Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Նոյեմբեր Գ. –Անկիւնադարձային Ժողով

$
0
0

Սուրիական պատերազմը հրահրողները եւ շրջանը քրիստոնեաներէ պարպելու միտող դաւադրական ծրագիրները անկասկած նկատի պիտի չառնէին քրիստոնեաներուն դարարմատ ներկայութիւնը, անոնց շինիչ դերակատարութիւնը եւ յատկապէս ունեցած ներդրումը Միջին Արեւելքի քաղաքակրթութեան մէջ: Ընդհակառակը` անոնց նպատակն էր քայքայել տարածաշրջանը, ջնջել քրիստոնեաներուն հետքը ու սրել համայնքային լարուածութիւնները` անտեսելով այնտեղ դարարմատ ներկայութիւն ունեցող ցեղերուն, ազգերուն գոյապայքարն ու մշակոյթը:

Պատերազմի առաջին օրերէն հայ համայնքին դիրքորոշումն ու գաղութին կառչած մնալու որոշումը զգացական կապուածութեան կամ սոսկ հայկական պատմական ժառանգութեան պահպանման չէին աղերսուած, այլ հայութեան շինիչ ներկայութեան ու տարածաշրջանին մէջ ունեցած ներդրումին պահպանման հեռանկարին:

Ստեղծագործ ու շինարար հայը դարերու ընթացքին դրական ներկայութիւն եղած է Սուրիոյ մէջ` հարստացնելով երկրին ճարտարարուեստը, մշակոյթը, արհեստներն ու արուեստները: Ան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելով երկրի զանազան շրջաններու իշխանութեանց հետ, մեծ յարգանք վայելած է անոնց կողմէ` մնայուն կերպով ջատագովը հանդիսանալով երկրի զարգացումին, արդար հասարակարգի ստեղծումին, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան:

Քրիստոնեաները, որոնց կարգին նաեւ հայերը, այս տարածքներուն վրայ ապրած են դարեր շարունակ,  ուստի անոնց ներկայութիւնը կամայական դրդումներով վերացնելու փորձերուն դէմ մաքառումը կու գար անգամ մը եւս վկայելու, թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի ընդհանուր հիւսուածքին անբաժան մէկ մասնիկը պիտի շարունակէ մնալ:

Այս ճշմարտութիւնը մէկէ աւելի անգամներ կրկնեց նաեւ երկրիս նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատը, վերջին անգամ արաբ ազգայիններու հետ իր հանդիպման ընթացքին, երբ ըսաւ. «Այս տարածաշրջանին մէջ բնակողները կը միանան պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ, փոխադարձ շահերով ու քաղաքակրթութեամբ: Սուրիոյ մշակութային ժառանգութիւնը համադրումն է  մշակութային ժառանգութեան այն ժողովուրդներուն ու ցեղերուն, որոնք ապրած ու ստեղծագործած են այս տարածաշրջանին մէջ»:

Այս իմաստով անկիւնադարձային էր Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը, որ վերականգնումի եւ վերաշինութեան իր ծրագիրներով, բայց մանաւանդ համայնքի զաւակներուն հոգեւոր, բարոյական, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան բազմաբնոյթ ծրագիրներու գործադրութեան տնօրինումով կու գար հաստատելու սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու վճռակամութիւնը, սուրիական հայրենիքին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու համայնքին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դիմաց համախմբուած ժողովականներուն խմբանկարը խօսուն վկայութիւնն էր այն իրողութեան, որ կառոյցներու քանդումով, սարսափի ու վախի մթնոլորտի ստեղծումով կարելի չէ մեր ժողովուրդին հոգեկան թռիչքը խափանել, տեսիլքը խամրեցնել: Փաստօրէն էականը կառոյցը չէ, այլ անոր դերակատարութեան հանդէպ  հաւատք ունեցող հաւաքականութիւնը: Քանդուածը կը շինուի ու մեր երթը կը շարունակուի:

Թռիչքը ընթացք առած է կրկին, կը մնայ զօրավիգ կանգնիլ դէպի յառաջ ընթանալու յանդգնութիւն ունեցող անհատներուն, ղեկավարներուն, երիտասարդներուն, ու պատերազմէն ետք աւելի ուժեղ թափով վերականգնումի աշխատանքին լծուիլ: Աշխատանք, որ կը պահանջէ կամք, հայեցակարգ ու նուիրում:

Կրաւորականութենէ դուրս գալու լրջագոյն պահն է:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>