Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Որ Ոչ Լուիցէ Ունկամբ` Լուիցէ Թիկամբ» (1)

$
0
0

Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ

Երիտասարդութիւնը ազգի մը շարժիչն է, եւ առանց անոր աշխուժ ներկայութեան` ազգ մը կամ հաւաքականութիւն մը գիտակցօրէն պէտք է պատրաստուի կնքելու իր մահկանացուն: Քաղաքականացած երիտասարդութիւն ունենալը նախապայմանն է աշխուժ երիտասարդութիւն պատրաստելու: Իսկ քաղաքականացած երիտասարդ ունենալու համար պէտք է պատրաստել բարոյականի տէր երիտասարդութիւն մը: Երկրագործութիւնը, որ աշխարհի հնագոյն արհեստներէն է, մարդկութեան տուած է փաստացի եւ լաւ օրինակներ, որոնցմէ մէկը նոյնիսկ անհաս մանուկը կրնայ տեսնել եւ անկէ սորվիլ: Հունտը երբ ցանես, որքան լաւ խնամես, այնքան լաւ բերք կը քաղես:

Քաղաքականացած եւ բարոյականի տէր երիտասարդութիւն պատրաստելու համար հարկ է մեծերուն օրինակը. երեխան փոքր տարիքէն կը փորձէ նմանիլ մեծերուն: Օրինակ` երբ տան մանուկ աղջիկ զաւակը կը տեսնէ իր մօր կրունկն ու շպարը, կը փորձէ կապկել եւ նմանիլ իր մօր, կը հագնի մօր կրունկները եւ կը սկսի շրջիլ տան մէջ: Բոլորս հանդիպած ենք այս պարագաներուն: Նոյնն է պարագան բոլոր տեսակի արտաքին կամ ներքին սովորութիւններուն, մանուկը պիտի փորձէ նմանիլ մեծին` հօրը կամ մօրը: Իսկ հաւաքականութեան մը կամ ազգի մը ծնողքը իր ղեկավարութիւնն է, եւ երիտասարդութիւնը կը նմանի այն մանուկին, որ կը փորձէ նմանիլ իր ծնողքին:

Այսօր որքանո՞վ ճիշդ է ըլլալ այն մանուկին նման, որ կը փորձէ նմանիլ իր ծնողքին: Այս դարուս մեծ պետութիւններէն մինչեւ փոքրագոյն հաւաքականութիւններու մէջ ժողովուրդը ականատես է թալանի եւ շողոքորթութեան:

Խլուրդի քաղաքականութեամբ է, որ կը ղեկավարուի աշխարհը այսօր, եւ ոչ թէ` բարոյական արժէքներով լեցուն իտէալ քաղաքականութեամբ մը: Խլուրդը այն կոյր անասունն է, որ հողը փորելով արմատէն կը քաշէ գիւղացիին բերքը: Իսկ այսօր խլուրդի քաղաքականութիւնը կը յիշեցնէ նոյն պատկերը. կոյրի դիմակ կրած, մարդիկ, առանց տեսնելու իրենց կատարած վնասները եւ անոնց հետեւանքները, արմատէն կը խլեն մարդոց իրաւունքները եւ ճակտի քրտինքը, անոնք տէր կը դառնան ժողովուրդի նուազագոյն իրաւունքին: Ճառախօսութիւններով չէ, որ պիտի պատրաստուի քաղաքականացած եւ բարոյականի տէր երիտասարդութիւն մը, նախքան քաղաքականացումի ծրագիր մը մշակելը` պէտք է նախատեսել, թէ ի՛նչ տեսակի երիտասարդութիւն պէտք է պատրաստել: Արդեօք խլուրդնե՞ր պիտի պատրաստենք, թէ՞ հեռատես արծիւներ…

Այլ կէտ մը, որ հարուած է բարոյականութեան եւ քաղաքականացումի աշխատանքին, երիտասարդը բանտարկելու ջանքերն է: Հոս չեմ խօսիր քարաշէն սովորական բանտերու մասին, միտքի բանտարկութիւնը համահաւասար է ցկեանս բանտարկութեան: Երբ կը բանտարկես մարդու մը միտքը, զայն ցկեանս զրկած կ՛ըլլաս ազատութեան գաղափարէն, որ իր նուազագոյն իրաւունքն է. ան ցկեանս կը կրէ տաժանակիր այդ պատիժը, որուն պատճառն է խլուրդի այս քաղաքականութիւնը: Ան պիտի նմանի ոչխարի մը, որուն հովիւը ինքնին խլուրդ մըն է:

Այսօր զարգացած ժողովուրդները յատուկ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպեն լսելու համար երիտասարդութեան կարծիքը` ճակատագրական որոշումներ կայացնելէ առաջ, անոնք կը փորձեն պատասխանատւութիւն տալ երիտասարդութեան, որպէսզի ապագային ունենան վստահելի եւ աննահանջ երիտասարդութիւն մը:

Քննական մտածողութիւնը այլ կէտ մըն է, որուն նշոյլները ամրապնդուած փաստեր են երիտասարդի քաղաքականացած վիճակին: Քննական մտածողութիւնը կը զարգանայ միայն այն ատեն, երբ երիտասարդութիւնը առիթ ունենայ մտածելու: Եսակեդրոն ու պարագլուխ դառնալու ձգտումներով վարուող քաղաքականութիւնը թշնամին է քաղաքականացման աշխատանքին: «E pur si muove» (2), ըսած է իտալացի գիտնականը: Սակայն եթէ այսօր անտեսէք երիտասարդութեան կարծիքները եւ օրուան վերջը անոնց ըսէք` «E pur si muove», պիտի ստիպէք, որ երիտասարդը դադրի մտածելէ, որովհետեւ պիտի հաւատայ, որ օրուան վերջը ան որքան ալ փորձէ, պիտի չընդունիք անոր առաջարկած փոփոխութեան առաջարկը: Լա Ֆոնթեն (3) իր առակներէն մէկուն մէջ կը պատմէ, որ ժամանակին գորտ մը ուզած է նմանիլ իր ընկերոջ` եզին, սակայն բաւական ուռելէն ետք պայթած է: Առ այդ, այս օրինակէն մեկնելով, պիտի հաստատեմ, որ հազուադէպօրէն կը պատահի, որ հանճարներ ծնին, եւ ամէն մարդ չի կրնար Կալիլէոյի պէս «E pur si muove» ըսել ցանկացած պահուն:

Այս օրերու երիտասարդը չի նմանիր յիսուն տարի առաջուան երիտասարդութեան, այսօր դարը փոխուած է, իսկ երիտասարդութիւնը ամէն առիթ ունի պրպտելու եւ զարգանալու: Այսօր երիտասարդը քաջ գիտէ համամարդկայնօրէն ճշդուած իր իրաւունքները: Այսօրուան երիտասարդը կը նախընտրէ ըլլալ իրապաշտ, քան` ապրիլ վարդագոյն երազներու մառախուղի մը մէջ: Նշանաւոր խօսքը կ՛ըսէ` «Amicus Plato sed magis amica veritas» (4), սակայն այսօր խլուրդի քաղաքականութիւններ վարողները կը փորձեն հեռացնել երիտասարդութիւնը ճշմարտութենէն:

Խլուրդները ճարպիկ անասուններ են, առարկելի չէ, եւ դժուար է անոնց հասնիլ ու անոնց պատճառած վնասները դարմանել: Սակայն հողագործը երբ հասնի խլուրդին բացած ելքերէն մէկուն, անասունին պարանոցը կ՛ըլլայ իր ձեռքերուն մէջ: Խլուրդը երբ կը բարձրանայ կրկին բանալու իր ելքը, այս անգամ իր դիմաց կը գտնէ հողագործին հրացանը իր գլխուն վրայ եւ` «Որ ոչ լուիցէ ունկամբ` լուիցէ թիկամբ»:

 

(1).- Ան, որ չի լսեր ականջով, կը լսէ թիկունքով (այսինքն` ծեծով):
(2).- «Եւ սակայն կը դառնայ», Կալիլէոյի նշանաւոր խօսքը, երբ ստիպեցին յայտարարելու, որ աշխարհը արեւին շուրջ չի դառնար:
(3).- 17-րդ դարու ֆրանսացի առակագիր բանաստեղծ:
(4).- Պղատոնը ընկերս է, սակայն ճշմարտութիւնը աւելի մտերիմ ընկեր է:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>