Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ղազախստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպան Վազգէն Գավլագեան Կը Պարգեւատրուի Պատուոյ Դոկտորականի Վկայականով

$
0
0

16 նոյեմբեր 2017-ին  Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գտնուող «Քազկու» համալսարանը Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գավլագեանը պարգեւատրեց պատուոյ դոկտորական վկայականով` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահին, Ղազախստանի դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, դասախօսներուն եւ ուսանողներու:

Համալսարանի նախագահը մասնաւորաբար նշեց, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին Վազգէն Գավլագեանը աշխուժ մասնակցութիւն եւ ներդրում բերած է զանազան առիթներու եւ տարբեր նիւթերով տուած դասախօսութիւններով:  Ան իր ներդրումը բերած է նաեւ համալսարանին մէջ ստեղծուած ակադեմական-դիւանագիտական ակումբի աշխատանքները առաջ տանելու: Վ. Գավլագեան աշխուժ եւ դրական մասնակցութիւն բերած է նաեւ օտար քաղաքական դէմքերու, համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ելոյթներու ընթացքին հարցադրումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ղազախստանի յարաբերութիւններու սերտացման նպատակով տարուած աշխատանքներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>