ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Երաժիշտ, դաշնակահար, մանկավարժ:
Պոլսոյ երաժշտանոցի դաշնակի եւ երաժշտական տեսութեան դասընթացքները բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, անձնական դասերով իր ուսումը շարունակած է եւ 1940 թուականէն սկսեալ սկսած է իր ստեղծագործական կեանքը` յօրինումներ կատարելով դաշնակի, երգի եւ երգչախումբի համար:
Սիրվարդ Գարամանուկի նախնիները Սկիւտար քաղաքամասի վերաբնակուած կեսարացի հայեր էին: 1912 թուականին Բարսեղ եւ Տիգրանուհի Գալփաքեաններու ընտանիքի կրտսեր զաւակը կ՛ըլլայ Սիրվարդը:
Ապագայ երգահանի երաժշտական ունակութիւնները երեւան կու գան կանուխ հասակին: Իր ծնողները կրթութեան, գեղարուեստի հետեւող ըլլալով` իրենց ուշադրութիւնը կը սեւեռեն Սիրվարդի երաժշտական կարողութիւններու վրայ: Առաջին դաշնակի ուսուցիչը կ՛ըլլայ Պոլսոյ մէջ երաժշտութեան սիրուած մանկավարժ Ստեփան Բաբելեանը:
Շարունակելով իր երաժշտական կրթութիւնը` 1937 թուականին իր տաղանդի ուժով Սիրվարդ կ՛ընդունուի Պոլսոյ քաղաքապետական երաժշտանոցի դաշնամուրային եւ երաժշտա-տեսական բաժինները: 1939-ին Սիրվարդ Գարամանուկ գերազանց կ՛աւարտէ երաժշտանոցը:
1940 թուականին կը սկսի երիտասարդ երաժիշտին ստեղծագործական կեանքը, նախ իր դասախօս Շտացերի առաջարկով աշխատանքի կը հրաւիրուի Պոլսոյ պետական երաժշտանոց` որպէս օգնական: Սիրվարդ Գարամանուկի առաջին ստեղծագործութիւնները կ՛ըլլան դաշնամուրի նուիրուած յատուկ կտորներ:
1944 թուականին Գէորգ Գարամանուկ` հմուտ, խելացի` վաճառական մը, կը դառնայ իր ամուսինը:
Ստեղծագործական գործունէութիւնը շարունակելով, զանազան անհատական պատուէրներէ ետք, Սիրվարդ Գարամանուկի ամբողջական եւ նշանակալի երկը կը դառնայ «Վաղուան արուեստագէտը» մանկապատանեկան օփերեթը:
Արուեստագէտը կը շարունակէ իր ստեղծագործութիւնները` յօրինելով երգեր, զուգերգներ, մանկական բազմաթիւ երգեր, քառաձայն երգչախմբային երգեր:
Կ՛արժէ յիշել, որ Սիրվարդ Գարամանուկի երգային ստեղծագործութիւնները հիմնուած են արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ընտրանիի` Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի խօսքերուն վրայ: Երաժիշտը նկատի կ՛ունենայ նաեւ արեւելահայ բանաստեղծներ` Ե. Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Յովհ. Թումանեան:
Ազգային բանաստեղծութեան լայնահուն այս ընդգրկումով, աստիճանաբար կը ձեւաւորուի, կը յղկուի, կը բիւրեղանայ եւ անհատական կը դառնայ գրելաոճը, երաժշտամտածողական կերպը` առաւել լսելի, ազգային հնչեղութեան ելեւէջներով: Անկասկած այս բաժինով իրենց կարեւոր դերը կ՛ունենան հայկական շարականներու մշակումները` երաժիշտին կողմէ:
Մեծածաւալ ստեղծագործութիւններէն կարելի է յիշել` Յովհաննէս Թումանեանի «Դժուար տարին», 1969 խմբերգը, «Ախթամար»-ը 1969, «Երգ Պետրոս Դուրեանի» 1972-ին:
Հարկ է նշել «Ախթամար» վիպերգը, ինչպէս նաեւ` Սիրվարդ Գարամանուկի այլ ստեղծագործութիւններ, որոնք նոր շունչով կը հնչեն մայր հայրենիքի մէջ, երբ երգահանը հեղինակային համերգով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ, 1999, 2000, 2003 թուականներուն:
Սիրվարդ Գարամանուկի մեներգներն ու խմբերգը կը սիրուին եւ կը կատարուին զանազան երգիչ-երգչուհիներու կողմէ, ինչպէս` Ալիս Մանուկեանի, Ատրինէ Վաների, Գոհարիկ Տէրատուրեանի, Գէորգ Պոյաճեանի, Արփի Պիւլպիւլի, Լիլի Չուգազեանի, Արա Պէրպէրեանի, Ալին Գութանի, Էլլադա Չախոյեանի, Յասմիկ Պապեանի ու Արաքս Մանուրեանի կողմէ:
Հանրածանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունի անխոնջ կատարողն… մեկնաբան եղած է, Սիրվարդ Գարամանուկի դաշնամուրային ստեղծագործութիւններուն:
Երաժիշտի համերգային կեանքը միշտ յիշատակութեան արժանի եղած է Նիւ Եորքի (1992) եւ Լոս Անճելըսի (1993) մէջ, տեղի ունեցած հեղինակային համերգները: Հայազգի ականաւոր յօրինող Ալան Յովհաննէս հետեւեալ ձեւով կը գնահատէ Սիրվարդ Գարամանուկի ստեղծագործութիւնները. «Գարամանուկի երգերը ցոյց կու տան ճարտար կառուցում եւ արտայայտիչ երաժշտականութիւն, իսկ մեղեդային ելեւէջները` ուժ եւ ներգործութիւն:
Սիրվարդ Գարամանուկ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1984 թուականին, երբ տակաւին Հայաստանի երաժշտական արուեստի հասարակութիւնը ծանօթ չէր երաժիշտին: Այդ օրերուն հանդիպելով պաշտօնական որոշ շրջանակներու, արուեստագէտներու եւ այլ անձերու` իր ստեղծագործ, բարեկիրթ ու նաեւ ազնուական կերտուածքով որոշակի տպաւորութիւն կը ձգէ:
1990 թուականին Հայաստանի երաժշտական միութեան նախագահ Էդուարդ Միրզոյեան ուղերձով մը կը շնորհաւորէ տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին ստեղծագործական նուաճումներով լեցուն յոբելեանը:
Հայաստանի հետ համերգային կապերը կը շարունակուին, ու ահա 1999, 2000, 2003 թուականներուն, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի, Արամ Խաչատուրեանի անուան հայ ֆիլհարմոնիքի մեծ դահլիճներուն մէջ տեղի կ՛ունենան հեղինակային համերգներ:
Յիշենք, որ 2001 թուականին կը հրապարակուի Սիրվարդ Գարամանուկի երաժշտութեան ձայնագրութիւնը` խտասալիկը կ՛ամփոփէ 10 խմբերգ, ինչպէս նաեւ` «Երգ Պետրոս Դուրեանի», «Ախթամար» վիպերգները:
2002 թուականին կը հրապարակուի նաեւ երկրորդ խտասալիկը, որ կ՛ընդգրկէ մանկական երգերու փունջ մը` Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի մանկական երգչախումբի կատարումով:
Դաշնակահար Շահան Արծրունիի նախաձեռնութեամբ, շքեղ ձեւաւորումով, կը հրապարակուի Սիրվարդ Գարամանուկի «Սիրոյ յուշեր» զոյգ խտասալիկը` երգային արուեստի ընտրանին: Այս խտասալիկը կ՛ամփոփէ արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծութիւններու վրայ հիմնուած 58 երգ եւ ռոմանս:
Սիրվարդ Գարամանուկ կը պարգեւատրուի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ` «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», Կոստանդնուպոլսոյ Մեսրոպ Բ. պատրիարքին կողմէ` «Պատուոյ Ա. կարգ»-ի շքանշաններով, իսկ Հանրապետութեան նախագահ Ռ. Քոչարեան անոր` իր հայ մշակոյթի մէջ զարգացման մէջ ունեցած ներդրումը շնորհաւորած է:
Սիրվարդ Գարամանուկ կը մահանայ 19 հոկտեմբեր 2008-ին, 95 տարեկանին:
Փունջ մը ստեղծագործութիւններ վոքալ-նուագախմբային «Ախթամար», 1969, «Երգ Պետրոս Դուրեանի», 1972:
Վոքալ
«Տէր, ես քեզմէ ուզեցի», 1946, «Սիրերգ», «Հոգին», «Երեք կոչեր», «Սէր», «Ողջակէզ»:
Երգչախմբային`
«Պագնեմ զքո լայն ճակատ», 1956, «Գարուն», «Հունձ կը ժողուեմ», «Պինկէօլ», «Սուրբ Գեղարդ», «Սուրբ Մեսրոպ»:
Գործիքային
«Երիտասարդութիւն, հասունութիւն, ծերութիւն»
«Երիտասարդութիւն», «Հասունութիւն», «Ծերութիւն»