Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թուրքիոյ Նորաստեղծ Ցեղապաշտական Եւ Ազգայնական «Լաւ Կուսակցութիւն»-ը (Iyi Parti)

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Թուրքիոյ քաղաքական հոլովոյթը անհրաժեշտ է լաւ կարդալ, յատկապէս` անոր քաղաքական կուսակցութիւններու ծագումը, սկզբունքները, նպատակներն ու աշխատանքային գործընթացը: Միւս կողմէ` պատմական կարեւորութեան համար անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ազգայնամոլական տրամադրութիւնները եւ հակումները միշտ ալ լայն տարածում ունեցած են թրքական հասարակութեան մէջ: Առ այդ, Oսմանեան կայսրութեան բռնի թրքացման քաղաքականութիւնը որդեգրուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ: Այս իսկ պատճառով է, որ Թուրքիոյ մէջ համաթրքութեան գաղափարախօսութիւնը կրողներու եւ իրականացնողներու մէջ առհասարակ մեծ թիւ կը կազմեն` քաղաքական գործիչները, պաշտօնեաները, «գիտնականները» եւ «մտաւորականները»:

Հետեւաբար, մենք` հայերս, իբրեւ պահանջատէր եւ համաթրքութեան ու համաթուրանական բարբարոսական ծրագիրներու մշտական վտանգի մատնուած ազգ, այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք Թուրքիոյ մէջ նոր ծնունդ առած ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ Լաւ կուսակցութիւնը:

ԼԱՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, անոր խորհրդանշանը, դրօշը, կարգախօսը եւ նախագահ Մերալ Աքշեները

25 հոկտեմբեր 2017 թուականին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացած Մերալ Աքշեները իր նախկին կուսակիցներուն հետ ստեղծեց Լաւ (IYI Parti) անունով կուսակցութիւն:

Նորաստեղծ կուսակցութեան շարքերուն մաս կը կազմեն մեծ մասամբ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացած այն գործիչները, որոնք դէմ եղած են կուսակցութեան վերջին շրջանի քաղաքականութեան. Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը վերջին շրջանին դաշինք կազմած է Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ:

Լաւ կուսակցութեան երկու հարիւր անդամներէ կազմուած հիմնադիրներու ցանկին, Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացողներէն զատ, մաս կը կազմեն նաեւ Բարօրութիւն կուսակցութեան, Մայր հայրենիք կուսակցութեան, Ճիշդ ուղի կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան նախկին անդամներ:

Պէտք է յայտնենք, որ Իյի փարթի (Լաւ կուսակցութիւն) թրքերէն անուանումի պատճառը պատահական չէ եղած ազգայնականներու համար, ոչ թէ` թրքերէն բառի իմաստով, այլ` բառին կազմուած պատկերին իմաստով: Կուսակցութեան անունը մեծ կապակցութիւն ունի թուրքերու նախահայրերէն Գայի ցեղին հետ: Քանի որ թրքերէն «իյի» բառը (IYI) երբ գրուի, ինքնաբերաբար կը նմանի երկու նետ եւ անոնց միջեւ աղեղէ բաղկացած` Գայի կնիքին:

Պատմական կարեւորութեան համար կ’արժէ յիշել, որ Գայ խան Կիւն խանի զաւակն է եւ` Օղուզ խանի թոռնիկը, Գայի ցեղի հիմնադիրը: Գայի ցեղը թուրք օղուզ ժողովուրդի 24 խոշոր ցեղերէն մէկն է` պոզոք ցեղային միութեան ճիւղերէն մէկը: «Գայ» բառը կը նշանակէ «ուժի եւ իշխանութեան տէր եղող», որուն խորհրդանիշն է բազէն:

Գայի ցեղը 11-րդ դարուն սելճուքներուն հետ Կեդրոնական Ասիայէն արշաւած է Հայաստան եւ առաջին հերթին կայք հաստատած է Խլաթ (ներկայիս` Ախլաթ, պատմական քաղաք Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Բզնունիք գաւառին մէջ) շրջանը: Գայի ցեղի որոշ խումբերը 14-րդ դարէն սկսած են արշաւել եւ հաստատուիլ Պալքաններու մէջ:

Թուրքիոյ մէջ Պիլեճիք նահանգը կը համարուի Գայի ցեղի կեդրոնը: Օսմանեան կայսրութեան ծագումը, Օսմանեան կայսրութեան արքայատոհմը եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը այս ցեղին կը պատկանին:

Այնուհետեւ, Իյի կուսակցութեան հետաքրքրական անուանումի մասին ազգայնականները կը նշեն այն հանգամանքը, որ կ’ուզեն եւ պիտի աշխատին, որպէսզի Թուրքիան աւելի լաւ դառնայ:

Թրքական նորաստեղծ քաղաքական կուսակցութեան կողմէ իբրեւ կարգախօս ընտրուած է «Թուրքիան լաւ պիտի ըլլայ» արտայայտութիւնը: Կարգախօսի առնչութեամբ կուսակցութեան անդամներուն տեսակէտը հետեւեալն է. «Մեր երիտասարդներուն աշխատանք, կիներուն արժանապատուօրէն ապրելու իրաւունք, ծերերուն խաղաղութիւն ու ապահովութիւն, երեխաներուն ուրախութիւն ու առողջութիւն, մեր ազգին միասնութիւն բերելու համար ճանապարհ ելած ենք: Մենք կանք եւ այստեղ ենք յանուն լաւ Թուրքիոյ»:

Սելճուքեան աստղը, եւ լաւ կուսակցութեան խորհրդանշանը

Լաւ կուսակցութեան անուանումը Գայի ցեղի դրօշէն ոգեշնչուած է, իսկ կուսակցութեան խորհրդանիշը` երկնագոյն կապոյտ գետնի վրայ` 8 ճառագայթով արեւ, դեղին գոյնով ներառուած է: 8 ճառագայթները կապուած են սելճուքեան աստղի 8 անկիւններուն հետ: Այդ պատճառով ալ թուրք մշակոյթի մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ արեւը:

Սելճուքեան աստղը ութ անկիւն ունի, եւ ամէն մէկ անկիւնը հոգեւոր նշանակութիւն մը ունի: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու` իսլամութեան 8 սկզբունքներուն հիման վրայ, եւ ասոնց «դրախտի ութը դարպասներ» անունը կը տրուի. այս ութ անկիւնով աստղը կը խորհրդանշէ դրախտը:

Աստղի ութ սկզբունքներն են` գթութիւն, հաւատարմութիւն, կարեկցութիւն, ճշգրտութիւն, գաղտնապահութիւն, առատաձեռնութիւն, համբերել եւ Տիրոջ երախտապարտ ըլլալ:

Արդ, ազգայնական նորաստեղծ կուսակցութեան անուանումի, անոր խորհրդանշանի, դրօշակի յարաբերութեամբ, Լաւ կուսակցութեան հիմնական նպատակներէն է թրքական հին կայսրութեան վերականգնումը: Բոլորիս ծանօթ է, որ ամէն քաղաքական շարժում կը սկսի երազով, իտէալով, տեսլականով մը:

Մոլեռանդ ազգայնական կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումը կեդրոն-ժողովրդավարական է, պաշտօնական գոյները` երկնագոյն եւ դեղին, իսկ նախագահական խորհուրդը կը բաղկանայ 15 անդամներէ:

Լաւ կուսակցութեան շարքայիններ

Կուսակցութեան հիմնական գաղափարախօսութիւնը կը կայանայ կաղապարուած թուրք ազգայնականութեան սկզբունքներուն վրայ եւ կը հիմնաւորուի հետեւեալ հինգ  ենթագլուխներուն մէջ.

1.- Թրքական ազգայնականութիւն
2.- Ազգայնական մշակոյթ
3.- Ազգայնական տնտեսութիւն
4.- Քեմալականութիւն
5.- Ազգային պահպանողականութիւն

Լաւ Կուսակցութեան կուսակիցներ

Կուսակցութեան սկզբունքները հետեւեալ տասը կէտերուն տակ մանրամասն բացատրուած են.

1.- Թուրք ազգի անվտանգութեան ապահովումը,
2.- Ըլլալ բաց, ազնիւ եւ պատասխանատու,
3.- Բազմակարծիք, մասնակցային, ներառական դրական քաղաքականութեան իրականացում,
4.- Յստակ նպատակներ ունենալ եւ կեդրոնանալ,
5.- Լուծում գտնելու կարողութիւն եւ աշխատասիրութիւն,
6.- Քննադատութեան պարագային ըլլալ բաց եւ պահպանել ազատ մտածողութիւն,
7.- Քաղաքականութիւնը արժէքներու հիման վրայ արտադրել եւ կատարել,
8.- Ազգայնականութիւնը մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներ տեղափոխել,
9.- Յարգանք` այլախոհներու նկատմամբ,
10.- Ազգային շահերու պահպանում` ցանկացած ամպիոնէ եւ որեւէ բնագաւառի մէջ:

Իսկ կուսակցութեան նպատակները նոյնպէս տասը գլուխներու տակ ամփոփուած են.

1.- Պաշտպանել Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման գաղափարախօսութիւնը եւ արժէքները,
2.- Հետեւիլ ժամանակակից քաղաքակրթութեան,
3.- Տիրապետող դարձնել սիրոյ եւ յարգանքի լեզուն,
4.- Պահպանել խորհրդարանական համակարգը,
5.- Հաւասարակշռութեան եւ վերահսկողութեան սկզբունքներու հիման վրայ իրականացնել ուժերու բաժանում,
6.- Ապահովել հաւասար հնարաւորութիւններ,
7.- Պաշտպանել մարդու իրաւունքները,
8.- Յարգանք ցուցաբերել խղճի եւ խօսքի ազատութեան նկատմամբ,
9.- Ստեղծել անկախ, անկողմնակալ եւ արդար դատաիրաւական համակարգ,
10.- Ամբողջապէս եւ արդիւնաւէտ պայքարիլ անօրինականութիւններու դէմ:

2 նոյեմբեր 2017 թուականին Լաւ կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ կայք հաստատեց Խլաթ (ներկայիս` Ախլաթ) շրջանը: Աքշեներ կուսակցութեան հիմնադրութեան նախօրէին յայտարարած էր, որ Ախլաթ պիտի տեղափոխուի: Աքշեների առաջին կանգառը եղաւ պատմական սելճուքեան բացօթեայ գերեզմանատունը, որ նշանաւոր է գերեզմաններու քարերով, որոնք կը յիշեցնեն հայկական բռնագրաւուած Նախիջեւանի, Ջուղայի պատմական գերեզմանատուներու խաչքարերը, որոնք 2005 թուականի դեկտեմբերին ազերի զինուորներուն կողմէ ենթարկուեցան վայրագօրէն քանդումի:

Խլաթի սելճուքեան գերեզմանատունը

Աքշեներ նախահայրերուն գերեզմաններուն դիմաց կանգնելով` աղօթեց եւ անոնցմէ ուժ խնդրեց:

Մերալ Աքշեների հիմնած նոր ազգայնական ուժը բնականաբար ծանր հարուած կը հասցնէ Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարած Ազգային շարժում կուսակցութեան: Կին քաղաքական գործիչը արդէն յայտնած է, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2019-ի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն: Հետեւաբար Թուրքիոյ մէջ արդէն սկսած է քննարկուիլ այն հարցը, որ 2019-ին նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Աքշեներ պիտի ըլլայ Էրտողանի հիմնական հակառակորդը: Ուշագրաւ է, որ ան պիտի ըլլայ առաջին կին քաղաքական գործիչը, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան:

Ո՞վ է Լաւ կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեները:

Մերալ Աքշեները ծնած է 8 յուլիս 1956 թուականին, Իզմիթի մէջ:

1974 թուականին աւարտած է Պուրսայի աղջկանց ուսուցչաց վարժարանը, իսկ 1979 թուականին աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի պատմութեան ճիւղը: Գիտական աստիճան ստացած է «Մարմարա» համալսարանի ընկերային գիտութիւններու հիմնարկէն: Նախքան քաղաքականութեամբ զբաղիլը` դասաւանդած է Եըլտըզի ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, Իզմիթի եւ Մարմարայի համալսարաններուն մէջ:

Մագիստրոսի եւ դոկտորական կոչում ունեցող Աքշեներ եղած է Քոճաէլի համալսարանի յեղափոխութեան պատմութեան բաժանմունքի նախագահը: Հիմնած է «Զուպէյտա հանըմ» նահատակ ընտանիքներու հիմնադրամը եւ վարած է անոր նախագահութիւնը:

Քաղաքականութիւն մուտք գործած է 1995 թուականի ընդհանուր ընտրութիւններու ժամանակ` իբրեւ Պոլսոյ նահանգի պատգամաւոր` Ճշմարիտ ուղի կուսակցութենէն (DYP), երբ ան նոյն կուսակցութեան կնոջական թեւի նախագահն էր: 1996 թուականի նոյեմբերի 8-էն մինչեւ 1997 թուականի յունիսի 30-ը եղած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար:

Աքշեները 1999 թուականին Ճշմարիտ ուղի կուսակցութենէն վերընտրուած է խորհրդարանի մէջ` իբրեւ Քոճաէլիի նահանգի պատգամաւոր: Աւելի ուշ վերընտրուած է 2007, 2011 եւ 2015 թուականներու ընդհանուր ընտրութիւններու ժամանակ` իբրեւ Պոլսոյ նահանգի պատգամաւոր` Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն (MHP):

2007 թուականի օգոստոսի 10-էն մինչեւ 2015 թուականի յունիսի 7-ը Աքշեները եղած է խորհրդարանի փոխնախագահ:

Մերալ Աքշեներ 2016 թուականին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) ընդդիմադիր խումբը գլխաւորած է կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի դէմ:

61 տարեկան Մերալ Աքշեները, որ աշխուժ քաղաքականութեամբ կը զբաղի 1990-ականներէն մինչեւ օրս, գործած է աջակողմեան կուսակցութիւններուն մէջ: Ան եղած է նաեւ Թուրքիոյ մինչեւ օրս միակ կին ներքին գործերու նախարարը:

Արդարեւ, կը տեսնենք, որ համաթրքութեան ծրագիրները անցեալին եթէ իրագործած էին բժիշկ Նազըմը, Էնվերը եւ անոնց խմբակը` Թուրքիստան, Աֆղանիստան եւ կամ այլ տեղեր, եւ հետագային` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, Ռաուֆ պէյը, Զիյա Կէօքալփը` Թուրքիա: Ասոնց բոլորին արիւնով տոգորուած, շաղախուած` ծնունդ կ’առնէր Ալփարսլան Թիւրքեշը, որուն կուսակցութիւնը տասնեակ տարիներ տակաւին կը շարունակէ գործել աւելի մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, ոչ թէ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ ո՛ւր որ թուրք գոյութիւն ունէր:

Իսկ այսօր ահաւասիկ նոյն թափով ծնունդ առած է Մերալ Աքշեների սելճուքեան բարքերով հիմնած ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ Լաւ կուսակցութիւնը:

Կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն մէջ, որքան ալ համաշխարհայնացած կամ արդիական սլաքներ արձակուին, խորքը կը մնայ ազգայնական եւ ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւնը:

Վերջապէս, ուսումնասիրական այս յօդուածով փորձ կատարուեցաւ իրազեկ դարձնել համաթրքութեան եւ համաթուրանական գաղափարներով թրծուած ազգայնական Լաւ կուսակցութիւնը եւ անոր «Իւլքիւճիւ» եւ «Գորշ գայլ»-երու հակում ունեցող մոլեռանդ ազգայնական-ծայրայեղական շարքերը` իրենց գաղափարախօսութեամբ եւ աշխատելաոճով. նաեւ` ընդգծել, որ համաթրքութիւնն ու համաթուրանականութիւնը որպէս գաղափարախօսութիւններ` երբեք ետքայլ չեն ապրած եւ կրնան օգտագործուիլ տարածաշրջանային անկանխատեսելի փոփոխութեան մը ընթացքին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>