Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի Նախագահը

$
0
0

Հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ ընդունեց Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի անդամներ` խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանը, խորհուրդի փոխնախագահ Շահէ Եագուպեանը եւ գանձապահ Պատրիկ Այտընեանը, ներկայութեամբ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին եւ յանձնախումբի անդամներուն:

Հանդիպումին առանցքը կազմեցին Սուրիա-Հայաստան տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:

Սապպաղ իր խօսքին մէջ հաստատեց երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը` երկու ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութիւններու լոյսին տակ եւ հայերը համարեց Սուրիոյ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասնիկը:

Սապպաղ անդրադարձաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պատերազմին մէջ Հայաստանի կառավարութեան զօրակցական դիրքորոշումներուն:

Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան հաստատեց, որ խորհրդարանը կը ձգտի Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման` Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի ճամբով, մանաւանդ որ Հայաստանը պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Իր կարգին, Լեւոն Զաքի ներկայացուց Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդին տարած աշխատանքները եւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի սուրիական ապրանքներու մշտական ցուցահանդէս, որ ապագային պիտի վերածուի առեւտուրի փոխանակման կեդրոնի: Ան ակնարկեց նաեւ, որ հայկական ընկերութիւնները շահագրգռուած են` մասնակցելու Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն, եւ թէ` ջանքեր պիտի գործադրուին առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:

Աղբիւր`
Սուրիոյ ՍԱՆԱ գործակալութիւն եւ
Սուրիոյ խորհրդարանի կայք

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles