ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Դէպքը կը պատահի Նորվեկիոյ մէջ, 1880-ականներուն… ո՛չ, ո՛չ, դէպքը կը պատահի Լիբանան, 2017 թուականին… ո՜չ… Դէպքը կը պատահի ամէն օր, ամէն վայրկեան, բոլոր ժամանակներուն եւ տեղանքներուն… Արդարեւ, այս անգամ դէպքը միայն թատրերգութեան մէջ ընդգրկուած նիւթը չէ, այլ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմ բարձրացած աշխատանքն է նաեւ: Կը խօսիմ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցած «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութեան մասին:
Անցած շաբաթավերջին եւ այս շաբաթավերջին, հինգ ելոյթներով բեմ կը բարձրանայ Հենրիկ Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին»` թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի ու բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Ներկայացումին կը մասնակցին 15 դերասաններ` արհեստավարժ, փորձառու եւ անփորձ, նաեւ` բեմավար, լուսաւորման ու ձայնասփռումի սարքաւորողներ, բեմի ու տարազի ձեւաւորողներ ու գործադրողներ, վարսայարդար, դիմայարդար, ինչպէս նաեւ` թատերախումբին վարչութիւնն ու բարեկամները: Ներկայացումին կը մասնակցի նաեւ հանդիսատեսը, մանաւանդ` երիտասարդ հանդիսատեսը (հոգիով ու մտածելակերպով երիտասարդ), իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերելով իշխանութիւններուն հետ ունեցած իր փորձառութիւնը, ապրումներն ու տագնապները: «Եթէ գործը քեզի տագնապիլ չի տար, ուրեմն յաջողած չէ», կ՛ըսեն շատեր. եւ այդպէս է. կը տագնապիս բեմին վրայ կանգնած տոքթոր Թոմ Շթոքմանին հետ, թէկուզ` տիկին Քաթրինա Շթոքմանին հետ, կամ ալ` քաղաքապետ Փիթըր Շթոքմանին հետ: Կը տագնապիս, քանի որ 1880-ականներուն գրուած թատրերգութիւնը շատ այժմէական է, մինչեւ իսկ` Լիբանանին հարազատ: Կը տագնապիս, քանի որ ի՞նչ է կեանքը, եթէ ոչ` ուժերու պայքար…
… այս անգամ երկու ուժերու միջեւ:
Ամէնէն առաջ ուժերը դիտենք բեմին ձեւաւորման ընդմէջէն:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ երեք վայրերու մէջ: Վայրերը կը փոխուին շրջող բեմին վրայ: Նախ կը տեսնենք Շթոքմանին նստասենեակը, ապա «Ժողովուրդի ձայնը» խմբագրատունը եւ վերջապէս` նաւապետ Հոլսթերին տունը: Տեսարաններու փոփոխութեան ամբողջ ընթացքին, երբ լոյսերը կը մարին, երաժշտութիւն կը բարձրանայ ու բեմը կը շրջի, մնայուն ներկայութիւն կը վայելեն բեմին երկու ծայրերը կանգնած պատերը, իւրաքանչիւրը` ներկայացնելով ուժ մը, մին հերոսը, միւսը` հակահերոսը: Անոնց ներկայութիւնը այնքան ալ տեսանելի չէ պարզ աչքին, ինչպէս որ տեսանելի չեն մեր առօրեային մաս կազմող բոլոր ուժերը (մենք երբեմն կ՛ապրինք առանց իսկ նկատելու, որ մեր քայլափոխերը նախապէս ճզմուած են հայրիշխան ուժերու մուրճին տակ): Բեմի ձեւաւորող Վարանդ Ալեքսանդրեան այնպէս մը ձեւաւորած է բեմը, որ իրապաշտ ու խորհրդապաշտ դրսեւորումները մէկտեղուին:
Իսկ մեզ մէկ պատկերէն միւսը փոխադրող երաժշտութիւնը այլ ազդեցիկ ազդակ մըն է այս թատրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ է տեսարաններուն ընթացքին լարուած պահերը ալ աւելի խորհրդաւոր դարձնող երաժշտութիւնը: «Հիմնականօրէն Լէոնարտ Ռոզընմանի ու Հանս Զիմըրի յօրինումները օգտագործած եմ», կ՛ըսէ Սուրէն Խտըշեան` շարունակելով. «Ընդհանրապէս երաժշտութիւնն ալ կը պատմէ դէպքերուն մասին: Անջատուած չի կրնար ըլլալ երաժշտութիւնը դէպքէն: Երբ լարուած վիճակ մը կայ կամ ճշմարտութիւն մը կ՛ըսուի բեմին վրայ, Զիմըրի յօրինումները կը լսենք, իսկ անցումային պահերուն` Ռոզընմանինը»:
Բժիշկն ու քաղաքապետը` երկու եղբայրներ, իւրաքանչիւրը կառչած` իր ճշմարտութեան, իր կողմ կը քաշէ ժողովուրդին «դատողութիւնը»: Վարդան Մկրտիչեան կը մարմնաւորէ բժիշկ Շթոքմանը: Ներկայացման ամբողջ ընթացքին ան բեմին վրայ մէկ ծայրէն միւսը կ՛անցնի պաշտպանելու համար իր թեզը: «Ուրիշ ոչ ոք պիտի կարենար այսքան լաւ ներկայացնել Շթոքմանին դերը», կը խոստովանի Խտըշեան: «Նոյնն է պարագան քաղաքապետի դերին, որ Գէորգ Նալպանտեանը կը խաղայ»: «Բժիշկը բեմ կը բարձրանայ ու մինչեւ աւարտը հոն կը մնայ: Երկար երկխօսութիւններուն կողքին, չմոռնանք Լեւոն Շանթին ոճը,- կը բացատրէ բեմադրիչը.- բացի անկէ, որ «Ժողովուրդի թշնամին» ինքնին ծանր, դասական ու խոր թատրերգութիւն մըն է, ա՛յս «Ժողովուրդին թշնամին» ունի այլ մարտահրաւէր մը, որն է` Լեւոն Շանթին թարգմանութիւնը ըլլալը: Լեւոն Շանթ իր յատուկ ոճը ունի եւ ներկայ է երկխօսութիւններուն ընթացքին. ունի իր լեզուն, իր դարձուածքները, որոնք կրնան լեզուական տեսակէտէն ճիշդ չըլլալ, բայց լեւոնշանթեան են: Իր այս թարգմանական աշխատանքին մէջ, ինչպէս` իր բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ, չափ կայ, կշռոյթ կայ, ատիկա այլ առճակատում մըն է, մարտահրաւէր մը` մեր դերասաններուն», կը յայտնէ Սուրէն Խտըշեան:
Քուլիսներուն մէջ կը հանդիպինք Վարդան Մկրտիչեանին, որ կ՛ըսէ. «Բժիշկը իր շուրջը կը գտնէ մարդիկ, որոնք կը շահագործեն իրենց պաշտօնները եւ անձնական շահեր հետապնդելով` հասարակական շահեր կը քարոզեն հանրութեան: Ասիկա հակակշռելու համար բժիշկը պէտք ունի միշտ բեմին վրայ ըլլալու եւ բոլորին հետ հաղորդակցելու: Դերին երկար ըլլալը, մանաւանդ` Լեւոն Շանթին թարգմանութեամբ, իսկապէս կը ստիպէ սպառել կենսուժդ ամբողջութեամբ, ինչ որ լաւ բան է»: Այս ըսելէն ետք արդէն կը հնչէ թատրոնին առաջին ազդազանգը, եւ Մկրտիչեան բեմ կ՛ուղղուի:
Նոյնն է պարագան Գէորգ Նալպանտեանին: Անոր հետ կը խօսիմ ներկայացման աւարտին, երբ հանած է իր գլխարկը եւ վերցուցած` ձեռքի գաւազանը: «Հակառակ անոր որ ստանձնած դերս իմ նկարագիրիս չի համապատասխաներ, մեծ ուրախութեամբ մարմնաւորեցի քաղաքապետի դերը, որովհետեւ պատգամ ունի փոխանցելիք: Այս դերը ստիպեց նաեւ ինծի դուրս ելլել հանգիստի գօտիէս, ինչ որ ինքնաբերաբար յաջողութեան կը մղէ: Իսկ նիւթը բոլոր խաւերուն կը պատկանի, մանաւանդ` Լիբանանի ներկայ վիճակին նայելով, մեր վիճակին նայելով, եւ ուրախ եմ, որ մաս կազմեցի», կը նշէ Նալպանտեան:
Բժիշկ Շթոքմանը իր կողքին ունի իր կինը, որ կը մարմնաւորէ Սիլվա Ատուրեանը, եւ` իրենց աղջիկ զաւակը` Փեթրան, որուն կերպարը ստանձնած է Լիլիթ Գույումճեանը: Երկուքն ալ, թէեւ` անվարժ բեմին, լաւապէս կը ներկայացնեն Իբսենի կին կերպարները. անոնք զօրավիգ կը կանգնին բժիշկին ու մինչեւ վերջ կը պայքարին անոր ճշմարտութեան համար:
Բեմին վրայ աչքառու էին Զաւէն Պաաքլինին եւ Յովսէփ Գափլանեանը, որոնք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ընտանիքին «հիներէն» են: Զաւէն Պաաքլինի կը ներկայացնէ Քիիլը` տիկին Քաթրինա Շթոքմանին հայրը: «Իրականութեան մէջ ճարպիկ ծերուկ մըն է, դրամասէր եւ կծծի, եւ նիւթին ծաւալման ընթացքին բոլորս ալ պիտի զարմանանք անոր` իր ընտանիքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին: Ան իր ունեցած հարստութիւնը ամբողջութեամբ թունաւոր ջերմուկներու բաժնետոմսեր գնելու կը ծախսէ` սպառելով իր աղջկան ու թոռներուն ձգելիք ժառանգը: Երկու մեծ դերերուն կողքին, այս ծերունին ալ ի՛ր ճշմարտութիւնը, ի՛ր արդարութիւնը կը փնտռէ, եւ ատիկա շատ խելացի կերպով գրած է Իբսեն: Ըսեմ, որ ես անձնապէս կը տեսնեմ անոր որոշումներուն դրդապատճառները եւ կը հաւատամ, որ իր բարի կողմն ալ ունի ատիկա, մանաւանդ երբ տոքթոր Շթոքմանի բացայայտումին պատճառով կը հասկնայ, որ քաղաքին տնտեսական անկումը նաեւ անկումն է իր աղջկան, եւ ատոր համար Քիիլ կը փորձէ իր հասկցած արդարութիւնը վերագտնել իր այս կեցուածքով», կը բացատրէ Պաաքլինի իր կերպարին մասին: Իրապէս հանդիսատեսը կարգ մը պահերու չի կրնար չկարեկցիլ ծերունիի կերպարին` հասկնալով անոր տարիքի ու փորձառութեան ու առեւտրականի հոգեբանութեան բախումը` իր ընտանեկան սիրոյն հետ:
Իսկ Յովսէփ Գափլանեան, որ բեմ կը բարձրանայ երկրորդ արարին մէջ գինովի դերով, կ՛ըսէ. «Մեծ ու պզտիկ դերեր չկան: Դերեր կան միայն, որ պէտք է լիակատար կերպով ներկայացնես: Գինովին տիպարը անշուշտ փողոցի տիպարը չէ, եւ կարեւոր է, որ հասկնանք անոր ըսածները: Երբեմն կարճ դեր մը նոյնքան ազդեցիկ կրնայ ըլլալ, որքան` երկար դերը»:
Յատկանշական էին նաեւ միւս դերերը. երիտասարդ դերասաններէն ունինք Նժդեհ Մկրտիչեանը` տպարանատէր Թոմսընի դերով, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանը` խմբագիր Հովսթատի դերով, եւ Դրօ Միրզայեանը` լրագրող Պիլլինկի դերով: Այս երեքին ներկայութիւնը բեմին վրայ զգալի ներդաշնակութիւն մը կը դրսեւորէ թատրերգութեան ընթացքին: Մկրտիչեանն ու Տեմիրճեանը` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ընտանիքին երիտասարդները, կարծես արհեստավարժներ ըլլային բեմին վրայ. անոնք հմտօրէն կը հրամցնեն մեզի չորրորդ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը ունեցած խմբագրատան կազմը, իսկ Միրզոյեան` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ընտանիքին նոր անդամը, նոյնքան հմուտ եւ ինքնավստահ կը տիրապետէ իր դերին:
Այս բոլոր բախումներուն մէջ բեմին վրայ իր նշանակալից ներկայութիւնը ունի նաւապետ Հոլսթերը: Ժան Պեքերեճեանի դերակատարութեամբ ներկայացուած այս տիպարը բժիշկին ու անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ սահման մը կը հանդիսանայ ու կ՛արգիլէ բժիշկին հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն: Պեքերեճեան Ժանը իրեն յատուկ հեղինակութեամբ կը մարմնաւորէ այս կերպարը ու իսկապէս հանդիսատեսը կը կլանէ իր խաղով:
Յիշենք դերակատարներէն նաեւ` Յակոբ Մարկարոսեանը, Աբրահամ Պալթայեանը, Մանուէլ Թոքմաքճեանը, Կարօ Բանօղլեանը, Սարգիս Տօնիկեանը, որոնք ցուցարարներու դերով հանդէս կու գան եւ հիմնական առճակատումին մէջ դեր ունին:
Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ թատրոնը հասնի իր աւարտին…
Իբսենի գրիչով` եզրակացութիւնները կը մնան հանդիսատեսին,- Իբսենի ոչ մէկ գործ կը յանգի աւարտի. իսկ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին համար նոր հորիզոններ կը բացուին` աւելի կորովով շարունակելու արուեստի ու մշակոյթի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքները: Հարկ է միշտ ի մտի ունենալ, որ սփիւռքի ներկայ նիւթական եւ մարդուժի պայմաններու մէջ նման աշխատանք մը գլուխ բերելը ինքնին յաջողութիւն մըն է հայ արուեստի ու մշակոյթի մարզին մէջ, իսկ ընտրուած թատրերգութիւնը` յանդգնութիւն: