Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ, Վաստակաշատ Բժիշկներ Հանդիպած Են Բժշկական Համալսարանի Ուսանողներու Հետ

ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ, վաստակաշատ բժիշկներ հանդիպած են Բժշկական համալսարանի ուսանողներու հետ:

Նոյեմբեր 10-12 ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան հրաւէրով ՀՅԴ Պռօշեանի գրասենեակին մէջ հաւաքուած են Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի մօտաւորապէս 30 ուսանողներ:

«Խորհուրդ բժիշկէն» խորագիրը կրող եռօրեայ սեմինար-քննարկումներու ընթացքին ապագայ բժիշկները հանդիպեցան մօտաւորապէս մէկ տասնեակ վաստակաշատ բժիշկներու հետ`քննարկելով բժշկական նեղ մասնագիտացումներու առնչուող հիմնական հարցեր, ինչպէս նաեւ` պետութեան կողմէ արդիւնաւէտ առողջապահական քաղաքականութիւն իրականացնելու մարտահրաւէրները:

Հանդիպումներուն մասնակցած էին այնպիսի հեղինակաւոր մասնագէտներ, ինչպիսիք են` ՀՀ ԱՆ նախկին նախարար, Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոնի տնօրէն Նորայր Դաւիթեանը, նոյն հաստատութեան տարրալուծարանի վարիչ Դաւիթ Գրիգորեանը, նոյն հաստատութեան անզգայացման եւ վերակենդանացման բաժանմունքի նախագահ Յովհաննէս Ասլանեանը, վիրաբուժ Տարօն Տօնոյեանը, Նարինէ Ղալումեանը, սրտաբան Ռուզաննա Յովսէփեանը եւ ուրիշ մասնագէտներ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը այսուհետեւ պիտի շարունակէ նմանաբնոյթ ձեռնարկներով խթանել ուսանողներուն նեղ մասնագիտական կողմնորոշումներու ընտրութեան գործընթացին վերաբերող հարցերու լուծումը, ինչը կարեւոր նշանակութիւն ունի աշխատաշուկայի ձեւաւորման վրայ:

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Նոյեմբեր 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ  «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան  բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար: Ձեռնարկին ներկայ էին` գիրքի հայերէն տարբերակի հեղինակներ` Ծոցի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Հրայր Ճեպեճեանը եւ դոկտոր Արտա Ճեպեճեանը, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, հայաստանեան կառոյցի ներկայացուցիչներ, «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանը, սուրիահայ ընտանիքներ, հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր համարեց գիրքին լոյս ընծայումը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանի մէջ եւս աշխուժօրէն կը գործէ: Համոզուած  եմ, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» հայ ընտանիքին մէջ մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր միջոց է»:

«Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին մասին իրենց դիտարկումները ներկայացուցին եւ արժեւորեցին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի Սփիւռք գիտական-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, գրականագէտ, գրաքննադատ Սուրէն Դանիէլեանը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն» Հկ-ի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանը, ԱԱՄԸ-ի Երեւանի հովիւ Յովիկ Յովսէփեանը:

Գիրքին ստեղծման աշխատանքներուն եւ նպատակներուն մասին խօսեցաւ Հրայր Ճեպեճեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան եւ Աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութեան համար եւ նշեց, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» արդէն հասած է Լիբանանի հայ ընտանիքներուն, շուտով կը հասնի նաեւ Հալէպ: «Շնորհակալ եմ, որ կրցայ գիրքէն խմբաքանակ մըն ալ հասցնել Հայաստան` սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար», աւելցուց ան:

 iPod-Ը Հնարող Թոնի Ֆատել Հայաստան Այցելած Է

16 նոյեմբերին տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT, ՏԱ) ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրում բերած ըլլալուն համար Հայաստանի նախագահի մրցանակի դափնեկիր, լիբանանեան ծագումով ամերիկացի գիւտարար, «Nest Labs» ընկերութեան հիմնադիր Թոնի Ֆատել այցելեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»:

iPod ապրանքանիշի հեղինակ, գիւտարար Ֆատել, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն, մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբի անդամ Ռալֆ Երիքեան, մրցանակաբաշխութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան եւ մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբի անդամ, «Վիասֆեր տեխնոպարկ» ընկերութեան նախագահ Թոնի Մորոյեան պատասխանեցին լրատուամիջոցներու հարցումներուն:

Յայտնենք, որ iPod-ը հնարող Թոնի Ֆատել Հայաստան կը գտնուի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի նախագահին մրցանակը ստանալուն առիթով:

Անդրադառնալով այս մրցանակին` Թոնի Ֆատել ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ այս մրցանակը եւ անկախ այն բանէն, թէ որքան փոքր կամ մեծ է ձեր երկիրը, մէկ անհատ կամ մէկ խումբ կրնայ աշխարհի մէջ մեծ փոփոխութիւն յառաջ բերել: Եւ կարիք չկայ, որ դուք հասնիք Սիլիքոն Հովիտ` արդէն յաջողած նախաձեռնութիւնը կրկնելու համար: 1991-ին, նոյն թուականին, երբ Հայաստան ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը, ես առաջին անգամ մեկնեցայ Սիլիքոն Հովիտ, եւ այդ մէկը հրաշալի փորձառութիւն էր: Արդարեւ, ես որոշեցի, որ պէտք է շրջագայիմ ամբողջ աշխարհը նախ իմանալու համար աւելին, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտութիւնը կրնայ միաւորել տարբեր համայնքներ` զանոնք աւելի լաւ եւ ուժեղ դարձնելու համար: Ուրեմն ես կը քաջալերեմ բոլոր անոնք, որոնք կը գտնուին Հայաստանի ՏԱ ոլորտին մէջ կամ կը փափաքին մուտք գործել այդ ոլորտէն ներս, որպէսզի ներարկեմ վստահութիւն` հաստատելով, որ կարելի է մեծ յաջողութիւններ արձանագրել եւ անոնց հասնիլ անձնական միջոցներով, պայմանաւ որ բաց ըլլաք աշխարհին առջեւ»:

«Այս տարի մենք մեծ պատիւ ունինք աւելցնելու Հայաստանի նախագահի մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին Թոնի Ֆատըլը` միջազգային տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի հսկան, որ իր յայտնագործութիւններուն շնորհիւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մարդկութեան վրայ: Թոնին կրցած է նախագծել եւ ստեղծել iPod-ի ապրանքանիշը, որ կը հանդիսանայ հիմնական բջիջային հարթակներէն մէկը, եւ որ արդէն փոխած է համաշխարհային արդիւնաբերութիւնը, տնտեսութիւնը եւ մարդկութեան զարգացման ընթացքը», յայտնեց Թոնի Մորոյեանը:

Նշենք, որ ութերորդ անգամն է, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը ստանձնէ մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր գործընկերութիւնը: Ցարդ ընկերութիւնը 162,2 միլիոն դրամ  տրամադրած է այս ծրագիրի իրականացման համար:

Հաղորդենք, որ նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Թոնի Ֆատելը:

 Աճուրդ. Երեւանի Մէջ Պիտի Վաճառուին Այվազովսկիի, Կորքիի, Սարեանի Եւ Այլոց Գործերը

Դեկտեմբեր 2-ին Երեւանի «Շեդեւր» պատկերասրահին մէջ պիտի կայանայ հայ նկարիչներու բացառիկ ստեղծագործութիւններուն «Ընտրանի» աճուրդը:

Մասնակիցներուն ուշադրութեան պիտի յանձնուի հայ դասականներուն, նորարականներուն եւ ժամանակակիցներուն 43 բացառիկ ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ կան Յովհաննէս Այվազովսկիի, Արշիլ Կորքիի, Մարտիրոս Սարեանի, Ժանսեմի, Երուանդ Քոչարի գործերէն: Այս մասին յայտնած են աճուրդի կազմակերպիչներուն դիմատետրի էջին վրայ:

Տեղեկացնենք, որ աճուրդը նախաձեռնած է «AA Auction» Հայաստանի աճուրդի տունը:

Աճուրդի դրուած գործերը սեփական հաւաքածուներէ են: Անոնցմէ շատերը երբեք չեն ցուցադրուած: Անոնք առաջին անգամ  ներկայացուած են 2017-ի սեպտեմբերին, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կազմակերպուած «Ընտրանի» ցուցահանդէսին:   Հայաստանի բաժանման` արեւմտեանի եւ արեւելեանի, ինչպէս նաեւ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած ընդարձակ սփիւռքին` հայ կերպարուեստի պատկերը հատուածային է: Այս առումով, կարեւոր է «Ընտրանի» աճուրդին ներկայացուած հայ կերպարուեստի ընտրանիին պատմական ժամանակագրական եւ աշխարհագրական ընդգրկումը: Այստեղ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներ, որոնք ապրած եւ ստեղծագործած են ե՛ւ Ռուսական կայսրութեան, ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի (Եւրոպա եւ Ամերիկա), ե՛ւ անկախ Հայաստանի մէջ:

Յայտնենք, որ հայ կերպարուեստը իր ազգային առանձնայատկութիւններով, իր պատմական վերիվայրումներով, անկումներով եւ վերելքներով հանդերձ, համաեւրոպական գեղարուեստական ժառանգութեան անբաժանելի մասն է: «Ընտրանի» աճուրդով հայ կերպարուեստը պիտի ներկայացուի իր ամբողջ բազմազանութեամբ, որ թոյլ պիտի տայ հետեւելու 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը անոր հիմնական միտումներուն եւ փուլերուն:

Գիւմրիի «Փոքրիկներու Տուն» Մանկատունը Բազմաթոռ Ինքնաշարժ Կը Ստանայ

Առանց ծնողական խնամքի եւ հաշմանդամութիւն ունեցող մանկահասակ փոքրիկներուն համար միայն մէկ մասնագիտացուած կեդրոն կը գործէ Հայաստանի տարածքին. Գիւմրիի «Փոքրիկներու տուն» մանկատունը կը խնամէ ամբողջ Հայաստանէն ֆիզիքական եւ մտաւոր հարցեր ունեցող 127 փոքրիկներ` նորածինէն մինչեւ 8 տարեկան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր մնայուն հոգածութեան տակ կը պահէ մանկատունը: Հիմնադրամը մանկատան նուիրեց բազմատեղանոց ինքնաշարժ մը:

Ըստ մանկատան տնօրէն Աննա Գէորգեանին, փոքր հանրակառքի անհրաժեշտութիւնը իրենք ամէն օր կը զգային: «Մենք փոքրիկներուն պարբերաբար կը տանինք Երեւան` բուժզննումներու, վիրահատութիւններու նպատակով, յաճախ կարիքը կ՛ունենանք փոքրիկները զբօսանքի կամ որեւէ ձեռնարկի տանելու: Փոքր մեքենաներով չենք կրնար բոլորը տեղափոխել: Բացառապէս բոլոր փոքրիկները մնայուն դայեակի հոգածութեան կարիքը ունին, այդ պատճառով տարողունակ ինքնաշարժը մեզի շատ օգտակար կ՛ըլլայ», ըսած է մանկատան տնօրէն Աննա Գէորգեանը:

Հաղորդենք, որ ինքնաշարժին գումարը նուիրած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարներ Էքսերճիեան, Տեւեճեան եւ Շիմշիրօղլու ընտանիքները:

Կոմիտասի Եւ Թումանեանի Յոբելեանները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Օրացոյցին Վրայ Են

Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ որոշումը ընդունուած է Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ընթացող կազմակերպութեան գլխաւոր համաժողովի 39-րդ նստաշրջանին ընթացքին:

Հայաստանի կողմէ եւ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Երգահան, ժողովրդական երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ Սողոմոն Սողոմոնեանի` Կոմիտաս վարդապետի (1869-1935) ծննդեան 150-ամեակը», եւ Վրաստանի ու Ռուսիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) ծննդեան 150-ամեակը» խորագրով դիմումնագիրները ստացած են կազմակերպութեան հաւանութիւնը:

Նշենք, որ 1998-էն ի վեր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ներառուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 23 յոբելենական տարեթիւ:

Նախորդ երկամեակին համար հաստատուած էին Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666) 350-ամեակը» եւ «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900) ծննդեան 200-ամեակը» դիմումնագիրները:

2017-2018 Ուսումնական Տարեշրջանին «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը Անվճար Դասագիրք Տրամադրած Է 190 Անապահով Աշակերտի

2010 թուականէն սկսեալ, բարերարներու շնորհիւ, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կ՛իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր փոքրիկներու համար» ամէնամեայ ծրագիրը եւ կ՛օժանդակէ ամէնէն աւելի կարիքաւոր, անապահով փոքրիկներուն` ստանալու անվճար դասագիրքեր:

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը 2 հազար 433 անվճար դասագիրք տրամադրած է 190 անապահով աշակերտի` Երեւանէն, Գիւմրիիէն, Ստեփանաւանէն, Կարբի գիւղէն եւ Բերձորէն: Անոնք այսպիսով նուազեցուցած են ընտանիքներուն նիւթական մտահոգութիւնը: Իսկ ծրագիրին իրականացման ութ տարիներուն ընթացքին ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է մօտաւորապէս 19 հազար դասագիրք` 10 միլիոն 135 հազար հայկական դրամի արժողութեամբ:

Յայտնենք, որ հիմնադրամը կը նպատակադրէ ընդլայնել ծրագիրը, ուստի կը հայցէ եւ կ՛ակնկալէ Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններէն եւ անհատներէն, որ մնայուն համագործակցութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերեն տնտեսապէս անապահով ընտանիքներու փոքրիկներուն:

Արցախի Մէջ Օտար Քաղաքացիներու Ամուսնութիւններուն Թիւը Աճած Է

Ընթացիկ տարուան յունուար-հոկտեմբեր ամիսներուն ԱՀ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ արձանագրուած է օտար քաղաքացիներու ամուսնութեան թոյլտուութեան 18 պարագայ: Այս  մասին տեղեկացուցած են ԱՀ արդարադատութեան նախարարութեան ՔԿԱԳ   եւ Նոտարական աշխատանքներու  գործակալութեան կեդրոնական մարմինէն,  աւելցնելով, որ նախորդ տարուան նոյն   ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով` օտար քաղաքացիներու ամուսնութիւններուն թիւը աճած  է մօտաւորապէս 60 տոկոս:

Հաղորդենք, որ ամուսնացող օտար քաղաքացիները հիմնականօրէն եղած  են`  Ռուսիայէն, Թուրքմենիստանէն, Ուքրանիայէն, Ղազախստանէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>