետութիւն մը, որուն պետական այրերը ինքնիշխան չեն, քաղաքական (համայնքային) համակարգ մը, որ կլանած է մարդոց հոգիները, ժողովուրդ մը, որ ենթակայ է աւատապետներու եւ մենատէր քաղաքագէտներու քմայքին եւ հաճոյամոլութիւններուն, պետական կարգ ու սարք մը, որ կը տուայտի տնտեսական անմխիթար յորձանուտերու մէջ, երիտասարդական թէ քաղաքացիական շարժումներ, որոնք զոհն են դարձեր արտաքին միջամտութիւններու եւ հովանաւորութիւններու:

Այո՛, ինչպէ՞ս կարելի է յուսալ քաղաքական կամքի թէ նուիրումի ցոլքեր նման իրադրութեան մը մէջ:

Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել հող ու հայրենիք, պետութիւն ունենալ, եւ ընտանիք, երբ տուեալ երկրին ղեկը ստանձնած պետական այրեր չունին ազատ ապրելու եւ անկախ մտածելու տարրական գիտակցութիւնը, կամքն ու համոզումը:

Եթէ երբեք նորահաս սերունդներու իրաւունքն է երազել կայուն ու խաղաղ հայրենի հող, ինքնիշխան ու ազատ պետութիւն ունենալ, ապա իրերայաջորդ ղեկավարներ պարտին աշխատիլ ու տքնիլ յանուն ապագայի մը կերտումին:

Ապագայ, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ իր սեփական ժողովուրդին, այլապէս լոյս եւ պայծառամտութիւն կը շնորհէ ղեկավար տարրերու մտքին ու հոգիին:

Արդ, իբրեւ լիբանանահայութիւն, մեր կարգին, ողջունելէ ետք անկախութեան 74-րդ տարեդարձը, հաւատարմօրէն կ՛ըսենք` բարե՜ւ Լիբանան:

18-11-2017         

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>