16 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը: Վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՛անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ` սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս` դպրեվանքին մէջ:
Յանձնաժողովը լծուած է արեւմտահայերէնի առնչուած զանազան հարցերու փուլ առ փուլ ուսումնասիրելու աշխատանքին. օրինակ` քերականութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն, խնդրայարոյց բառեր եւ այլն… Իր աշխատանքներու աւարտին ան գրքոյկներու ձեւով պիտի հրապարակէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները` որպէս ուղղեգիծ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու գործադրութեան: