Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Բեմադրիչ, Դերասան Դաւիթ Յակոբեանի Ծննդեան 60-ամեակը

$
0
0

Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւնը մասնաւորապէս մեծ համարում եւ յարգանք ունին Դաւիթ  Յակոբեանի թատերական վաստակին:

Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ Հայաստան-սփիւռք մշակութային գործակցութիւնը նոր ծաւալ առած էր, անկախ արուեստագէտներու, խումբերու եւ մտաւորականներու այցելութիւններէն Համազգայինը Լիբանանի մէջ իր գործող «Լեւոն Շանթ» կեդրոնով նոր թափ ու որակ տուաւ իր գեղարուեստի դպրոցներու մակարդակին` Լիբանան հրաւիրելով խումբ մը արուեստագէտներ` երաժշտական, պարային, թատերական եւ այլ մարզերէն ներս իրենց ներդրումը ունենալու:

Ի պատիւ այդ արուեստագէտներու փաղանգին նուիրուածութեան եւ զոհողութեան` այսօր մենք ունինք սերունդ մը, որ այդ արուեստագէտներու պտուղն է:

Փաստօրէն մեր այսօրուան միաւորներու պատասխանատուները անցեալի հայրենի արուեստագէտներու աշակերտներն են, ինչ որ հեռանկարային իմաստով գործը յաջողած կը սեպուի:

Այդ օղակներուն մէջ իւրաքանչիւրը իր դերը ունեցաւ: Ինքնուրոյն, Համազգայինի առաքելութեան հաւատարիմ եւ մեծ նուիրումով աշխատողներէն էր Դաւիթ Յակոբեանը:

Վիգէն Ստեփանեանով սկսած մանկապատանեկան թատրոնի շարժումը 2003-2006 տարիներուն վեց ներկայացումներ բեմադրեց եւ այդ բեմադրութիւններուն ընդմէջէն երիտասարդ դերասաններու սերունդ մը պատրաստեց:

Անցնող ամսուան մէջ Համազգայինի Սօս Սարգիսեանի անուան պետական թատրոնի մէկ ներկայացումէն ետք անակնկալօրէն դերասանները իր թատերական վաստակին 60-ամեակը տօնեցին:

Հայրենիքէն եկած լուրերը խանդավառեցին մեզ, եւ մենք ալ մեր կարգին թատերական էջով մեր երախտագիտութիւնը կ՛ուզենք կրկին անգամ յայտնել Դաւիթ Յակոբեանին:

Մենք ալ, իբրեւ «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւն, այս առիթով մեր երախտագիտական զգացումները կը յայտնենք արուեստագէտին` հաստատելով, որ անոր թատերական 60 տարիներու վաստակին մէջ Լիբանանն ալ ունեցաւ բախտը` վայելելու անոր թատերական շնորհքը:

Վարձքդ կատար:

Սեպտեմբեր 13-ին վաստակաւոր արուեստագէտ, դերասան, բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեանի ծննդեան 60-ամեակն էր: Դերասանը իր 60-ամեակը սկսաւ անակնկալներով, որոնց հեղինակները ոչ միայն ընտանիքի անդամներ էին, այլեւ` ուսանողներ ու գործընկերներ: Յոբելենական երեկոյին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ դերասանը հանդիսատեսին ներկայացաւ «Փրկութեան կղզի» բեմադրութեան տօնական ձեւաչափով: «Որպէս դերասան` իսկական փորձութիւն ապրած ու յաղթահարած եմ. նախատեսուած էր, որ պէտք է ներկայացում մը խաղանք, որմէ ետք շնորհաւորանքներ կը հնչեն ու հիւրասիրութիւն կ՛ըլլայ: Բայց գործընկերներս որոշած էին զիս փորձել ու հասկանալ` կրնա՞մ տակէն դուրս գալ, թէ՞ ոչ: Ներկայացումը մէկ հատուածէն անսպասելի ընդհատուեցաւ ու բեմ մտաւ մէկ այլ ներկայացման դերակատարներէն մէկը, որուն հետ այդ բեմադրութեան մէջ խաղացեր ենք 15 տարի առաջ: Յանպատրաստից սկսայ այդ տեսարանը խաղալ: Այնուհետեւ` 2-րդը, 3-րդը եւ այդպէս շարունակ… Փաստօրէն, ես բեմին վրայ տարբեր տարիներու քանի մը ներկայացումներէն հատուածներ խաղացի: Շատ ուրախացայ այս անակնկալէն», զրոյցի ընթացքին մանրամասնեց ան:

Բեմական այս անակնկալին իրենց մասնակցութիւնն բերած էին դերասանի որդին եւ հարսը, սակայն անոնք յաջողած էին հայրիկէն այդ ամէնը գաղտնի պահել:

Անդրադառնալով տարիներու ձեռքբերմանն ու կորուստներուն` Դ. Յակոբեան խոստովանեցաւ. «Գլխաւոր ձեռքբերումը ընտանիքս է, գործընկերներս, ընկերներս, աշակերտներս: Կրկին համոզուեցայ, որ անոնք զիս շատ կը սիրեն: Ի՞նչ կայ կեանքին մէջ առաւել կարեւոր, քան այն, որ դուն մինակ չես: Ցաւօք, կորուստներ ալ ունիմ, հարազատներէս շատերը կորսնցուցած եմ: Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, կեանքը կը շարունակուի»: «Թէեւ, եթէ անկեղծ ըսեմ, 60-ի մէջ սարսափելի ոչինչ կայ: Բոլորին խորհուրդ կու տամ չվախնալ ու հանգիստ այդ շեմը յաղթահարել: Կարեւորը` ընտանիքին, աշխատանքին, շրջապատին մէջ պէտքական ու պահանջուած մարդ ըլլալն է», ընդգծեց ան:

Յոբելեարին ուսանողները ժամացոյց նուիրած են, որ նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի:

60 տարիներու ընթացքին իր ստացած ամենակարեւոր դասը Դաւիթ Յակոբեանը այսպէս ձեւակերպեց. «60 տարիներու ընթացքին սորված եմ երբեք չվիճիլ յիմարին հետ, որովհետեւ յիմարին հետ վիճելով` կ՛իջնես իր մակարդակին, խելօքին հետ ալ իմաստ չունի վիճիլը, քանի որ արդէն քեզմէ խելօք է, ալ ի՞նչ վիճիս…»: Դ. Յակոբեան համամիտ է այն տեսակէտին, որ երիտասարդութիւնը հոգեկան վիճակ է, ան ըսաւ. «Թատրոնը երիտասարդի արուեստ է, ի հարկէ, երբ կը ծերանաս, պիտի հեռանաս: Իսկ եթէ չես զգացած, դեռ կրնաս խաղալ, ուրեմն երիտասարդ ես: Եւ երանի երիտասարդ մահացող դերասաններուն, որոնք կը հեռանան 75-էն ետք…»: Ան իր գործընկերներուն ալ անդրադարձաւ. «Առանց գործընկերներու` կեանք չկայ… Կ՛ուզեմ ինձմէ անպակաս ըլլան յատկապէս իմ տաղանդաւոր գործընկերները»:

Ծննդեան օրուան մտապահած երազանքն է` առողջ ըլլալ ու այնքան ապրիլ, որ կարենայ ծոռան հարսանիքին պարել:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>