Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ամէնէն Կարեւորը Քաղաքացիական Անվտանգութեան Պահպանումն Է (Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս տարի Լիբանանի անկախութեան տօնը կը նշուի բաւականին տագնապալի պայմաններու մէջ: Թէեւ զարմանալի չէ այս երեւոյթը, որովհետեւ վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակին ընթացքին երկրին վիճակը նուազ տագնապալի չէր եղած, սակայն այս տարին որոշ չափով իր իւրայատկութիւնը ունի այն իմաստով, որ կը թուէր, թէ անցնող տարուան ընթացքին երկիրը վերջապէս բռնած էր հաստատութենական աշխատանքի բնականոնացման ուղին:

Իշխանութեան պետերու մակարդակով կնքուած համաձայնութիւնը կը թուէր վերջ տուած ըլլալ սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքին անդամալուծութեան, իւրաքանչիւր իշխանութիւն` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, սահմանադրական իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ, սկսած էր հեզասահօրէն աշխատիլ, եւ այս բնականոն աշխատանքի վերադարձին նպաստած էին, բնականաբար, բոլոր մակարդակներուն վրայ կատարուած նշանակումները եւ խորհրդարանի կանոնաւոր աշխատանքին ու ժողովներուն վերսկսումը, օրէնսդրական բուն աշխատանքը, օրէնքներու մշակումն ու վաւերացումը եւ, գոնէ առ երեւոյթ, խորհրդարանական վերահսկողութեան վերահաստատումը գործադիր իշխանութեան գործունէութեան նկատմամբ:

Այս դրական մթնոլորտին կու գար թափ տալու խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերջնական թուականի մը ճշդումը` համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնքի մը որդեգրումէն ետք: Օրէնք մը, որուն երկար սպասեցին լիբանանցիները, որովհետեւ 1960-էն ի վեր Լիբանանի խորհրդարանական բոլոր ընտրութիւններն ալ տեղի ունեցած են նախկին նախագահ Ֆուատ Շեհապի իշխանութեան օրով մշակուած օրէնքին կամ անոր զանազան ձեւափոխումներուն հիման վրայ` պահելով մեծամասնական դրութիւնը իբրեւ ընդհանուր յատկանիշ:

Ժողովրդավարական առումով, շատ կարեւոր է յառաջիկայ տարուան մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերջնականացումը, որովհետեւ գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման բուն ժամկէտը արդէն իսկ չորս տարի առաջ վերջ գտած է, եւ փոխանակ այդ ժամանակ ընտրութիւնները կայացնելու, դիմուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտը երկարաձգելու հնարքին` իբրեւ պատրուակ ունենալով ապահովական վտանգաւոր կացութիւնը: Ասոր պատճառով գետնին վրայ ի՞նչ պատկեր պարզուեցաւ: Մէկ կողմէ կար նախագահական աթոռի թափուր վիճակը, միւս կողմէ ալ իր պաշտօնավարութիւնը յաջորդական կերպով երկարաձգող խորհրդարան մը, որուն կանոնաւոր աշխատանքը մեծապէս խաթարուած ու անդամալուծուած էր: Եւ մեր կարծիքով, իրաւունք ունէին պաշտօնավարման երկարաձգման իրերայաջորդ որոշումներուն դէմ պայքարողները առարկելու, որ այս որոշումները հակասահմանադրական են եւ մեծ հարուած կը հասցնեն գործող օրէնսդիր իշխանութեան օրինականութեան: Ճիշդ այս սկզբունքին հետեւելով էր, որ առաջին երկարաձգումին ժամանակ Հայկական երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի միակ խմբակցութիւնն էր, որ բացէ ի բաց դէմ արտայայտուեցաւ երկարաձգումի որոշումին:

Խորհրդարանական ընտրութիւնները նաեւ կարեւոր են այն իմաստով, որ ժողովրդավարական առումով, կ՛ապահովուի իշխանութեան հերթափոխութիւնը: 2018-ի մայիսին պիտի ըլլայ այնպէս, որ ինը տարի շարունակ խորհրդարանական ընտրութիւն չէ կատարուած երկրին մէջ: 2009-ին 21 տարիքը չբոլորած երիտասարդը մօտեցած պիտի ըլլայ 30 տարիքին` առանց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարած ըլլալու երկրին իշխանութեան ձեւաւորման հոլովոյթին մասնակցելու առումով, ինչ որ ծանր խախտում մըն է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:

Ուրեմն, աւելի քան մէկ տարի առաջ երկրին մէջ սկսաւ հոլովոյթ մը, որ կոչուած էր շրջելու վերը ներկայացուած տխուր պատկերը: Ընդհանուր համախոհական մթնոլորտին բերումով, ընտրուեցաւ նախագահ, կազմուեցաւ «Վստահութեան վերականգնման» անունը կրող կառավարութիւն, կատարուեցան լայնածաւալ նշանակումներ, պատրաստուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ երկրի ելեւմտական կեանքը կանոնաւորող փաստաթուղթը` պետական պիւտճէի նախագիծը, այն բանէն ետք, երբ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն ընթացքին պետութիւնը իր ծախսերը կը կատարէր առանց պիւտճէի նախագիծ ունենալու, նաեւ, այս կարեւոր իրագործումներուն կողքին, կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը ընկերային առումով մեծ քայլ մը առին, երբ վաւերացուցին պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն յաւելումները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը ներկայանային իբրեւ ընկերային հիմնական պահանջ:

Այս ընդհանուր դրական մթնոլորտին մէջ իրապէս որ անակնկալ էր վարչապետ Հարիրիի անակնկալ հրաժարականը Սէուտական Արաբիայէն, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ այս յօդուածին սկիզբը նշուած տագնապալի մթնոլորտին` Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակի սեմին: Ի՞նչ եղաւ, որ այս տագնապալի մթնոլորտը ստեղծուեցաւ, տակաւին ամբողջականօրէն յստակ չէ: Չէ՞ որ նախքան հրաժարականը ներիշխանական յարաբերութիւնները կը յատկանշուէին իրարու միջեւ մեղր ու կարագով: Ուրեմն յայտնի էր մէկ բան, որ փորձ կատարուեցաւ անցնող աւելի քան մէկ տարուան իրագործումները զերոյի հաւասարեցնելու` երկրին արժանապատուութիւնը ոտնակոխ դարձնելով եւ Լիբանանի վարչապետը պատանդ պահելու տպաւորութիւն ստեղծելով:

Ինչպէ՞ս յաղթահարել այս տագնապալի կացութիւնը: Մէկ միջոց կայ: Երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան մակարդակին վրայ գիտակցութիւն եւ իմաստութիւն դրսեւորելով: Հաւատալով, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնը գերիվեր է ամէն բանէ: Արդէն երէկ բանակի հրամանատարը զինեալ ուժերուն յղած օրուան հրահանգին մէջ յիշած էր, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պիտի ըլլան, եւ սա բնական բան է, բայց վճռակամօրէն պէտք է դէմ դնել իւրաքանչիւր փորձի, որ օգտագործելով ներկայ տագնապալի կացութիւնը` կը միտի սադրանք ստեղծել երկրին մէջ: Այս խօսքերը ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ տարած բանակի հրամանատարին խօսքերն են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles