Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գրողի Անկիւն. Ապրի՛ս, Տէր Պապ…

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խաղողօրհնենքի կիրակին էր: Օ՛հ, ներեցէ՛ք: Սխալեցայ: Կողակիցս դարձեալ զիս սրբագրեց: Պէտք էր, որ ըսէի «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» տօն, չորրորդ տաղաւար… եւ պէտք էր, որ անպայման եկեղեցի երթայինք:

Չեմ դժկամիր: Եկեղեցի կ՛երթամ հոգիիս աղաղակին պատասխանելու: Չէ՞ որ ես ալ քահանայի թոռ եմ եղած: Տակաւին հաւատքը պահած է գիտակցութիւնս: Այդ մէկը զգալի է: Միւս կողմէ, սակայն, ամբողջ շաբաթը սենեակիս պատուհանէն եւ կամ դուրսը` պարտէզս նստած, ընթերցումի կամ խոկումի կողքին, աղաւնիներու սիրերգը մտիկ ընելէն յոգնած էի:

Պատարագը նոր «մտած էին», երբ եկեղեցի հասանք: Փորձեցի ինքնաշարժը պահել շէնքի կողքի երեք կանգառներէն մէկուն մէջ: Ո՛չ մէկ տեղ: Բոլորն ալ` «բերնէ բերան» լեցուն: Մա՛րդ Աստուծոյ, ըսի մտովի, քանի մը հատ սկաուտ դրէ՛ք, կամ պահակ, կամ հսկիչ, որպէսզի կանգառներու մուտքն ու ելքը հսկեն, կանոնաւորեն: Այս մասին ո՞վ է մտածողը: Մարդիկ, պատասխանատուներ` կ՛երեւի ասկէ աւելի կարեւոր «բաներ» ունէին կատարելիք ներսը, եկեղեցւոյ մէջ: Այս ուրիշ խնդիր է: Կը ներէք: Վերջապէս, երկու փողոց անդին տեղ մը գտայ: Քիչ մը ջղային հասայ եկեղեցի: Աստիճաններէն վեր բարձրացայ ու փորձեցի ներս մտնել: Աստուա՛ծ իմ, կարծես Ծնունդ կամ Զատիկ ըլլար: Աննկարագրելի խճողում: Կանգնելու տեղ չկար: Հաւանաբար աղօթելէ առաջ եւ աւելի` եկած էին խաղող «առնելու»: Որո՞ւ հոգը:

Հապա՞ ներսը, մէկ կողմէ աւագ սեղանին, երբ շարականները կը բարձրանային, անդին մուտքին, ներկաները աղմուկով զիրար կը հրմշտկէին: Իրենց համար կարեւորը ներս մտնել, տեղ մը, նստարանի մը ծայրը տեղաւորուիլն էր, մինչ հոգաբարձուները գործի լծուած էին, այդ խճողումին մէջ եկեղեցւոյ երկայնքին ու լայնքին կ՛երթային ու կու գային` եկուորներուն «պարապ» տեղեր փնտռելով: Ապա երբ յարմար «տեղ» մը գտնէին, մեծ բարիք մը ընողի գոհունակութեամբ, հաւատացեալներու ուշադրութիւնը գրաւող շարժումներով, իրենց ցուցամատով «տեղ փնտռողը» կը կանչէին մեծ սրահներու թուագրեալ աթոռներու առաջնորդող պաշտօնեաներու նման: Ահա քեզի, «դրամ հաւաքելու» կողքին, ուրիշ «գործ» մըն ալ: Դարձեալ` ինծի ի՛նչ: Այս ալ ուրիշ հարց է:

Իմ կարգիս, բոլոր ուժերովս մարդկային այս «ալիքը» դէպի առաջ հրելով, քրտինքոտ ճակատով կամաց կամաց եւ աներեսաբար ոչ միայն ներս հասած էի, այլեւ կարողացած` սանկ մէկ ու կէս հոգինոց տեղ մը գտնել, խորանին մօտիկ նստարաններէն մէկուն վրայ, տարեց կնոջ մը կողքին: Նոր դրացուհիս վերէն վար սեւեր հագած մամիկ մըն էր: Ճերմակ թաշկինակ մը` ձախ ձեռքին: Երբ զիս տեսաւ, փէշերը հաւաքեց, պայուսակը նստարանին վրայէն վերցնելով` դրաւ ցած, երկու ոտքերուն մէջ ու նիհար ձեռքերով նշան ըրաւ, որ մենք` էրիկ-կնիկ իր մօտը նստէինք: Շնորհիւ այս բարի սամարացիին` կրցանք տեղաւորուիլ բառին իսկական իմաստով: Անմիջապէս շնորհակալութիւնս ցած ձայնով յայտնեցի ու արագօրէն տեղս գրաւեցի: Կինը կ՛երեւի զիս չլսեց: Շատ լուրջ եւ խոր հաւատացեալի մը տպաւորութիւնը ունէր: Երբեմն խորան եւ երբեմն ալ դէպի վերերը նայելով` սրտանց կ՛աղօթէր: Ձայնը յստակ կը հնչէր` հասնելով նոյնիսկ պատերու վրայի սուրբերուն, որոնք կարծես այդ պահուն հոգի առած ըլլային ու զինք վերէն դիտէին: Աղօթքին բառերը գինիի նման կ՛այրէին շրթները: Այսպէս են մեր հաւատացեալ մամիկները: Այսպէս է նաեւ մեր պատարագը, որ իր շուրջ կը ժողվէ բոլորին սրտերը: Իսկ ես, իրմէ վարակուած, ամբողջ սրտով անմիջապէս կ՛ուզէի կառչիլ երգին, լոյսին, խունկի հարբեցուցիչ բուրումին: Դժբախտաբար դուրսը կանգառներու «ժամավաճառութիւնս» մեզ հասցուցած էր օրուան քարոզի պահին: Եկեղեցին իսկապէս տօնական բնոյթ առած էր: Պատարագ եւ աղօթք` բոլոր տարիքի մարդոց ձայներով:

Եւ ահա վերջապէս պատարագիչ տէր հայրը, հանդիսաւոր կերպով մօտենալով խորանին վրայ իրեն համար դրուած գրակալին, սկսաւ օրուան յատուկ իր պատգամ-քարոզին, որուն նիւթն էր` Ս. Մարիամ Աստուածածինը: Քահանան կը խօսէր հանդարտ: Յաճախ բարձր ձայնով եւ յատուկ շեշտով կը պարզաբանէր: Իսկապէս, որ շունչ կար բառերուն մէջ: Մարմաջ մը` նոյն այդ բառերու ետին: Տեսակ մը հաւատքով լեցուն` արձակ լեզու: Քաղցր խօսք: Ձայնին մէջ յուզումը թանձրացած էր եւ դարձած` շեշտ, հոգիէն փրթած բեկոր, համակրանքով խառն նայուածքով: Չէի զարմացած: Ծանօթ էի քարոզիչի ոճին, բառերուն եւ վարակիչ ապրումներուն: Բառեր, որոնք լոյս կու տային ներկաներու գիտակցութեան: Դրացուհիս ալ, ինծի նման, ուշի ուշով կը հետեւէր այդ բառերուն: Հաստատապէս հաւատքը պահած էր իր մտքի պայծառութիւնը: Առիթէն օգտուելով` չորս կողմս նայեցայ: Վիզս աջ-ձախ պտտցուցի: Երկարեցի: Իսկապէս յուզիչ բան մը կար օդին մէջ: Թէեւ բոլորն ալ եկած էին խաղող վերցնելու, սակայն եւ այնպէս ամէն մարդ մօտէն կը հետեւէր «խօսքին»: Քահանան զուարթ դէմքով եւ հոգեկան երանութեան ցոլացումով Ս. Աստուածածնի յատկութիւնները կը կապէր հայ մօր հետ: Բառերը պարզ էին եւ անփոխարինելի: Հայ մայր, գութ, խիղճ, սէր, հաւատք,  հաւատարմութիւն, հերոսութիւն, զոհաբերում, հայապահպանում, քաջարի մարտիկուհի, հայոց լեռներուն` իր ամուսնոյն զինակից եւ Տէր Զօրի անապատի տաք ու կիզիչ աւազաններուն վրայ իր զաւկին մեր հայերէն տառերը սորվեցնող հայուհի, ու վերջաւորութեան` բարձրաձայն կոչ, թելադրանք ու խրատ` բոլորին ու յատկապէս մայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որ անպայման իրենց զաւակներուն եւ կամ թոռներուն հետ, տան մէջ թէ դուրսը, մայրենի լեզուով խօսին: Տան մէջ հայերէնը չբացակայի` շեշտաւորուած յորդորեց քահանան:

Ահա՛ Ս. Աստուածածին եւ ահա՛ հայ մայր: Կ՛ըսէի մտովի: Նոյնն էին այդ վայրկեանին: Նոյնարժէք: Նոյնացած: Եկեղեցին լուռ էր եւ անշարժ: Շուրջս տիրող խորհրդաւորութիւնը զիս ալ, բոլոր ներկաներուն նման, տարած էր ուրիշ աշխարհ` մաքուր, խաղաղ եւ նոյնքան ալ հերոսական: Պաշտամունքի մթնոլորտ: Եւ յանկարծ, ո՜վ հրաշք, երբ քարոզիչը իր վերջին բառերը հազիւ արտասանած` դէպի սուրբ սեղան կը դառնար, դրացուհիս ոտքի ելլելով, բացագանչեց` «Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ», ու սկսաւ ծափահարել: Այս տեսարանը զիս ալ զարմացուց: Ընդհանրապէս մենք մեր եկեղեցիէն ներս չենք ծափահարեր: Մերինը սրահ չէ: Մեզի համար սրբավայր է: Աղօթավայր: Թէեւ յաճախ պսակներու ընթացքին հանդիպած էի օտարներու, որոնք մեր եկեղեցիէն ներս նորապսակներու եկեղեցէին դուրս գալու պահուն, իբրեւ ուրախութեան արտայայտութիւն` ծափահարութիւններով եւ բարձրաձայն աղմուկով ողջունած էին, սակայն այս մէկը իսկապէս որ նորութիւն էր ինծի համար: Ուստի մէջս անակնկալ երկիւղ մը բռնեց: Ու ի՜նչ զարմանք, ծափը իր կարգին արձագանգեց, ամբողջ եկեղեցին թնդաց: Հաւատացեալները ոտքի ելան: Քարոզիչի մանաւանդ վերջին խօսքերը ներկաներուն գիտակցութիւնը արթնցուցած էր: Բոլորին աչքերուն մէջ հայ մօր պատկերը յոյսի ու խաղաղութեան թեւերով եկած էր սաւառնիլ: Կը զգայի, որ դարձեալ հայու հոգին պայքարի մէջ էր: Շանթահար իրականութիւն: Զարմանքս թակած էր մտքիս բոլոր դռները, ու ես ալ ինքնակոչ, ոտքի ելլելով, սկսայ հետեւիլ ամբոխի շարժումներուն: Երկար ծափահարեցի: Իր կարգին, սակայն, տէր հայրը հանդարտ ու խաղաղ, վերադառնալով դէպի մայր սեղան, շարունակեց պատարագը: «Հայր Մեր»-ը եկաւ եկեղեցին լեցնելու նոր կեանքով ու խաղաղութեամբ:

Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ…

***

Ինծի տրուած խաղողի տոպրակը վերցնելէ ետք տուն վերադարձանք` միշտ մտքիս մէջ ունենալով երգի եւ երգիչի յստակ տարբերութիւնն ու ներուժը: Երգը բոլորս ալ գիտէինք եւ գիտենք, դարձեալ կ՛ըսէին մտովի: Ուրեմն էականը երգիչն էր:

«Երգի՛չ» տէր հայր:

Ու հաւատացեալ դրացուհիիս ձայնը ականջիս մէջ պահելով` փորձեցի առանձնանալ սենեակիս մէջ: Ինծի այնպէս կը թուէր, որ այդ օր կրկին անգամ նորոգած էի հաւատքիս մաշած ոտնամանները:

Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ… վա՛րձքդ կատար:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>