ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ
Այսօր մեր հիմնական խնդիրն այն է, որ չենք ճանչնար մեր իսկական թշնամին:
Ո՛չ, Թուրքիոյ կամ թուրքերուն մասին չէ այս, ո՛չ ալ ազերիին: Համաշխարհայնացման մասին չէ, ո՛չ ալ օտարացման, ձուլումի կամ այլասերման, ո՛չ «գերիշխան» պետութիւններու, ո՛չ ալ մենատիրականներու:
Այդ դասականացուած նիւթերէն հեռու` այս անգամ:
Ո՞վ է մեր թշնամին, ո՞վ կրնայ ըլլալ: Պատասխանը դիպուկ է ու բարդ, որովհետեւ մեզմէ հեռու չէ ան, եւ մենք սովորութիւն կամ յանդգնութիւն չունինք զայն մատնանշելու: Խրթին է, որովհետեւ չենք ուզեր նոյնիսկ զայն ընդունիլ:
Ո՞ւր կը գտնուի ան:
Մեր թշնամին կը գտնուի մեր միջեւ: Մեր թշնամին կը գտնուի մեր մէջ:
Մարդկային բացասական նկարագրի հոլովոյթի մասին կան բազմաթիւ տեսութիւններ, որոնց մասին ճառախօսելը նպատակայարմար չէ:
Այս անտեսանելի թշնամին մատնանշել ու սաստելն է նպատակայարմարը: Յեղաշրջման առաջին քայլը ախտաճանաչումով կը սկսի:
Անիրաւ «ԵՍ»-ը.
Ափսոս, որ, աւելի քան երէկ, այսօր «ԵՍ»-երու ճահիճներու մէջ է, որ կը լողանք: Նորութիւն մը չէ եսակեդրոն նկարագիրը, սակայն նորութիւն է այդ երեւոյթին սովորականացումը հասարակութեան մէջ` մխրճուելով մեր «հաւաքական մտածողութեան» մէջ, պղծելով մեր շրջապատը:
Հոս` «նպատակ», «գաղափար» եւ «արարք» կարեւոր չեն:
Կարեւոր է անձնական հաշիւն ու շահարկութիւնը: Ձգտումը կը մնայ նոյնը` «ԵՍ»-ը: Եւ երբ մեր աշխարհահայեացքը այդ շահին շուրջ է, որ կը դառնայ, մեր միտքն ու սիրտը կը նիւթականացուին, եւ կը դառնանք մեր «պաշտելի» հաւաքականութեան կեղտը:
Անառակ յաւակնոտութիւնը.
Շարունակութիւնն է «ԵՍ»-ի բարդոյթին, սակայն հոս շատ «հետաքրքրական» երեւոյթի մը կը հանդիպինք, որն է` համեստութեան եւ պարկեշտութեան խաղարկութիւնը, եւ շատ յաճախ` այդ «պարկեշտութեան» ծանուցումը, որ ինքնին կ’իմաստազրկէ այդ նիւթականացուած «յատկանիշը»:
Պատուհաս տգիտութիւնը.
Ժամանակին կը կարծէին, որ անուսը տգէտ է, սակայն այդ ենթադրութիւնը խաբկանք մըն է: Տգիտութիւնը անխնայ հիւանդութիւն մըն է: Ո՛չ ուսում «կը ճանչնայ», ո՛չ պաշտօն, ո՛չ ալ հարստութիւն: Տգիտութիւնը ախտ մըն է, որ կը վարակէ ընկերութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ: Տգիտութեան շարքին է նաեւ ամենագիտութեան խաբկանքը: Եւ այսօրուան մեր իրողութեան մէջ ցաւալին այն է, որ ճիշդ այդ տգէտն ու անպատկառը յամառօրէն ինքնավստահ են, իսկ «իմաստունները» կը խոկան երկընտրանքի եւ տատամսումի մէջ:
Այլամերժ բռնապետը.
Իշխանութեան ձգտումը դրական բան մըն է, մինչեւ այն ատեն որ ինքնանպատակ չէ եւ անձնական շահեր կամ հանգամանքներ չի հետապնդեր: Դրական է, երբ շինիչ եւ անձնուրաց նպատակներու կը ծառայէ: Դրական է, մինչեւ այն ատեն որ ձգտողին նպատակները «ԵՍ»-ի նուաճումին չեն ծառայեր: Սակայն շատ յաճախ պատկերն ու պարագաները բացասական են` «ԵՍ»-ի պայքարն է ու «ԵՍ»-ի ձգտումը, «ԵՍ»-ի բռնատիրութիւնն է ու «ԵՍ»-ի զատողութիւնը, «ԵՍ»-ի հարուածն է ու «ԵՍ»-ի համբոյրը, «ԵՍ»-ի ոխն ու «ԵՍ»-ի վրէժը:
Հօտի մտածողութիւնը.
Քծնիլ` գոյատեւելու սիրոյն, քծնիլ` երեւնալու սիրոյն, քծնիլ` շահարկութեան սիրոյն: Կամաւոր կերպով աչք կը խփենք սխալին, չարիքին ու պատուհասին եւ, հետեւաբար, կը դառնանք մէկական ոչխարներ: Միւս կողմէ` կը սարսափինք գլուխ բարձրացնելէ. «հապա՞ եթէ մեր գլուխը թռչի», «հապա՞ եթէ պիտակաւորուինք», «հապա՞ եթէ կորսնցնենք ոմանց համարումը»: Ի վերջոյ, գառնուկին համար յանդգնութիւնը անձնասպանութիւն է: Մեր ողնայարն ու «արիութիւնը» յանձնելով անպատկառին` կը դառնանք անոր հաւատարիմ «ծառան»:
Ի դէպ, հաւատարմութիւնը դրական յատկանիշ մըն է, բայց շատ յաճախ կը մոռնանք, որ ան չի գերազանցեր արժանապատւութիւնը:
Առ այդ, «խորանը երկրիս ներսէն կը քանդուի»… Եւ պիտի քանդուի ու կործանի, մինչեւ այն ատեն որ մեր ապրելաոճն ու հաւատարմութիւնը, գործելաոճն ու «լայնախոհութիւնը» հիմնուած են շահի ու շահարկութեան, կեղծի ու կեղծիքի, հիւանդի եւ հիւանդութեան, խաբկանքի ու խաբէութեան վրայ:
Մենք ենք մեր հիմնական թշնամին: