Քսան տարիէ ի վեր, Նոր աշխարհ հաստատուած հայորդիին համար «Գոհաբանութեան օր»-ը կը նշանակէ պարզ ու մեկին` «Արցախի օր»:
Այդ օր, մեր կիզակէտը «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած դրամահաւաք-թելեթոնն է, որ ամբողջ ամերիկահայութեան ուղղուած է:
«Հայաստան» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան լոզունգը «Բերքառատ Արցախ» է, որուն նպատակն է խթանել մշակը, բանուորն ու երկրագործը աւելի՛ եւս կառչած մնալու հողին:
Զանազան տարածաշրջաններու ոռոգումն ու ջրաբաշխումը առաջնահերթութիւն են:
Մայր բնութիւնը այնպիսի ձեւով ստեղծած է, որ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը օժտուած է գետերով եւ ջրամբարներով, մինչդեռ հարաւ-արեւելեան շրջանը, որ կ՛ընդգրկէ անծայրածիր պտղաբեր hողեր, զրկուած է ՋՈՒՐ կոչեցեալ տարրական սնունդէն:
Երկրաբանական ընդարձակ եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կը տեղեկացնեն, թէ հարաւ-արեւելեան այդ անջրդի շրջանը օժտուած է ընդյատակեայ աղբիւրներով, որոնք աւելի քան երեք հարիւր ոտք խորութեան մէջ կը գտնուին, սակայն յատուկ շինարարական աշխատանքներով կրնան շտապ օգնութեան հասնիլ անառիկ, խոպան ու չոր հողին:
Պարզ բացատրութեամբ, հողն ու ջուրը, որոնք իրարու միանալով կրնան ստեղծել արգասաբեր բնութիւն մը, հեռացած են իրարմէ: Ջուրը յատակն է, իսկ հողը` վրան: Հայորդիին եւ յատկապէս արցախցիին համար, անկարելի բան չկայ, եւ Քարինտակ գիւղէն քարին վրայ` Շուշի բարձրանալն ու գրաւելը թարմ ու վառ օրինակ մըն է: Այս անգամ հողին տակը` յատակն է, որ պէտք է հողին մակարդակին հասցնել:
Այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել լայնօրէն բանալով մեր քսակը ու մեր լուման տրամադրելով այս դժուար, սակայն իրագործելի ոռոգման ծրագիրին:
Այդ երկրաբանական մանրամասն փաստագրութիւնները կը տեղեկացնեն, թէ ցայսօր այդ ընդյատակեայ ջուրը չօգտագործելու պատճառով, Արցախի հողերուն 93 առ հարիւրը մնացած է խոպան ու անմշակ:
Նմանօրինակ ջրառաքման ծրագիր կրնայ դուռ բանալ երկրագործութեան լայն ու անհամեմատելի հոսքի, որ ինքնաբերաբար պիտի բարելաւէ տնտեսական պատկերը:
Դեռ քանի մը օր առաջ, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ամրագրեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` անգամ մը եւս պարտութեան մատնելով Պաքուն եւ իր սադրիչ քարոզչական մեքենան:
Կրկնութիւն պիտի ըլլայ շեշտել, որ հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայորդիներուն հետ` ազգային տեսլականներու եւ ակնկալութիւններու հարազատութեամբ: Անշուշտ` Արցախը նաեւ համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրն է… «Բերքառատ Արցախ»-ն ալ: