ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Արմենիա» հեռատեսիլի 11 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան լուրերու հաղորդումը անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միամեայ գործունէութեան: Նախարարը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուեց գիւղատնտեսութեան մարզի 9 գլխաւոր խնդիրները: Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի տարեվերջին:
«Գլխաւոր խնդիրներն են`
1.- Գիւղտեխնիկան (հողագործութեան մեքենաները – Յ.Չ.) բաւարար չեն:
2.- Վարկերու տոկոսները բարձր են:
3.- Ոռոգման համակարգը թերի է:
4.- Չկայ հողագործութեան ապահովագրութիւն:
5.- Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի են:
6.- Նորարարութիւնները քիչ են:
7.- Իրացման (վաճառման – Յ.Չ.) համակարգը թերի է:
8.- Հողը սխալ կ՛օգտագործուի:
9.- Օրէնսդրական դաշտը թերի է:
Իրավիճակը փրկելու քայլեր կը ձեռնարկուին: 2018-ին կը սկսի հողագործութեան ապահովագրութեան փորձառական ծրագիրը: Որոշ վարկեր կը տրամադրուին 2 տոկոսով:
Ըստ նախարարին, գիւղացին միսի գինը չէ բարձրացուցած: Խոզի միսը սղած է միջազգային շուկային մէջ, ոչխարինը, անցեալ տարուան բաղդատելով, 12000 գլուխէ աւելի Իրաք արտածելու պատճառով: Տաւարի միսի 100-150 դրամ սղաճը կարելի է բնական համարել:
Թէ ի՛նչ օժանդակութիւն կը ստանան չոր եղանակին պատճառով տուժած գիւղացիները, քննարկումները դեռ չեն սկսած» (1), (2):
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Իրաքին 12000 գլուխ ոչխար վաճառած վաճառականը իր շահը ներդրա՞ծ է ոչխարաբուծութեան մէջ` յաւելեալ արտադրութեան համար: Եթէ արտածումը ընդհանրապէս ի վնաս ժողովուրդին է, տնտեսական ինչպիսի՛ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած է այդ: Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի սննդամթերքի կամ այլ ապրանքի արտածումի քաղաքականութիւն` մի՛այն աւելորդ քանակը արտածելու: Այս հարցին մէջ սնունդի ապահովութեան եւ սպառողական ապրանքներուն գիները հսկող պետական տեսչութեան դերը ի՞նչ է: Կազմակերպելով անասնաբուծութեան մարզը` գիտական մօտեցումով, կարելի կը դառնայ շատ աւելի մեծ թիւով ոչխար արտածել` առանց վնաս պատճառելու տեղական շուկային:
Սկսելով հիմնականէն` Հայաստանի հասարակութեան, ներառեալ աւագանիին` կառավարութիւն եւ խորհրդարան, «գիւղատնտեսութեան» կապակցութեամբ գլխաւոր հարցը հաւանաբար նաեւ կը կայանայ անուանումներուն մէջ, որ ի սկզբանէ իրենց ենթագիտակիցին մէջ բոլորովին սխալ տպաւորութիւն ստեղծած է: Նախարարութեան անունը «Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն» է, կարծէք թէ այս բնագաւառը` հողագործութիւն եւ անասնաբուծութիւն, կը վերաբերի եւ վերապահուած է մի՛ այն գիւղերուն եւ գիւղացիներուն: Աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար «Ագարակային» կամ «Հողագործութեան նախարարութիւն» կոչել, իսկ գիւղատնտեսութիւնը` գիւղերուն տնտեսութիւնը, վերապահել տարածքային զարգացման ու կառավարման նախարարութեան:
Բնականաբար գիւղացիներէն շատեր, իրենց կարգին, կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, «Գիւղացի» եզրը կ՛օգտագործուի` փոխանակ «Հողագործ», «Մշակ» եւ, «Ագարակապան» եզրերուն, կարծէք թէ քաղաքներու բնակիչներուն չի վերաբերիր այս խիստ կարեւոր եւ ըստ երեւոյթին, անտեսուած մարզը, հիմնուելով վերեւ նշուած 9 անարդարանալի եւ զարմանք պատճառող խնդիրներուն վրայ:
Արդարեւ, «Հայաստանի ազգային ագրարային (ագարակային-Յ.Չ.) համալսարան»-ը այս ուսումնական տարեշրջանին (2017-2018) ունի 3300 ուսանող եւ հեռակայ դրութեամբ` 4900 (3): Իսկ 2015-ին` իր 85-ամեակին, ունէր 55 հազարէ աւելի շրջանաւարտ (4): Ուսանողութեան այս մեծ թիւը կ՛ենթադրէ նաեւ շրջանաւարտին աշխատանքի ապահովութիւնը: Այս պատկառելի թիւով ուսանողներով եւ մասնագիտացած շրջանաւարտներով հարուստ մեր երկրին մէջ անբացատրելի ու անհաւատալի է նախարարին վերեւ նշուած 9 թերութիւններէն` մասնագիտութեան վերաբերող թիւ 5-ը «Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի է», 6-ը` «Նորարարութիւնները քիչ են», եւ 8-ն` «Հողը սխալ կ՛օգտագործուի»: Ակներեւ է համակարգային գործելաոճի՛ մը բացակայութիւնը եւ ո՛չ թէ` մասնագէտներու պակասը:
Մասնագիտացած վճարովի խորհրդատուական ընկերութիւններուն կողքին, անհրաժեշտ է նախարարութեան կողմէ կատարել ձրի եւ պարտադիր խորհրդատուութիւն, նման` այլ երկիրներու: Խորհրդատուական միջոցները պէտք է ընդգրկեն եւ ապահովեն իւրաքանչիւր ցանքի կամ անասնաբուծութեան վերաբերեալ ընդհանուր տեղեկութիւններ, նորութիւններ եւ ցուցմունքներ` ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բջիջային հաղորդագրութեան (SMS), պարբերաթերթերու եւ անփոխարինելին` պաշտօնական բացիկ-հրատարակութեան միջոցով: Իսկ մասնայատուկ` եղանակային եւ ըստ կարիքի տեղւոյն վրայ այցելութիւններ, մշակներու եւ ագարակապաններու յատուկ մարզային հերթական ժողովներ` փորձառութիւններ փոխանակելու, յատուկ հարցերու քննարկում-լուծումներ եւ ցուցմունքներ` նորարարութիւններ կիրարկելու, ինչպէս նաեւ` շտապ խորհրդատուութեան հեռաձայնային յատուկ կապ:
Նշուած թերիներէն աններելի է թիւ 3-ը` «Ոռոգման համակարգը թերի է»: Ջուրի պաշարով հարուստ հայրենիքին մէջ աններելի են, այլեւ` ամօթալի, այս կամ այն շրջանին մէջ երաշտի` «չոր եղանակի» ամէն տարի կրկնուող դէպքերը: Հայաստանը ագարակային երկիր է եւ կը պահանջէ համապատասխան ռազմավարութիւն եւ համակարգային քաղաքականութիւն (5): Պէտք է օրինակ քաղել Հոլանտայէն, որ իր անբարենպաստ աշխարհագրական դիրքով եւ կլիմայով դարձած է, Ամերիկայէն ետք, սննդամթերք արտածող աշխարհի երկրորդ երկիրը, տես` «Այս փոքր երկիրը աշխարհը կը կերակրէ» (6), (7):
17 հոկտեմբեր 2017
(1) (https://www.armeniatv.am/hy/63883-63883)
(2) (https://youtu.be/t_JlR9tcP9M)
(3) (https://anau.am/hy/about-us/info)
(4) (https://www.anau.am/?id=48)
(5) (http://www.aztagdaily.com/archives/364045)
(6) (http://www.aztagdaily.com/archives/369316)
(7) (http://www.aztagdaily.com/archives/370783)