Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տեսակէտ-Անդրադարձ. Վենեզուելայի Նախընթացը Եւ «Համազգային Խորհուրդ»-ի Խնդիրը

$
0
0

«Ազդակ»-ի մէջ տարբեր կարծիքներու տեղ տալու սկզբունքին հետեւելով` ստորեւ տեղ կու տանք նաեւ մեթր Գասպար Տէրտէրեանի սոյն կարծիքին, որ անդրադարձ է մեր երկու աշխատակիցներու` Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի ստորագրած գաղափարական բնոյթի երկու յօդուածներու: Սակայն խմբագրութեան կողմէ անհրաժեշտ կը տեսնենք կատարել հետեւեալ կարճ մատնանշումները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հեղինակին կողմէ Նաթան Պետրոսեանի յօդուածին կատարուած անդրադարձին: Ի սկզբանէ ընկերվարական իմաստով մէկ ուղղութիւն չէ եղած. նոյնիսկ «գիտական ընկերվարութեան» սկզբունքներու մշակումէն դեռ շատ առաջ, «Կոմունիստական մանիֆեստ»-ի հրապարակման ժամանակ եւ անկէ ետք եղած են ընկերվարական ուղղութիւններ, որոնց համար խորթ էր «արիւնալի յեղափոխութեան» ուղին` ընկերվարական հաւասարութեան հասարակութիւնը հաստատելու առումով: Ուստի նաեւ` մենք այդքան ալ ճշգրիտ չենք նկատեր, որ` «իսկական սոցիալիզմը գիտական ուսմունք է, գիտական է», իսկ ընկերվարութեան միւս ուղղութիւնները կապ չունին այդ գաղափարախօսութեան հետ: Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը քարացած գիտական տոկմա չէ, ո՛չ ալ թուաբանական հաշուարկներու համակարգ` 1+1 հաւասար է 2-ի հասկացողութեամբ: Այո՛, ընկերվարութիւնը ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման տեսութիւն է, բայց նախ եւ առաջ իտէալ է, հաւատամք է` ստեղծելու այն հասարակարգը, ուր մարդ ազատագրուած ըլլայ ազգային, կրօնական-դաւանական, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակի խտրականութենէ եւ շահագործումէ:

Միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ յառաջացած երկփեղկումը ուղղափառ մարքսականութեան եւ վերատեսութեան ուղղութիւններուն միջեւ առանձին պատմաքաղաքական ուսումնասիրութեան ենթարկուելիք նիւթ է: Սակայն մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ ստեղծուած իրերամերժ մօտեցումներու այս երեւոյթն իսկ ցոյց կու տայ, որ ընկերվարութեան վարդապետութիւնը կարելի չէ կաղապարի մէջ դնելով` հրամցնել մարդկութեան: Նաեւ պէտք է մատնանշել այստեղ, որ վերատեսական ուղղութիւնը, որ ծնունդ առաւ մարքսականութեան իսկ ծոցէն, չհրաժարեցաւ ամբողջական հաւասարութեան հասարակարգը ստեղծելու` ընկերվարութեան իտէալէն: Բայց տարբերութիւնը այն էր, որ մէկուն համար ընկերվարութեան ճամբան կ՛անցնէր բռնի եւ անմիջական պետականացումի ու ազգայնացումի միջոցով, իսկ միւսին համար` աստիճանական պետականացումի կամ ընկերայնացումի (socialization) միջոցով, մէկուն համար տնտեսութիւնը պէտք էր կազմակերպուէր «պետականօրէն», իսկ միւսին համար` «հաւաքականօրէն» կամ «հասարակութեան մասնակցութեամբ»:

Մեկնելով վերը շարադրուածէն` Դաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ ընկերվարութեան անցումի բացառապէս եղափոխական մեթոտներուն, այն ուղղութեան, որուն կը հետեւէր Բ. Միջազգայնականի կարկառուն գաղափարախօսներուն եւ տեսաբաններուն մեծամասնութիւնը: Այս մօտեցումը երբեք բռնազբօսիկ չէ, որովհետեւ մենք ալ նաեւ կը գիտակցինք դրամատիրական համակարգի անարդարութեան, բայց ձախ միտքը, ընկերվարական միտքը պէտք է վերջ ի վերջոյ առարկայական եւ անաչառ գնահատական տան, թէ ինչո՛ւ ընկերվարութեան հաստատման յեղափոխական արիւնալի ճամբուն միջոցով միլիոնաւորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, իսկ ուրիշ շա՜տ ու շատ մարդիկ բռնադատուեցան:

«Ա.»

 

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Գաղափարական աշխարհին մէջ կան երկու որակի գաղափարականներ. միասնական` յարակցական, մաթեմաթիքական ու բնագիտական ճշգրտութեամբ` գիտական գաղափարականներ, նաեւ հաւաքաբանական` անյարակցական, կերպընկալ կամ առաձգական` ոչ գիտական գաղափարականներ (հանճարեղ մտաւորականն անգամ, երբ չ՛ունենար յարակցական (coherent) միասնական աշխարհահայեացք, թաւալգլոր կը սահի ինքզինք հակասող հաւաքաբանական գաղափարականի մը Բաբելոնին մէջ): Կան նաեւ երկու բնոյթի եւ տեսլականի գաղափարականներ` եղափոխական եւ յեղափոխական: Եղափոխութեան (Evolution) հետեւորդները կրաւորականութեան կը նպաստեն` հաւատալով պատմութեան բնական յառաջդիմութեան, առանց մարդուն եւ մարդկային զանգուածներու միջամտութեան, պատմութեան թաւալումին մէջ: Յեղափոխական (Revolutionary) գաղափարականները կը հաւատան մարդուն եւ մարդոց միջամտելու դերին, նպաստելով ներգործականութեան, յանձնառութեան ճամբով:

Լիբանանահայ մամուլին մէջ աղքատ խնամիի տեղ  վերապահուած է գաղափարական հարցերուն: Սակայն, վերջին շաբաթներուն, հազուադէպ երեւոյթ մը պարզեց «Ազդակ» օրաթերթը, երբ խզեց այս աւանդական լռութիւնը գաղափարական հարցերու նկատմամբ` հրատարակելով Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի չորս գրութիւնները, իւրաքանչիւրէն երկուքական գրութիւն: Ինչ որ մեզ մղեց գրելու այս նշմարը` կեդրոնանալով Նաթան Պետրոսեանի այն գրութեան վրայ, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 28 սեպտեմբեր 2017 թուակիրին մէջ, եւ` Կարօ Արմէնեանի այն գրութեան վրայ, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 15 սեպտեմբեր 2017 թուակիրին մէջ, առաջինի մասին վերապահութեամբ, իսկ երկրորդը` ամբողջութեամբ երկրորդելով:

 

***

 

Նաթան Պետրոսեանի յիշեալ գրութիւնը` «ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովէն 110 տարի անց» խորագիրով, այս 4-րդ Ընդհանուր ժողովը կը համարէ ՀՅԴ-ի «երկրորդ կարեւոր» Ընդհանուր ժողովը, որովհետեւ կուսակցութիւնը «4-րդ Ընդհանուր ժողովի ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կը կրէ իր գաղափարախօսական, տեսաբանական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքին մէջ»: Եւ ուրեմն, մանրամասնօրէն եւ գրեթէ սպառիչ կերպով կը թուէ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան դրոյթները:

Նախ կը ճշդէ, որ ՀՅԴ իր 4-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարած է 1907 թուականին, Վիեննայի մէջ, Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (այսինքն` սոցիալ-դեմոկրատ) ապահոված ժողովասրահին մէջ, պաշտօնապէս վաւերացնելով «ընկերվարութիւն» բառին ներառումը ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրին մէջ, որովհետեւ հայ կեանքին արդիւնաբերական արտադրութեան բնագաւառին մէջ աճած էր հայ բանուորներուն թիւը, նաեւ աճած էին այդ բանուորութեան կրած տանջանքն ու զրկանքը` «դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով»: (Այժմէն կ՛ըսենք, որ վերապահութիւն ունինք Նաթան Պետրոսեանի գործածած եզրերուն գիտական ճշգրտութեան մասին, նոյնը նաեւ` ՀՅԴ Ծրագիրէն կատարուած մէջբերումներուն մէջ, սակայն այս նշմարի նեղ սահմաններուն մէջ հնարաւոր չէ մի առ մի ցոյց տալ այդ անճշգրտութիւնները: Օրինակի համար միայն.  այստեղ գործածուած «դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով» բառերը ճշգրիտ չեն, քանի որ դրամատիրութիւնը չի կրնար արդէն արդար քաղաքականութիւն ունենալ, իր շահագործական էութեան եւ սկզբունքներուն պատճառով: «Քաղաքակիրթ» դրամատիրութիւնն ալ շահագործողական է, ինչպէս` «վայրի»-ն):

Ապա մէջբերումներ կը կատարէ վերամշակուած ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինէն, ինչպէս «Կապիտալիզմը քայքայման մատնեց աշխատաւորների ընտանիքները… Չնայած անսանձ շահագործումներին ու հարստահարութիւններին` նոյն աշխատաւոր հանրութեան վզին են ընկած իրենց աւերիչ ծանրութեամբ` հարկերը, մաքսերը, մենավաճառումները, աքցիզները եւ յարաճուն միլիտարիզմի պատուհասը, որի էական նպատակն է ամուր կռել աշխատաւոր ժողովուրդների ստրկութեան շղթաները»:

«Սոցիալիզմի վարդապետութեամբ առաջնորդուելով` աշխատաւոր դասակարգերը ձգտում են վերացնել կապիտալիստական մասնաւոր սեփականութիւնը եւ նրա հետ կապուած անարխիական արդիւնագործութեան սիստեմը. հասարակական ընդհանուր սեփականութիւնը դարձնել` աշխատանքի, արդիւնաբերութեան միջոցները, հողը, հանքերը, գործարանները, հաղորդակցութեան ու փոխանակութեան միջոցները, եւ` բովանդակ տնտեսութիւնը կազմակերպել ու ղեկավարել հաւաքականօրէն»:

(Նախորդող մէջբերումին մէջ սխալ գործածուած «աշխատաւոր հանրութեան» եզրերը հոս սրբագրուած են «աշխատաւոր դասակարգեր» ճշգրիտ եզրերով, սակայն տնտեսութիւնը կը կազմակերպուի եւ կը ղեկավարուի պետականօրէն, ոչ` «հաւաքականօրէն»: Իսկ սոցիալիզմը ընդհանրապէս վարդապետութիւն  չէ, իսկական սոցիալիզմը գիտական ուսմունք է, գիտական է, կան նաեւ` ոչ գիտականները…):

«Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է: Բոլոր երկրների աշխատաւոր տարրերը` իբրեւ միեւնոյն սիստեմի զոհեր, պիտի միանան եւ արդէն միանում են համաշխարհային մի հզօր եղբայրակցութեան մէջ, ու գիտակ իրենց բարձր առաքելութեան, վստահ իրենց յաղթանակի վրայ` դիմում են կազմակերպուած կռուի ճանապարհով դէպի նոր սոցիալիստական կարգերը»:

(Այստեղ ուշագրաւ է ՀՅԴ-ի Ծրագրի ճանաչումը սոցիալիզմի միջազգայնութեան եւ համաշխարհային եղբայրակցութեան հնարաւորութեան, բայց քիչ անդին պիտի տեսնենք, որ ՀՅԴ-ի վերատեսական սոցիալիզմին նպատակը սոցիալիստական կարգերու հիմնումը չէ…):

ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրը իրաւացի է, երբ կ՛ըսէ. «Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է»: Բայց իր էութեամբ միջազգայնական այս շարժումը միասնական չմնաց, եւ գործելու եղանակի արմատական տարբերութիւններով դարձաւ Բ. (աջակողմեան), Գ. (կոմունիստական) եւ Դ. (թրոցքիական) միջազգայնական շարժումներ: Ուրեմն, հարկ էր նաեւ ճշդել, թէ` ՀՅԴ այս վերջին երեքէն ո՞ր միջազգայնականին կը յարէր: Եւ Նաթան Պետրոսեան մի առ մի կը թուէ Բ. Միջազգայնականը, որուն ՀՅԴ-ն յարած է 1908-ին, եւ շարունակած է մնալ հոն, որուն անունը միայն փոխակերպուած է` Աշխատաւորական եւ Ընկերվարական Միջազգայնականի եւ Ընկերվար Միջազգայնականի, նաեւ` Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան: Եւ Նաթան Պետրոսեան ինքն է, որ կը բնութագրէ ՀՅԴ-ի ընկերվարականութիւնը` գրելով. «ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարական ուղեգիծը ծանօթ էր «Վերատեսական» անունով, որ առաջին անգամ որդեգրուած էր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական միջոցներով»:

Ուրեմն, Էտուարտ Պեռնշթայնի, Օկիւսթ Պեպէի եւ Քարլ Քաուցքիի կողմէ, 1891 թուին, Գերմանիոյ Էրֆուրտ քաղաքին մէջ գումարուած Գերման ընկերվար-ժողովրդավար (Սոցիալ-Դեմոկրատ) կուսակցութեան համագումարին առաջարկուած ծրագրի «Վերատեսական» (Révisioniste) ուղեգիծին հետեւող ՀՅԴ կուսակցութիւնը` «մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական (ուրեմն` ոչ յեղափոխական) միջոցներով»: Այլ խօսքով, ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարութիւնը յեղափոխական, արմատական ու գիտական սոցիալիզմը չէր, այլ պարզապէս` «ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար օրինական միջոցներով պայքարող» վերատեսական (ռեվիզիոնիստական) սոցիալիզմը, որ գիտական բնութագրումով սենտիքալիզմ կը կոչուի: Սենտիքալիստական` արհմիութենական պայքարով, միայն եւ լաւագոյն պայմաններուն, կրնայ միայն բարելաւուիլ բանուորին աշխատավարձը, բայց երբեք` վերջ դնել անոր շահագործումին, իսկ անկարելի կ՛ըլլայ դրամատիրական համակարգին վերացումը եւ հաստատումը սոցիալիստական համակարգին: Եւ լոկ բարելաւումը կրնայ ըլլալ նաեւ` «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան տակ, զատորոշուելով` նոր-ազատական վայրի դրամատիրութենէն: Ուրեմն, սոցիալ-դեմոկրատիան կողմնակից է «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան, եւ դէմ` միայն վայրի դրամատիրութեան: Եւ հետեւաբար կրնայ գոհանալ ներհամակարգային (ներդրամատիրական) հերթափոխութեամբ, քանի որ հրաժարած է սոցիալիստական համակարգ կառուցելէ: Այս լոյսին տակ հասկնալի կը դառնայ Հայաստանի մէջ կոալիցիան` վայրի դրամատիրութեան եւ վերատեսական սոցիալ-դեմոկրատիային միջեւ: Եւրոպայի այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնները իշխանութեան հասան, ջանացին միայն կրթել վայրի դրամատիրութիւնը, եւ բնաւ չհիմնեցին սոցիալիստական համակարգ: (Հանճարեղ Ալպերթ Այնշթայն դիտել կու տայ, որ` «Սոցիալիզմի իրական նպատակն է, մարդկութեան զարգացման երթին մէջ, գլել-անցնիլ վայրենացման հանգրուանը»: Այսինքն դրամատիրութեան հանգրուանը վայրենացման հանգրուանն է):

Թոնի Պլեր աշխատաւորական կառավարութիւնը, որ կը կիրարկէր «Երրորդ ուղի» կոչուած սոցիալ-դեմոկրատական ուղղութիւնը մեծապէս չտարբերեցաւ Մարկրեթ Թաչերի պահպանողական վայրի դրամատիրական ուղղութենէն, այլեւ մեղսակիցը դարձաւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան նախայարձակումին Իրաքի վրայ` նոր-պահպանողական Որդի Պուշի մականին տակ… չմերժելով միլիթայիզմը:

(Ներկայիս, Ճերեմի Քորպին, որ դարձաւ ղեկավարը Աշխատաւորական կուսակցութեան, կը ջանայ կուսակցութեան ծրագիրը վերամշակել` անոր մէջ ներառելով յեղափոխական սոցիալիզմի դրոյթներ: Եւ կը յայտարարէ, որ այսպիսով նորացուած Աշխատաւորական կուսակցութիւնը պատրաստ է ստանձնելու երկրին իշխանութիւնը):

Սոցիալիստական համակարգին եւ դրամատիրականին միջեւ տարբերութիւնը արմատական է, իսկ երկուքին հակադրումը` հակամարտական ու թշնամական է (antagoniste): Հետեւաբար բնազանցական է եւ միայն ցանկատեսական` կարծելը, որ դրամատիրական համակարգը իր իշխանութիւնը (որ ամբողջատիրական է…) կրնայ օր մը յօժար կամքով եւ վերջնականօրէն զիջիլ սոցիալիզմի ուժերուն, խաղաղօրէն, առանց արիւնահեղութեան: Եթէ դրամատէրերու միջեւ պարզ մրցակցութիւնը կը բնութագրուէր որպէս խողխողումի մրցակցութիւն (Cut-throat Competition), երկու զիրար հերքող ամբողջական համակարգերու միջեւ հակամարտութիւնը կրնա՞յ ըլլալ խաղաղօրէն, խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով, երբ ընտրական օրէնքը հաստատած է հին համակարգը` իր գոյատեւումին նպատակով, իր վերընտրութեան համար… Ներհամակարգային հերթափոխութիւնը, լաւագոյն պարագաներուն, կրնայ տեղի ունենալ նոյն համակարգի աջ եւ ձախ թեւերուն միջեւ, Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն միջեւ, պահպանողականներուն եւ աշխատաւորականներուն միջեւ, Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի միջեւ վայրի դրամատիրութեան եւ «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան միջեւ, բայց համակարգային արմատական իշխանափոխութիւնը կը պահանջէ յեղափոխութիւն եւ արեան տուրք, իշխանութեան հասնելու առաջին փուլին:

Հոս կը ծագի Վենեզուելայի նախընթացին հարցը: Այս երկրին մէջ սոցիալիզմի ուժերը, Հիւկօ Չաւեզի ղեկավարութեամբ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն շահելով, հասան իշխանութեան` ժամանակաւորապէս, եւ այսօր արդէն տեղական եւ ամերիկեան դրամատիրական ուժերը տիրող սոցիալիստամէտ իշխանութեան դէմ յետընթաց յեղափոխութիւն շղթայազերծած են, քանի որ սոցիալիզմի ուժերը տակաւին աւարտած չէին նոր համակարգին կառուցումը, եւ անոր հակառակող թշնամի ուժերը արմատախիլ չէին եղած, քանի որ Չաւեզ իշխանութեան չհասաւ Ֆիտել Քասթրոյի անցած արիւնալի յեղափոխութեան ճամբով, այլ` խորհրդարանական ընտրութեան ճամբով, որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ միայն ժամանակաւոր, եւ ոչ թէ` վերջնական, ինչպէս եղաւ Քասթրոյի պարագան, որ ոչ միայն տոկաց աւելի քան կէսդարեան ամերիկեան շրջափակումին, այլեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ պարանաձգումին մէջ առաջին յոգնող ու դասալիք կողմը եղաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Օպաման, եւ ոչ թէ Քուպայի նախագահը` Ռաուլ Քասթրօ, քանի որ սոցիալիզմի համակարգը ստեղծուած էր Քուպայի մէջ, եւ դրամատիրական ուժերը արմատախիլ եղած էին, եւ Միացեալ Նահանգները միայն դուրսէն կրնար ճնշել եւ ներսը չունէր դրամատէրեր, ինչպէս է Վենեզուելայի պարագային: Կ՛եզրակացնենք, որ դրամատիրական համակարգի օրինական միջոցներով պայքարը դրամատիրութեան դէմ` չի կրնար վերջնականապէս «վերացնել» անոր համակարգը, իսկ անոր իրական ու վերջնական վերացումը կրնայ յաջողիլ միայն ու միայն արիւնալի յեղափոխութեամբ: Հայաստանի ներկայի կոալիցիային մէջ սոցիալ-դեմոկրատ ուժին ներկայութիւնը ոչ մէկ գրաւական ունի, որ հոն իշխող մենաշնորհային, վայրի դրամատիրական համակարգը կրնայ վերացուիլ:

(Իրենց ներհայկական մտահոգութիւններով եւ հպատակութեամբ, բոլոր հայկական կուսակցութիւնները ԱԶԳԱՅԻՆ են: Անոնք իրարմէ կը տարբերին միայն իրենց ընկերային-տնտեսական մտահոգութիւններով ու ծրագրերով, որոնք միջազգային են` հաւասարապէս բոլորին մօտ. Հայ Կոմկուսին, ՀՅԴ-ին, ՌԱԿ-ին, ՍԴՀԿ-ին եւ նոյնիսկ Արմենական կուսակցութեան պարագային, որ հայկական հողի վրայ հիմնուած ըլլալով, Հայ Կոմկուսին նման, 1905 թ. իր շրջաբերականով կ՛ըսէր, թէ` առաջնահերթը Օսմանեան լուծէն ազգային ազատագրութիւնն էր, սակայն, եթէ հայութեան մէջ ալ կռիւ սկսէր աշխատանքի եւ քափիթալի միջեւ, արմենականը պիտի կանգնի աշխատանքի կողքին):

ՀՅԴ-ի ազգայնականութիւնը հիմնաւորելու համար Նաթան Պետրոսեանին բերած պատճառաբանութիւնը խիստ անբաւարար է հայկական շրջագիծէն ներս եւ` խիստ անյարակից ու նոյնիսկ վիրաւորական, երբ կը դիմէ աւստրիական սոցիալ դեմոկրատիայի մարքսականութեան գործած ազդեցութեան` ՀՅԴ-ի վրայ, գրելով. «Սկսելով ազգային հարցէն` ՀՅԴ-ն գաղափարական գետնի վրայ իր ազդեցութիւնը կրեց Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարութեան մարքսականութենէն»: Չենք ուզեր հաւատալ այս վերագրումին ճշգրտութեան:

Իսկ երբ ՀՅԴ-ի դեմոկրատականութիւնը հիմնաւորելու համար կը դիմէ «պարսկական սահմանադրական» եւ «օսմանեան սահմանադրական յեղափոխութիւններուն», իր պատճառաբանութիւնները խիստ հակասական են եւ վիճայարոյց: Այս բոլորը կարելի չէ հանգամանօրէն լուսաբանել եւ մեկնաբանել ներկայ նշմարին նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք կը կարօտին առանձին անդրադարձի, առանձին յօդուածով, քանի որ ՀՅԴ-ի ազգայնականութիւնը ծնունդ առաւ օսմանեան դաժան լուծէն, պարսկական սահմանադրականութիւնը` շահի բռնատիրութենէն (որուն հետ ՀՅԴ հետագային` Պաղ պատերազմի տարիներուն գործակցեցաւ…), իսկ օսմանեանը սահմանադրական յեղափոխութիւն չէր, այլ` սիոնափանթուրք պետական յեղաշրջում սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի անձին դէմ, քանի որ ան մերժած էր Հերցելի պահանջը, իսկ երիտթուրքերն էին, որ ծրագրեցին ու սառնասրտօրէն գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնն ու բռնահանումը` Արեւմտահայաստանէն: Առայժմ` այսքան այս մասին: Երիտթուրքերու յեղաշրջումը բնա՛ւ սահմանադրական չէր, այլ` սիոնափանթրքական ծրագիր: Հայաստանի խոչընդոտին վերացումը` հողային անմիջական կապ հաստատելու` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա…

* * *

Կարօ Արմէնեանի գրութիւնը` «Ազդակ»-ի 15 սեպտեմբեր 2017 թուակիր համարին մէջ, «Անկեղծ պատրաստակամութեամբ» վերնագրով, որուն մէջ իրաւացիօրէն խնդրական կը գտնէ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ դրուած «Համազգային խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու գաղափարին իրականացումը` գլխաւորաբար ներկայիս Հայաստանի մէջ իշխող մենաշնորհային համակարգին գոյութեան պատճառով, քանի որ այս համակարգը էապէս ապազգային է, եւ անոր կազմաքանդումէն առաջ` ոչ մէկ ազգային, ո՛ւր մնաց, որ համազգային ծրագիր կարելի ըլլայ իրականացնել:

Մենք լիովին համաձայն ենք անոր այս մատնանշումին եւ ամբողջականօրէն կ՛երկրորդենք անոր դրած 13 նախապայմանները, որոնք կը բխին այն տեղին կասկածէն (իր պարագային), իսկ մեր հաստատ համոզումէն, որ` պետութիւնն ու մենաշնորհային ուժերը նոյնացած, միաձուլուած են:

Այդ 13 նախապայմանները կը պահանջեն յստակացնել հիմնականին մէջ երկու բան:

Առաջինը` ի՞նչ համեմատութեամբ մենաշնորհային համակարգը առեւանգած է պետական իշխանութիւնը:

Երկրորդը` պետական իշխանութեան մնացորդաց մասը ունի՞ մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու յստակ մտադրութիւն եւ ռազմավարութիւն:

Այս երկրորդ հարցադրումին ալ դրական կամ ժխտական պատասխանէն կախում պիտի ունենայ, տրամաբանականօրէն, այս պետական պատասխանատուներուն հետ կոալիցիա կազմել ուզող կողմին ճշդումը…

Օգտակար կը նկատենք այդ 13 հարցադրումներէն եօթնին ծանօթանալը.

1.- Որո՞նք են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ:

2.- Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական եւ անպաշտօն կառուցակարգերը երկրի տնտեսութենէն ներս:

3.- Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտին մէջ, եւ ի՞նչ են դաշտը առեւանգելու իր մեթոտները:

4.- Որո՞նք են համակարգին քաղաքական լծակները` երկրէն ներս եւ երկրէն դուրս:

5.- Որո՞նք են ազգային եկամուտի վերաբաշխումի ծաւալները եւ համակարգի համեմատական կշիռը` այդ ծաւալներուն մէջ:

6.- Ի՞նչ է մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ` Հայաստանի իշխանափոխութեան առաջին տարիներուն, գնուած արտադրութեան միջոցներուն, յստակացնելով, թէ` ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան, եւ թէ` ի՞նչ է հարստութեանց շուկայական փոխարժէքը այսօր:

7.- Վերջապէս, ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին Հայաստանի իշխանութիւնները` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առնչութեամբ:

Կարօ Արմէնեան իրաւացիօրէն կը մատնանշէ, որ Համազգային խորհուրդի կազմակերպումը «կ՛ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն` Հայաստանի գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն:  Այս բանը չի կրնար տեղի ունենալ, այնքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ: Մի՛ ակնկալէք, որ Համազգային խորհուրդը իր գոյառումով գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimzed) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող այս յանցագործութիւնը»:

Ան նաեւ իրաւացիօրէն կը շեշտէ սփիւռքի գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը` Հայաստանի մաքրագործման եւ Համազգային խորհուրդի կազմակերպման քաղաքական գործերուն մէջ, գրելով. «Ասիկա կ՛ենթադրէ համազգային պատասխանատւութիւն: Կ՛ենթադրէ նաեւ ազգային հզօր նախանձախնդրութիւն: Նաեւ քաղաքական կամք` այս գործին մէջ սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու: Իրականութեան մէջ, ի վերջոյ, այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է»: Բայց անհասկնալիօրէն ան չի խօսիր ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՄԻԱԿ ՂԵԿԱՎԱՐ ԿԱՌՈՅՑԻ մը մասին ու կրկին կը խօսի կառոյցներու մասին… Մինչդեռ սփիւռքի «անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը» կ՛ապահովուի, երբ ունենանք համասփիւռքեան, կեդրոնական, ներկայացուցչական (այսինքն` ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը սփիւռքի, համաձայն` Միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն: Սփիւռքի այս ներկայացուցչական եւ լիիրաւ կառոյցն է, որ Հայաստանի մաքրուած ու նորոգուած պետութեան հետ միասնաբար իրաւասութիւնը կ՛ունենայ կազմակերպելու Համազգային խորհուրդ, որ կը ներկայացնէ համահայութեան քաղաքական կամքը, քանի որ իր կազմով եւ արեւելումով դարձած կ՛ըլլայ համահայկական իշխանութիւն: Հայաստանակեդրոն կոչուած քաղաքականութիւնը շատ աւելի պտղաբեր, համապարփակ, տեւական ու հետեւողական կ՛ըլլայ, եթէ անոր նախորդած ըլլայ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեան որդեգրումն ու իրականացումը: Եւ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեան առաջին քայլն է` համասփիւռքեան միակ ղեկավար կառոյցին ստեղծումը: Իսկ այս կառոյցի ստեղծման հիմնական մղիչ ուժն ու շարժառիթը` Արեւմտահայաստանի, Արարայի ազատագրումին տեսլականն է: Եւ ճիշդ այս տեսլականով է, որ ծնունդ առած է տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքեան քոնկրեսի (ՏԱՀՔ) գաղափարը, որ կը համապատասխանէ Միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն:

Վերջապէս, շնորհաւորելի են Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի նման հրապարակագիրները, քանի որ գաղափարական հարցերու արծարծումով ու լուսաբանումով է միայն, որ կը ստեղծուի ճիշդ ու միասնական հանրային կարծիք, որ ցարդ գոյութիւն չունի հայ հասարակութեան մէջ: Ճիշդ եւ միասնական հանրային կարծիքի բացակայութեան հետեւանքին շուրջ Յովհաննէս Թումանեան, 1921 թ. դեկտեմբերին, Աւետիք Իսահակեանին յղած նամակին մէջ կը գրէ.

«Մենք թէ՛ դրսից, թէ՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: … Մի մասը խաչագող սրիկաներ, միւսը` գողեր եւ աւազակներ… եւ չերեւաց մի բազմութիւն, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանատուութեան կանչուեց, ոչ ոք պատասխան տուեց` հանրային կարծիքի բացակայութեան պատճառով, եւ իրավիճակը շարունակում է այժմ էլ…»: Մինչեւ այսօր:

10 հոկտեմբեր 2017
Պէյրութ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles