Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տարի Մը Առանց Արայի *

$
0
0

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տարի մը կ՛ընէ արդէն, որ Արա Տէմիրճեանը իր ընտանիքի հարազատներուն եւ մեր մօտ չէ: Այս ներկայ վայրկեանը անոնցմէ է թերեւս, որոնց ինք պիտի ուզէր ներկայ ըլլալ. ո՛չ անպայման  լսելու համար, թէ իր մասին ի՛նչ կը խօսուի. այլ ընդհակառակն, որպէսզի իր ներկայութեան մարդ չհամարձակի իր մասին խօսելու: Խօսքով արտայայտուող գովասանքը մանաւանդ` իրեն համար արհամարհելի էր, նոյնիսկ եթէ անկեղծ խօսքերու շարադրանքով հրամցուէր ան: Արան լռութեա՛ն մարդն էր: Ատիկա չի նշանակեր սակայն, որ ան իր մտածումներն ու զգացումները չէր դրսեւորեր: Ան զանոնք կ՛արտայայտէր իր լռութեամբ. աւելի ճիշդ կ՛ըլլար ըսել` իր լռութիւններով, որովհետեւ անոնք միատեսակ ու միօրինակ չէին: Իր եւ իր չակերտաւոր խօսակիցին միջեւ ժամանակի ընթացքին կը զարգանար լուռ լեզու մը, որուն բառերն ու նախադասութիւնները ոչինչ կը զիջէին ձայնաւոր լեզուի մը ճշգրտութենէն: Սեղանիդ վրայ համակրանքով նետուող թուղթի մը վրայ, սրբագրութիւններով որոշ չափով խճողուած, սակայն ընդհանուր առմամբ մաքուր գրութիւնը կրնար նշանակել. «անգամ մը նայէ՛. կարծեմ այսպէս լաւ է». կամ ի գործ դնելով իր եւ քու հայաստանեան տարրական փորձառութիւնը` «չստացուեց. սրբագրութեան կը կարօտի» կամ ալ համակերպած` «ասկէ աւելի լաւ չ՛ըլլար»:

Հակառակ այս առասպելական սակաւախօսութեան, իր կեանքի վերջին քառասունհինգ տարիներու ընթացքին Արան հանդիսացաւ դաշնակցական միջավայրի ամէնէն հանրածանօթ դէմքերէն մէկը: Ո՛չ անիրաւաբար: Իր լռութիւնը կարեւոր չափով արդիւնք էր, կը կարծեմ, իր ստացած կազմակերպական դաստիարակութեան. ասիկա կարելի է հաստատ ըսել, որովհետեւ իր ընկերային կեանքին մէջ Արան յաճախ հաճելի ձայնաւոր խօսակից էր: Արան տասնամեակներու իր կուտակած փորձառութեամբ ու տեղեկութիւններով Դաշնակցութեան բնախօսական «կարծր սկաւառակ»-ն էր` ամուր կերպով ապահովագրուած ենթակայի ուժեղ եւ անկոտրում կամքի բարդ գաղտնաբառով: Իր շրջապատը գիտէր, որ ինք ամէն ինչ գիտէ, սակայն չէր համարձակեր իրեն նուազագոյնը հարցնելու: Գիտէին, որ ընդհանրապէս խոժոռադէմ իրենց ընկերոջ կազմակերպական սկզբունքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը շատ աւելի ուժեղ է, քան իր ընկերներուն հանդէպ զգացած սէրն եւ ունեցած վստահութիւնը:

Հասարակութեան այսօրուան կացութեան հետ ամէնէն հարեւանցի բաղդատականն իսկ երեւան կը հանէ տարբեր ժամանակներու իրարու հակադիր տարբերութիւնները: Արաներու գիտակից ու ճշգրտօրէն պատասխանատու հրապարակային լռութեան դիմաց` առկայ է յաճախ սխալ պարունակութեամբ կամ լաւագոյն պարագային մօտաւոր իրականութիւններ սփռող շատախօսութիւնը. այսինքն` անանուն ներկայացուող կամ չնաշխարհիկ կեղծ անուններու ետին թաքնուող ելեկտրոնային երկչոտ գրաւոր շաղակրատութիւնը: Հասարակութիւն մը դէպի անդամալուծութիւն, մասնատում ու վախճանական ինքնաքայքայում առաջնորդելու աւելի վստահելի ճանապարհ հազիւ թէ կարելի ըլլայ հնարել: Մանաւանդ երբ տուեալ հասարակութիւնը մէկ կողմ դրած է իր ճիշդ ճամբան ցոյց տուող, թերեւս հին, բայց` միշտ վերանորոգելի կողմնացոյցները:

Վիճակը անշուշտ յուսահատական չէ, որովհետեւ արհեստագիտական նոյն միջոցները օգտագործելով չափազանց դրական արդիւնքներու կարելի է հասնիլ: Ատոր համար անհրաժեշտ չէ անպայման խրիլ հեռաւոր պատմութեան հատորներու մէջ. այլ` բաւական է  ապրող անհատի կենսագրութեան մօտաւոր անցեալի կացութիւնը մտաբերել` զինուիլ կարենալու համար անհրաժեշտ ոգեկան զրահներով: Բաւական է մտաբերել Արաները, անոնց փոքր ու մեծ իրենց պէս մեզմէ բաժնուած ընկերները, այլեւս մաքրուած կենդանութեան դեռ նշմարելի մանր-մունր պակասներէն ու թերութիւններէն, որպէսզի անիւը սկսի ճիշդ ուղղութեամբ թաւալիլ: Իսկ բոլոր ժամանակներուն ու ամէն տեսակի կացութիւններու մէջ պատասխանատուութիւնը հաւաքական եղած է:

Արան ինքը մեծ թռիչքներու մարդը չէր: Սակայն փոխարէնը չափազանց բծախնդիր էր տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած օրէնքներու կիրառման հարցերուն մէջ: Ան նոյն բծախնդրութիւնը կը պահանջէր ինքն իրմէ: Զինք ճանչցած եմ առաւելաբար ժողովներու մէջ, որոնց ընթացքին ան պատասխանատու էր ատենագրութեան պատրաստութեան: Ժամերով առանց տեղէն շարժելու կ՛արձանագրէր: Հեռուէն միայն գրիչի գլխուն շարժումը կ՛երեւէր: Երբեմն իր նայուածքը կը շեղէր այն ուղղութեամբ, ուրկէ զինք չխանդավառող առաջարկ կամ արտայայտութիւն մը հնչած կ՛ըլլար: Յանկարծ առանց բան մը ըսելու ձեռքերը իրարու շփելով վեր կը բարձրացնէր ու ոտքի կ՛ելլէր: Ժողովավարը կը հասկնար, թէ Արան յոգներ է եւ հետեւաբար դադարի պահը հասած է: ժողովը կ՛ընդհատուէր, մինչեւ որ Արայի մատները կրկին գործօն դառնային: Այս արարողութիւնը երեք-չորս օրերու ընթացքին մեծածաւալ ու հաստափոր տետրակ մը կը լեցնէր: Արային բուն տանջանքը կը սկսէր սակայն ժողովէն ետք, երբ այդ տետրակէն պէտք էր պատրաստել կուռ, սակայն` ժողովը հարազատօրէն ներկայացնող ամբողջական վերջնական ատենագրութիւն մը. այդ գործը ընդհանրապէս ժողովէն աւելի ժամանակ ու ջիղ կը խլէր իրմէ: Պատրաստուած ատենագրութիւնը աչք մը նետելու համար կը ներկայացնէր, քանի «մէկու մը գրածին սխալները իրեն համար յաճախ աներեւոյթ կը դառնան»: Շատ քիչ պատահած է, որ այդ ատենագրութիւններուն մէջ մանրամասնութիւն մը սխալ արձանագրուած ըլլայ իր կողմէ. վերստուգողը առհասարակ միայն մեքենագրական սխալներ կը գտնէր այդտեղ: Ատկէ ետք կու գար ատենագրութեան մէջ արձանագրուած որոշումներէն բխող նամակներու եւ շրջաբերականներու խմբագրութեան հերթը: Այդտեղ պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ էր, քանի յստակութեան նուազագոյն կասկածը կրնար  անախորժ թիւրիմացութիւններու դուռ բանալ. սխալ չէր պատահեր սակայն: Մէկ խօսքով` իր սեղանի աչքով տեսանելի կարգ ու կանոնը կ՛արտացոլար իր գրութիւններուն ընդմէջէն:

Կ՛ըսեն, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ: Ատիկա, ի հարկէ, ճիշդ է. մանաւանդ երբ մէկու մը մահը դիտուի հասարակական ակնոցով: Սակայն անհատական գետնի վրայ, գացողի մը պակասը ոմանց մօտ երբեմն երկար ժամանակ սուր կերպով կը զգացուի: Արայի պարագան այդպիսին է:

Պէյրութ,  19  նոյեմբեր  2017

*Խօսք` արտասանուած Արա Տէմիրճեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով տեղի ունեցած յիշատակի հանդիպումին ընթացքին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles