Սէուլի Վերագրաւումը Ամերիկեան Եւ
Հարաւքորէական Ուժերուն Կողմէ
– Ճակատի Գիծի Կայունացում Եւ Դիրքային Կռիւներ
38-րդ Հորիզոնականին Վրայ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակներուն կողմէ Սէուլի գրաւումէն ետք, 1951 յունուարի սկիզբը, ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը արեւմուտքի մէջ` Սուվոնի շուրջ, կեդրոնական գօտիին մէջ` Վոնճուի շուրջ եւ արեւելեան կողմը` Սամչէքի շուրջ կեդրոնացան: Ճակատի գիծը կայունացաւ:
Չինական բանակը դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուէր եւ Սէուլէն անդին յառաջանալու համար լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէր: Զէնք, զինամթերք եւ սննդամթերք հասցնելու համար տեղափոխութիւնները, յաճախ` հեծիկով, եւ գլխաւորաբար` գիշերները կը կատարուէին, խուսափելու համար ամերիկեան օդանաւային յարձակումներէն: Չինական զօրքերը երեք ռազմաճակատներուն վրայ սկսան կեդրոնանալ:
Չինական բանակը յունուարի կէսէն ետք սկսաւ քանդել իր հաստատած պաշտպանական յենակէտերը, մինչ զօրավար Ռիճուէյ հրամայեց նոր դիրքեր հաստատել: Ամերիկեան հրամանատարութիւնը ռազմական ծրագիր մը պատրաստած էր արագ հարուածով մը Հան գետի ափերը հասնելու եւ Վոնճուն վերագրաւելու նպատակով:
Զօրավար Ռիճուէյ անմիջապէս սկսաւ ամրապնդել իր զինուորներուն բարոյական եւ մարտական ոգին: Սակայն ամերիկացիներուն համար իրավիճակը ճգնաժամային էր եւ հրամանատարութիւնը լրջօրէն կը մտածէր հիւլէական զէնք գործածելու մասին:
Չինական եւ հիւսիսքորէական զօրքերու յարձակումը կասեցնելէ ետք ամերիկեան հրամանատարութիւնը հակայարձակման որոշում կայացուց: Սկսան «գայլերու որս» (յունուար 20-ին), «ամպրոպ» (յունուար 25-ին) եւ «շրջապատում» (փետրուար 21-ին) գործողութիւնները:
ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը 1 փետրուար 1951-ին Չինաստանը նախայարձակ նկատեց եւ կոչ ուղղեց անոր իր ուժերը հեռացնելու Քորէական թերակղզիէն:
Փետրուարի սկիզբը հարաւքորէական բանակը հրաման ստացաւ քանդելու հրոսակներու կեդրոնները եւ չէզոքացնալու համայնավարները: Այնուհետեւ բանակը եւ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ մաքրագործումներու ձեռնարկեցին. բազմաթիւ համայնավարներ եւ ձախակողմեան նկատուող անձեր ձերբակալուեցան եւ առանց դատ ու դատաստանի սպաննուեցան:
Փետրուարի կիսուն չինացիք յարձակում մը շղթայազերծեցին եւ Հենկսոնկի ճակատին վրայ յառաջխաղացք արձանագրեցին: Ամերիկեան ուժերու կողքին պատերազմի մէջ մտան նաեւ ֆրանսացի զինուորներ: Հարաւքորէացի, ամերիկացի եւ ֆրանսացի 5600 զինուորներ պաշարուեցան չինական 25 հազար հոգինոց բանակի մը կողմէ, բայց յաջողեցան պաշարման շղթան քակել եւ նահանջել:
Ամերիկեան եւ հարաւքորէական զօրքերը փետրուար 21-ին ընդհանուր յարձակողական մը շղթայազերծեցին եւ չինական ու հիւսիսքորէական բանակները ետ շպրտեցին դէպի հիւսիս, Հան գետի մօտերը: Կարեւոր դեր յատկացուած էր օդուժին եւ հրետանիին: Ռիճուէյի մարտավարութիւնը, որ կ՛օգտագործուէր հակայարձակման ընթացքին, հետագային ստացաւ «մսաղաց» անուանումը:
Ամերիկեան հրամանատարութիւնը մարտ 7-ին հրաման արձակեց «փորոտիք թափողը» գործողութեան սկսելու: Ընտրուեցաւ ռազմաճակատի գիծի կեդրոնական հատուածին վրայ գտնուող հակայարձակման երկու ուղղութիւն: Գործողութիւնները յաջողութեամբ ընթացան եւ մարտ 14-ին ամերիկեան ու հարաւքորէական զօրքերը անցան Հան գետը եւ գրաւեցին Սէուլը:
Սէուլի նախապատերազմեան հինգ միլիոն բնակչութենէն 200 հազար հոգի մնացած էր եւ սովի մատնուած:
***
Մաօ Ցէ Թունկ Սթալինի ուղղուած տեղեկագիրը մը պատրաստեց, ուր ան կը թուէր Քորէայի մէջ չինական բանակին դիմագրաւած դժուարութիւնները. Մաօ կը շեշտէր ըսելով, որ չինական բանակը օդուժի պաշտպանութեան անմիջական կարիքը ունի:
Սթալին ընդառաջեց եւ օդուժի պաշտպանութիւն տրամադրեց: Խորհրդային «Միկ 15» օդանաւերը կը գերազանցէին ամերիկեան «Էֆ 80» օդանաւերը: Ի վերջոյ ամերիկեան բանակը հակամարտութեան գօտի ուղարկեց աւելի ժամանակակից «Էֆ 86» օդանաւեր:
Խորհրդային Միութեան կողմէ տրամադրուող ռազմական օգնութեան մասին ամերիկեան հրամանատարութիւնը տեղեակ էր, սակայն միջազգային հիւլէական հակամարտութենէն խուսափելու համար ամերիկացիներու կողմէ պատասխան միջոցառումներ չձեռնարկուեցան:
Ապրիլի սկիզբը զօրավար Փենկ Տեհուայ իր փոխանորդը` զօրավար Հոնկ Զուէժինը Փեքին ուղարկեց Ժոու Էնլայի հետ տեսնուելու եւ չինական բանակի դիմագրաւած դժուարութիւնները պարզելու համար: Հոնկ Ժոու Էնլայի ըսաւ, որ չինական բանակը ուտեստեղէնի, հանդերձանքի եւ փոխադրակառքերու անմիջական կարիքը ունի:
Նախագահ Հերի Թրումըն ապրիլ 11-ին զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըրը հեռացուց հրամանատարական պաշտօնէն: Կային քանի մը պատճառներ` ներառեալ ՄաքԱրթըրի հանդիպումը Չան Քայ-շիի հետ դիւանագիտական մակարդակով եւ քորէական սահմանին մօտ չինական զօրքերու թուաքանակի ոչ ճշգրիտ տեղեկատուութիւն, որ ան Թրումընի փոխանցած էր Ուէյք կղզիին մէջ: Բացի այդ, ՄաքԱրթըր բացայայտօրէն կը պնդէր Չինաստանի հիւլէական ռումբով հարուած հասցնելու վրայ, հակառակ այն իրողութեան, որ Թրումըն չէր ուզեր պատերազմը տարածել Քորէական թերակղզիէն դուրս, յատկապէս նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան հետ հիւլէական հակամարտութեան հնարաւորութիւնը: Թրումընի համար անհանդուրժելի էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ ՄաքԱրթըր կը ստանձնէր լիազօրութիւններ, որոնք կը պատկանին գերագոյն հրամանատարին` հանրապետութեան նախագահին: Ռազմական վերնախաւը զօրավիգ կանգնեցաւ Թրումընի: ՄաքԱրթըրը փոխարինեց 8-րդ բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Մաթէու Ռիճուէյ: 8-րդ բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ զօրավար Վան Ֆլիթ:
***
Չինական հրամանատարութիւնը յարձակողական գործողութիւններուն դադար տուաւ, վերակազմակերպուելու, վերազինուելու եւ պատրաստուելու նոր յարձակողականի: 700 հազար հոգինոց զօրք կեդրոնացուեցաւ ճակատի գիծերուն վրայ, որոնցմէ 270 հազարը, 3-րդ, 9-րդ եւ 19-րդ բանակներէն, Սէուլի ուղղութեամբ պիտի յառաջանար, իսկ 214 հազար զինուոր ալ պահեստի նախատեսուած էր:
Չինական 3-րդ եւ 19-րդ բանակները, մեքենազէն չորս գումարտակներ եւ հրասայլային չորս բաժանմունքներ առաջին գիծը բռնած էին: Փենկ Տեհուայ վստահ էր, որ պիտի յաղթէ եւ մայիս 1-ին յաղթանակ պիտի տօնէ Սէուլի մէջ:
Հարաւքորէական բանակը իր կարգին նոր ուժերով համալրուեցաւ եւ անոր թիւը հասաւ 418 հազարի, որուն 150 հազարը ճակատի յառաջացեալ գիծերուն վրայ կեդրոնացուած էր: Ռազմաճակատի լեռնային շրջաններուն մէջ կային անպաշտպան ձգուած կէտեր:
Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը ապրիլ 22-ին յարձակման անցան Իմճին գետի հարաւային ափերուն կեդրոնացած ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերուն ուղղութեամբ. հոն կեդրոնացած էին նաեւ բրիտանական հետեւակազօրքի 29-րդ գումարտակը եւ պելճիքական բանակային գումարտակ մը` մեքենազէն ուժերով եւ հրասայլերով: Չինացիք թուային առաւելութիւն ունէին եւ երեք օրուան ընթացքին ծանր հարուած հասցուցին ՄԱԿ-ի զօրքերուն:
Մէկ հարուած հասցնելով ռազմաճակատի արեւմտեան հատուածին, իսկ երկու լրացուցիչներ` կեդրոնին եւ արեւելքին, չինացիք եւ հիւսիսքորէացիք ճեղքեցին ՄԱԿ-ի զօրքերու պաշտպանական գիծը, ամերիկեան ուժերը պառակտեցին մեկուսացուած խմբաւորումներու եւ ուղղուեցան դէպի Սէուլ: Հիմնական հարուածի տակ յայտնուեցաւ Իմճին գետի մօտ դիրքաւորուած բրիտանական հետեւակազօրքի 29-րդ գումարտակը: Մարտի ժամանակ կորսնցնելով անձնակազմին աւելի քան մէկ չորրորդը, գումարտակը ստիպուած բռնեց նահանջի ճամբան:
Ընդհանուր առմամբ, յարձակման ընթացքին, ապրիլ 22-էն 29, զոհուեցաւ, վիրաւորուեցաւ եւ գերի ինկաւ ամերիկեան եւ հարաւքորէական զօրքերու շուրջ 20 հազար զինուոր եւ սպայ: Չինական կողմի կորուստները կը կազմէին աւելի քան 70 հազար զինուոր:
Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակները մայիս 16-ին նոր յարձակողականի մը ձեռնարկեցին, որ սակայն կասեցուեցաւ մայիս 21-ին:
Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերու յառաջխաղացքը կասեցնելէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակները լայնածաւալ յարձակումի անցան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին: Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակները ետ շպրտուեցան դէպի 38-րդ հորիզոնական:
Հիւսիսային Քորէայի հետ Հարաւային Քորէայի նախապատերազմեան նախկին սահմանագիծը հասնելէն ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակները կանգ առին: Այնուհետեւ սկսան դիրքային կռիւներ:
Չինացիները օդանաւեր չունէին եւ ամէնէն աւելի կը տագնապէին ամերիկեան օդային ռմբակոծումներէն: Հիւսիսային Քորէայի ամբողջ տարածքը օդանաւային ռմբակոծումներու ենթակայ էր. բան մը, որ մեծապէս կը դժուարացնէր ուժերու տեղափոխութիւնները: Չինացիներուն կը պակսէր նաեւ ծանր սպառազինութիւն, եւ մեքենազէն ուժերը չափազանց անբաւարար էին: Չինացի զինուորները միայն հրացաններ, գնդացիրներ, ձեռքի նռնակներ եւ ականանետեր ունէին: Լաւապէս սպառազինուած ամերիկեան բանակին դէմ չինացիք կը կիրարկէին այն նոյն մարտավարութիւնը, որ կիրարկած էին ազգայնականներու դէմ մղուող քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:
Չինացիք յարձակումներ կը կազմակերպէին գլխաւորաբար գիշերները, կ՛ընտրէին ռազմական փոքր միաւորներ` վաշտ կամ դասակ, եւ կ՛օգտագործէին իրենց թուային գերազանցութիւնը: Յարձակումները կը շարունակուէին այնքան ժամանակ մինչեւ որ պաշտպանուողները ջախջախուէին կամ գերի իյնային: Այնուհետեւ չինացիք կը տեղաշարժուէին բաց թեւի վրայ, այն ուղղութեամբ որ աւելի մօտ էր յաջորդ դասակին եւ կը կրկնէին իրենց մարտավարութիւնը:
***
Ռազմական գործողութիւնները փակուղի մտած էին: Հակառակ ծանր կորուստներուն, կողմերէն իւրաքանչիւրը ունէր շուրջ մէկ միլիոն զինուոր հաշուող բանակներ: Ամերիկեան բանակը, հակառակ ծանր սպառազինութեան, օդուժին եւ արհեստագիտական միջոցներու հակակշիռին, ի վիճակի չէր եղած հասնելու որոշակի առաւելութեան: Ճակատի գիծը կը մնար կայուն եւ զայն խորտակելու երկու կողմերուն ջանքերը կը մնային ապարդիւն:
Հակամարտ կողմերը հասկցան, որ ռազմական յաղթանակի հասնիլը անհնար է եւ անհրաժեշտ են բանակցութիւններ, զինադադար կնքելու համար:
Առաջին անգամ կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ նստան 10 յուլիս 1951-ին, Քեսոնկի մէջ: Չինական կողմէն Ժոու Էնլայ կը վարէր բանակցութիւնները, իր կողքին ունենալով Լի Քենոնկը եւ Ցիաօ Կուանկհուան:
Սակայն նոյնիսկ բանակցութիւններու ժամանակ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուէին: Ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակները կ՛աշխատէին վերագրաւել Հարաւային Քորէայի ամբողջ տարածքը, որովհետեւ ճակատի գիծը նախկին սահմանագիծէն որոշ տարբերութեան վրայ կայունացած էր: Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակները նմանօրինակ ռազմական գործողութիւններով կ՛աշխատէին որոշ առաւելութիւն ապահովելով:
***
Հարաւքորէական բանակի 36-րդ զօրագունդը 18 օգոստոս 1951-ին յարձակման անցաւ 38-րդ հորիզոնականէն հիւսիս գտնուող բարձունքներուն ուղղութեամբ եւ քանի մը օր տեւած կռիւներէ ու ձեռնամարտերէ ետք գրաւեց շարք մը բարձունքներ:
Յաջորդող օրերուն հիւսիսքորէական բանակը հակայարձակման անցաւ եւ իրերայաջորդ գրոհներ կազմակերպեց, վերագրաւելով բարձունքները: Հարաւքորէական ուժերուն օգնութեան հասաւ ամերիկեան զօրքը: Հրետանային ուժեղ կրակը շարունակուեցաւ ամբողջ 24 ժամ: Հիւսիսքորէական զօրքը 8 հազար զոհ եւ 7 հազար վիրաւոր տալէ ետք հիմնովին ջախջախուեցաւ: Հարաւքորէական եւ ամերիկեան ուժերը տուին շուրջ 2700 զոհ:
Ինճէի մէջ կեդրոնացած ամերիկեան պահեստի ուժերը օգոստոս 31-ին հրաման ստացան Եոքէի բարձունքները գրաւելու: Տեղատարափ անձրեւի տակ մարինզները յառաջխաղացին եւ յարձակման անցան չինական դիրքերուն վրայ: Քանի մը դիրքեր գրաւելէ ետք մարինզները բուռն դիմադրութեան հանդիպեցան: Ճակատ հասան նաեւ հարաւքորէական ուժեր: Կռիւները շարունակուեցան երկու կողմերուն համար փոփոխակի յաջողութիւններով:
Քանի մը օրուան կռիւներէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը ամրապնդեցին իրենց դիրքերը, պաշտպանական գիծ հաստատեցին եւ սեպտեմբեր 4-ին յարձակման անցան Եոքէէն հիւսիս երկարող Քանմուպոնկի բարձունքներուն ուղղութեամբ:
Սեպտեմբեր 10-էն 11 լուսցող գիշերուան ընթացքին ամերիկացիք եւ հարաւքորէացիք սկսան յառաջանալ դէպի Սոյանկ գետի հովիտը եւ դէպի 680-ի, 673-ի եւ 749-ի բարձունքները: Չինական բուռն դիմադրութեան առջեւ անոնք կանգ առին:
Սեպտեմբեր 13-ին մարինզները շարք մը բարձունքներ գրաւեցին: Գօտեմարտերը շարունակուեցան փոփոխակի յաջողութիւններով:
Սեպտեմբեր 15-էն 16 լուսցող գիշերուան ընթացքին չինացիք հակայարձակման անցան, բայց հրետանային ուժեղ կրակի տակ 1200-է աւելի զոհ տուին: Սեպտեմբեր 20-ին չինացիք ամերիկեան քանի մը դիրքեր մեկուսացուցին, որմէ ետք ամերիկացիք եւ հարաւքորէացիք պաշտպանական նոր գիծ հաստատեցին:
Իր կարգին հիւսիսքորէական բանակը բարձունքներուն վրայ 11 քիլոմեթր երկարութեամբ պաշտպանական գիծ հաստատեց:
Հոկտեմբեր 11-ին ամերիկեան բանակը, հրետանիի եւ օդուժի պաշտպանութեան տակ յարձակման անցաւ. յարձակումը շարունակուեցաւ յաջորդ օր. չինացիք եւ հիւսիսքորէացիք հսկայական կորուստներ տալէ ետք նահանջեցին եւ Մունտունկ-նիի հովիտին մէջ կեդրոնացան:
Հարաւքորէական բանակը յարձակման անցաւ հոկտեմբեր 13-ի: Ամերիկեան եւ ֆրանսական ուժերը հրետանային կրակի տակ առին չինական եւ հիւսիսքորէական դիրքերը: Մունտունկոնիի մէջ երկու օր շարունակ արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Երկու կողմերն ալ հսկայական կորուստներ տուին: Չինացի եւ հիւսիսքորէացի աւելի քան 25 հազար զինուորներ բնաջնջուեցան: ՄԱԿ-ի տուեալներով ամերիկացիք եւ ֆրանսացիք տուին 3700 զոհ, իսկ հիւսիսքորէական աղբիւրներ հակառակորդի զոհերուն թիւը կը գնահատեն 29 հազար:
Հիւսիսային Քորէայի մէջ Մունտունկ-նիի հերոսամարտը ամէն տարի հանդիսաւորութեամբ կը նշուի իբրեւ ազգային ազատագրական մեծ յաղթանակ: