Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայ Երգն Ու Հայկական Ռատիոկայանները

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Պատանեկութեանս տարիներէն մինչեւ կանուխ երիտասարդութեան տարիներս` հայերէն երգ եւ երաժշտութիւն ունկնդրելու պատեհութիւնները հազուադէպ էին, իսկ կանուխ մանկութեանս տարիներուն` շատ աւելի նուազ, քանի որ հազուագիւտ էին ձայնասփիւռ ունեցող ընտանիքները:

Լիբանանի պետական ռատիոկայանը ունէր երկու բաժանմունք` արաբական եւ եւրոպական: Կարիքը չկայ յիշեցնելու, որ արաբական բաժնէն կը ձայնասփռուէր միայն արաբերէն երգ ու երաժշտութիւն, իսկ եւրոպականէն` ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, ինչպէս նաեւ` քանի մը սպաներէն երգեր:

Ինծի նման եւրոպական երգերու սիրահար պատանիներն ու երիտասարդները մեծ հաճոյքով կ՛ունկնդրէին «Ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-ի յայտագիրները, որ ինչպէս իր անունը կը վկայէ, կը ձայնասփռուէր համանուն քաղաքէն: Հոնկէ ձայնասփռուած երգերը բազմալեզու էին, եւ այդ պատճառով գնահատուած ռատիոկայան մըն էր:

Դպրոցը, իսկ աւելի ուշ` մեր աշխատավայրը, հետերնիս կ՛ունենայինք փոքրիկ «թրանզիսթըր» ձայնասփիւռ մը, որպէսզի զբօսանքներուն, կամ աշխատանքի ժամանակ կարենայինք ունկնդրել եւրոպական երգեր:

* * *

Անկասկած, հայերէն էսդրատային երգը մեծ յեղաշրջում մը եղաւ, որմէ ետք բազմացան հայերէն մեկնաբանող երգիչներն ու հայ նուագախումբերը, սակայն հայերէն երգեր ունկնդրելու հաճոյքը ստանալու համար լման շաբաթ մը պէտք էր սպասէինք, որպէսզի կիրակի օրերը կարենայինք հետեւիլ Կիպրոսի հայկական ռատիոկայանի հայկական ժամի ձայնասփռումներուն:

Կիպրոսի ռատիոկայանի հաղորդավարն ու խօսնակն էր «Մելքոնեան» վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ, մեծ արուեստագէտ Սեպուհ Աբգարեանը, որ հետագային հաստատուեցաւ մայր հայրենիք եւ մինչեւ իր մահը խմբավարեց «Գոհար» սքանչելի երգչախումբը:

Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը շաբաթը քանի մը ժամ Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն կը ձայնասփռէր հայերէն երգ ու երաժշտութիւն, առաւելաբար` դասական կտորներ: Այդ ռատիոյայտագիրներու առաջին խօսնակներէն եղած է Մաթիլտ Պուտաքեանը, իսկ աւելի ուշ` մեծահամբաւ խմբավար Գէորգ Գանտահարեան:

Մինչեւ ութսունականներու սկիզբը լիբանանահայ գաղութը չունէր ամէնօրեայ հայկական ռատիոկայան: Հայկական «Էֆ Էմ» կայանները սկսած են գործել 1982-ին: Բնականաբար պետական ռատիոկայանէն տակաւին կը սփռուէր հայկական երգ ու երաժշտութիւն, սակայն չկար ամէնօրեայ, օրական 24 ժամուան դրութեամբ հայկական ռատիոկայան: Ատիս Հարմանտեանի, Լեւոն Գաթրճանի եւ տասնեակներով հայ երգիչներու հայերէն երգերը լսելի դարձնելու ամենահեշտ միջոցը,  ձայնասկաւառակներն էին, եւ  կամ` քասեթներու ձայնագրութիւնները:  Մնայուն հայկական ռատիոկայանի մը գոյութիւնը տեսակ մը պահանջ էր, եւ այդ մէկուն հիմնադիրը եղաւ Յակոբ Եսայեան անուն երիտասարդ մը, երբ հայերէն երգեր սկսաւ հաղորդել իր տան… խոհանոցի մէկ բաժինէն: Յայտագիրներ պատրաստելու եւ ներկայացնելու համար, իրեն միացած է արուեստասէր երիտասարդ մը` Յակոբ Ալթունեան:

Երկու տարի ետք, 1984-ին, երկու Յակոբները իրարմէ կը բաժնուին: Նոյն շրջանին Արա Սարգիսեան կը հիմնէ երկրորդ ռատիոկայան մը, ու կ՛անուանէ «Լիբանանի Հայկական Ռատիոկայան»: Սոյն ռատիոկայանին կ՛աշխատակցին Յակոբ Ալթունեանը եւ  Խաչիկ Տէտէեանը (յայտագիրներու պատասխանատու):

Որեւէ նորութիւն նախաձեռնելն է դժուար, իսկ անոր յաջողութենէն ետք հետեւողներուն թիւը օրէ օր կը բազմապատկուի:

Այսպէս, կարճ ժամանակ ետք կը ստեղծուի «Լիպանօ Հայ Ազգի Ձայն» անունով երրորդ կայան մը` Մինաս Հանսքէհէեանի եւ այլ երիտասարդներու կողմէ:

1985-ին «Լիբանանի Հայկական Ռատիոկայան»-էն Յակոբ Ալթունեանը, երկրորդ անգամ ըլլալով, կը բաժնուի եւ իր ընկերոջ` Յարութիւն Հաճիմանուկեանին հետ կը հիմնեն` Վանայ Ձայն»-ը` Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ, Հաճիմանուկեանի ոսկերչատան մէջ, որմէ տարի մը ետք Ալթունեանը եւ Հաճիմանուկեանը անհամաձայնութեան պատճառով կը բաժնուին իրարմէ, եւ 1986-ի մայիսին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ կայանը, որուն առաջին տնօրէն կը նշանակուի Վաչէ Բրուտեանը:

Ներկայիս համացանցային հայկական ռատիոկայանները բազմաթիւ են:Պարտք կը զգամ յիշել անոնցմէ քանի մը հատը: Շատեր տակաւին կը գործեն, իսկ ուրիշներ դադրած են գոյութիւն ունենալէ:

1990-ականներուն հնչակեանները կը ստեղծեն «Նայիրի» ռատիոկայանը, սակայն չի գոյատեւեր եւ կարճ ժամանակ ետք կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

2007-ին դարձեալ հնչակեանները, կը ստեղծեն ռատիօ «Սեւան»-ը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր:

Ներկայիս կը գործէ նաեւ «Երիտասարդութեան Ձայն» անունով կայան մը` ոչ այնքան որակաւոր երգերով:

Համացանցային հետաքրքրական ռատիոկայան է «Ռատիօ Եան»-ը, որուն «Մեր մասին» բաժնին մէջ հետեւեալը կր կարդանք:

«Ռատիօ Եան-ը անկախ համացանցային ձայնասփիւռ է իր հայկական, աշուղական, սիրային, ազգագրական, գաւառական եւ մանաւանդ ազգային յեղափոխական տարրերով:

«Ռատիօ Եան»-ը սկսած է սփռուիլ համացանցի վրայ, փետրուար 2011-էն սկսեալ եւ նախաձեռնութիւնն է խումբ մը երիտասարդներու, որոնք մտահոգեն հայկական երգերու եւ մշակոյթի աղաւաղման ընթացքէն եւ իրենց այս քայլով կը փորձեն տարածել իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ազգային յեղափոխական մթնոլորտ:

Անոր հիմնադիրներն են Սարգիս Հասէրճեանը (Լիբանան) եւ Ասպետ Հարմանտեանը (Ֆրանսա), իսկ կամաւոր հաղորդավար` Փաթիլ Մկրտիչեանը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ են համացանցային հայկական ռատիոկայանները, որոնցմէ կը բաւարարուիմ յիշելով երկուքը:

Պոսթընի «Հայրենիք»շաբաթաթերթի կողքին, կը գործէ «Հայրենիք» համացանցային ռատիոկայանը` իր որակաւոր երգացանկով: Էսդրատային, աշուղական եւ յեղափոխական երգերու ճոխ հաւաքածոյով օժտուած է «Ռատիօ Հայրենիք»-ը:

Տասնեակ մը տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ յայտնի անուն էր HyeVibes, որ սկսած էր 1998-ին: Հիմնադիրը, սեփականատէրը եւ հաղորդավարն էր եղբօրորդիս` Ռազմիկ Շահմելիքեանը: HyeVibes, միջազգային երգացանկով հարուստ, տարբեր էր միւս ռատիոկայաններէն: Ունէր նաեւ պատուէրներու բաժին, ուր ունկնդիրները կրնային արձանագրել իրենց փափաքած երգը եւ ինքնաբերաբար խնդրուած երգը կը միանար ու կը ձայնասփռուէր HyeVibes-էն: Ռազմիկ այս գործը կը կատարէր որպէս սիրող, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան, սակայն ժամանակի չգոյութեան պատճառով 2005-ին «ժամանակաւոր» դադրեցուց ռատիոկայանը` յուսալով օր մը վերսկսիլ:

* * *

Ինչպէս նախապէս անդրադարձայ, «Վանայ Ձայն»-ի առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Բրուտեանը, իսկ աւելի ուշ տնօրէնի  պաշտօնները ստանձնած են յայտնի մտաւորականներ եւ կուսակցական գործիչներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել` Վարուժան Թէնպէլեանը, Բենօ Թոնդեանը, Արմէն Ապտալեանը, եւ Աւետիս Կիտանեանը (ներկայիս` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար):

Ներկայիս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Տեղեկատուութեան մարմինի եւ հանրային կապերու, նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնի պաշտօնը վստահուած է Վիգէն Աւագեանին:

Վիգէն Աւագեան նախապէս մաս կազմած էր «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմին` իբրեւ «Տի Ճէյ», ապա նետուած էր ուսուցչական ասպարէզ: Կը վարէր Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի տնօրէնի պաշտօնը, մինչեւ այն օրը, երբ Պուրճ Համուտի ազգային վարժարանները միացան մէկ յարկի տակ, որ կոչուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարան:

Պարտք կը զգամ աւելի մանրամասն անդրադառնալ «Վանայ Ձայն»-ի ու իր գործունէութեան` տրուած ըլլալով, որ իսկապէս իւրայատուկ է ան:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին հետեւեալը կը հաղորդէ «Վանայ Ձայն»-ի նոր նշանակուած տնօրէն Վիգէն Աւագեանը.

«Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրները զանազան են եւ հարուստ: Անոր յայտագիրներու կողքին, «Օ. Թի. Վի.»-ի օրական հայերէն լրատուութիւնը ուղղակիօրէն կը ձայնասփռռւի նաեւ «Վանայ Ձայն»-էն:

«Վանայ Ձայն» պիտի չկարենար գոյատեւել 31 տարիներ, եթէ իրար յաջորդող պատասխանատուները չունենային աշխատանքի հաւատք, նուիրում գործին հանդէպ եւ մանաւանդ` տեւաբար նորութիւն բերելու ճիգը:

Այսօր, 4-րդ տասնամեակի սեմին, դարձեալ ճիգ մը կայ «Վանայ Ձայն»-ը միշտ պահելու այն մակարդակին վրայ, ուր պիտի ուզէին տեսնել իր հիմնադիրներն ու յաջորդական պատասխանատուները, այսինքն` իսկապէս դառնալ սփիւռքահայութեան հարազատ եւ լաւագոյն ձայնը:

Վերջին մէկուկէս տարիները եղան պատրաստութեան, կազմակերպման, նախաձեռնութեան ամիսներ, երբ ռատիոկայանի ամբողջ անձնակազմը` ձայնի հաղորդավարներ, խօսնակներ եւ թեքնիք մասնագէտներ` բոլորը կարելին ի գործ դրին, որ աշնան մեր ունկնդիրներուն ներկայանանք բոլորովին նոր դիմագիծով, բարեփոխուած յայտագիրներով:

Անկասկած, աւանդ մը ունի այս ռատիոկայանը եւ այդ աւանդին վրայ նոր յարկ մը պիտի կառուցուի` շնորհիւ նոր եւ խոստմնալից ուժերու:

Շուրջ 35 նոր յայտագիրներով հանդէս կու գանք` կնոջական, մանկապատանեկան եւ մշակութային այլազան յայտագիրներ: Շեշտը կը դնենք յատկապէս մշակութայինին վրայ, որովհետեւ վերջերս նկատելի է ընդհանուր անկում մը ժողովուրդին մօտ, եւ «Վանայ Ձայն»-ի առաքելութիւնն է մեր հիմնադրութեան օրէն մշակութային ճաշակը բարելաւել, մշակութային դաստիարակութիւն տալ մեր ժողովուրդին:

Այսօր ունինք սերունդ մը, որ ծանօթ չէ լիբանանահայութեան պատմութեան,  արմատներուն իսկական դիմագիծին: Այդ իմաստով, քանի մը յայտագիրներ նկատի ունեցած ենք:

«Տարիներ առաջ», որ պիտի փորձէ պատմական յիշողութիւնը վերակենդանացնել` այցելելով Լիբանանահայութեան երբեմնի հայահոծ շրջանները:

Յայտագրի հաղորդավարն ու խօսնակը` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ այս իւրայատուկ յայտագիրը.

«Իւրաքանչիւր շաբաթ կ՛այցելենք հայահոծ շրջան մը, որ ունեցած է պատմութիւն, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ու բնակչութիւն:

Այս յայտագրի նպատակն է մեր հաղորդումներու յուշերով ծանօթանալ մեր գաղութի երբեմնի գործունէութեան, անոնց ապրած դժուարութիւններուն, նաեւ` ծանօթանալ դէմքերու, որոնք լիբանանահայ գաղութին պատմութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են թէ՛ իբրեւ կուսակցականներ եւ թէ՛ ազգային գործիչներ, տնտեսական մշակներ ու կղերականներ»:

Սոյն յայտագրով Լոս Անճելըսէն երեւակայութեամբ կը միանամ «Վանայ Ձայն»-ին ու միասնաբար կ՛այցելենք «Ազատամարտ» ակումբ, ուր անցուցած եմ յուշերով լեցուն մանկութեանս ու պատանեկութեանս տարիները, իսկ յաջորդ շաբաթ դարձեալ կ՛ընկերակցիմ «Վանայ Ձայն»-ին` այցելելու Նոր Սիս թաղամասի «Ազիրեան» ակումբը, ուր անցուցած եմ երիտասարդութեան տարիներս, ապա, Լիբանանի դաժան պատերազմի պատճառով, հեռացած եմ ծննդավայրէս` հաստատուելու Լոս Անճելըս, ուր «հանգիստ» է կեանքը, սակայն չկայ «Ազատամարտ»-ի եւ «Ազիրեան»-ի հայահոծ տաքուկ մթնոլորտը:

«Մեր ուսուցիչներ»-ը յայտագիրին ընդմէջէն իւրաքանչիւր շաբաթ անցեալի կամ ներկայի հայ դպրոցին ծառայած ուսուցչի մը հետ հարցազրոյցի միջոցով, վերյիշել մեր հայկական վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր ուսուցիչները, որոնք եկան, անցան, գացին, կամ` ուսուցիչներ, որոնք այսօր ծերութեան մէջ են եւ` մոռացութեան մատնուած:

«Յիշատակներ, անցած օրեր» անունով յայտագիրը կը ներկայացնէ լիբանանահայ երգարուեստի պատմութիւնը: Պօղոս Շահմելիքեանի համանուն հատորէն ամէն չորեքշաբթի, Մարալ Մխսեանի ընթերցանութեամբ, կը ներկայացուի լիբանանահայ երաժշտութեան պատմութիւնը` սկսելով 60-ականներէն, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ օտար երաժշտութեամբ, ապա` Ատիս Հարմանտեան, Լեւոն Գաթրճեան, մինչեւ մեր օրերը, այս բոլորը կը ներկայացուին ու կը ծանօթացուին մեր նոր սերունդին` մերթ ընդ մերթ ձայնասփռելով այդ տարիներու երգիչներէն կամ նուագախումբերէն երգ ու երաժշտութիւն: (Վիգէն Աւագեան)

* * *

Իւրայատուկ ռատիոկայան մըն է «Վանայ Ձայն»-ը: Իւրայատուկ` իր այլազանութեամբ եւ նորութիւններով:

Լիբանանահայերը, նաեւ` տեղացի արաբները, հաճոյքով կ՛ունկնդրեն հայերէն, նաեւ արաբերէնով ձայնասփռուած յայտագիրները: Լիբանանահայութեան մեծ մասին օրը կը սկսի «Վանայ Ձայն»-ով, ու կ՛աւարտի միեւնոյն կայանի ունկնդրութեամբ:

Նոյնն է պարագան ինծի նման բազմաթիւ հայերու, որոնք տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուելով հանդերձ, կը հետեւին իւրայատուկ այս ռատիոկայանի յայտագիրներուն:

Գրասենեակիս մէջ օրս կը սկսի նախ հայկական թերթերու ընթերցումով (համացանցի միջոցաւ), ապա երեւակայութեամբ կ՛ուղղուիմ «Շաղզոյեան» կեդրոնի 2-րդ յարկը, կը մտնեմ «Վանայ Ձայն»-ի կայքէջը: Տրուած ըլլալով, որ գործի բերումով օրն ի բուն համակարգիչիս դիմացն եմ, ընկալուչը ականջներուս` կը հետեւիմ «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներուն, որոնք այնքա՜ն այլազան են:

«Վանայ Ձայն» ունի նաեւ տարբեր առաւելութիւն մը: Ժամերու տարբերութեան պատճառով ինծի նման, յայտագիրներուն ձայնասփռուած ժամուն, երբ անկարելի ըլլայ հետեւիլ, աւելի ուշ կարելի  է մտնել արխիւներու բաժինը եւ նախապէս ձայնասփռուած յայտագիր մը կրկին ունկնդրելու հաճոյքը ստանալ:

Անկասկած ամենամեծ թիւով անձնակազմով հայկական ռատիոկայանն է «Վանայ Ձայն»-ը, որոնք բոլորն ալ արհեստավարժ են եւ նուիրումով կը կատարեն իրենց վստահուած գործը, իսկ յայտագիրներու այլազանութեամբ «Վանայ Ձայն» կրնայ մրցիլ նոյնիսկ օտար ռատիոկայաններու հետ:

Յիշենք քանի մը հատը:

«Հանդիպում«, «Ռատիոթատրոն», «Առողջութեան գաղտնիքը», «Հայկական աշխարհ», «Բարեւ», «Եկեղեցին հայկական», «Ծուռ նստինք շիտակ խօսինք», «Բաց քննարկում», «Լիբանանի նախագահները», «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ», «Ճանչնանք մեր թշնամիները», «Իմ գրքիս հետ» եւ տակաւին շատ հետաքրքրական կրթական եւ դաստիարակչական յայտագիրներ, որոնց կարելի չէ հանդիպիլ որեւէ տարբեր հայկական ռատիոկայանի մօտ, եւ այս պատճառով անվարան կրնանք ըսել`

Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը`  «Վանայ Ձայն»:

Լոս Անճելըս, 2017

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>