Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ

$
0
0

Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արհեստիցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմաքեանին եւ ուսուցիչներուն, մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին:

Աշակերտները պալատ այցելելով` մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ:

Այս առիթով, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, վարժարանի արաբերէնի բաժանմունքի պատասխանատու Սօսի Սարգիսեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը հաւաքական ճիգերով պահպանէ անկախութիւնը եւ միասնաբար նպաստէ երկրի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն:

Սարգիսեան նշեց, որ լիբանանահայերը, ինչպէս երէկ, այսօր եւս իրենց բոլոր կարելիութիւններով, իբրեւ երկրի անբաժան մէկ մասնիկը, կը շարունակեն ծառայել Լիբանանին ու լիուլի կը կատարեն իրենց վստահուած քաղաքացիական պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Աւարտին, Սօսի Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ ընդունած էր վարժարանի աշակերտները, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան ե՛ւ պալատին, ե՛ւ նախագահին:

Խմբային լուսանկարէն ետք աշակերտները վարժարան վերադաձան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>