Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դասեր Քաղելով Բաւարարուի՞նք

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախարարը շատ կարճ ժամանակուան մէջ (հազիւ մէկ օր) հասցուց մամլոյ ասուլիս տալ` Լոս Անճելըսի հայկական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու մասնակցութեամբ, ապա` հանդիպիլ համայնքին մէջ գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակային ելոյթ ունենալ` առիթ տալով ներկաներուն հարցումներ ուղղելու:

Մամլոյ ասուլիսի եւ իր միւս ելոյթներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ցուցաբերեց տիրապետում` իր ղեկավարած կառոյցի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ յատկապէս իր լաւ պատրաստուած եւ ներկայացուած հրապարակային զեկոյցն ու հարց-պատասխանի ընթացքին իր տուած սպառիչ բացատրութիւնները ամրացուցին ունկնդիրներուն հաւատքը` հայոց բանակին առաւել հզօրացման կարելիութեանց հանդէպ:

Նախարարը կարծես նոյնիսկ հմայեց ներկաները, որոնք իրենց գնահատանքը արտայայտեցին ձեռնարկի աւարտին` յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ամերիկահայութիւնը ընդհանրապէս կարիքը ունի հայոց բանակին հանդէպ իր վստահութիւնը ամրացնելու: Տխո՛ւր փաստ էր` նախարարին կողմէ ներկայացուած (բայց իր կողմէ երբեք չկարեւորուած, հաւանաբար` մեզ չվիրաւորելու համար), որ հայոց բանակի զոհերու ընտանիքներուն օգնելու հիմնադրամին ամերիկահայութեան ներդրումը ծիծաղելիօրէ՛ն քիչ էր (ամբողջ Ամերիկայէն` 370 տոլար):

Այս վիճակի գիտակցութենէն մեկնած էր իմ հարցումս նախարարին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, թէ` ինչո՞ւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր կրած կորուստներուն պատասխանատուները յայտնաբերելու քննութիւն ու համապատասխան պատժական կարգադրութիւններ չեղան:

Նախարարը հարցումիս պատասխանեց` ըսելով, որ ուսումնասիրուած են պատերազմին հետ կապուած հարցերը, եւ անհրաժեշտ դասերը քաղուած են: Նախարարին կարծիքով, բանակին պատասխանը ազրպէյճանական յարձակումին պատշա՛ճ էր, եւ կարելի էր նոյնիսկ աւելի ուժգին հարուած տալ թշնամիին, սակայն քաղաքական նկատառումներով զսպուածութիւն ցոյց տրուեցաւ:

Այս պատասխանը, անշուշտ, չէր կրնար բաւարարել գոնէ զիս, որովհետեւ ընդհանրապէս այսպիսի պարագաներու, երբ մեծ ու թանկագին զոհեր եղած են, կարելի չէ անոնց կորուստի պատասխանատուութեան հարցը չքննել համապատասխան խի՛ստ տնօրինումներով: Վստահութեան ամրապնդման համար, բանակի եւ ընդհանրապէս պետութեան միջոցները իւրացնողներուն հանդէպ աչք փակելու եւ զանոնք հանդուրժելու վարքագիծը պէտք է կտրականապէ՛ս մերժուի:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles