Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տարուան Մը Հեռաւորութենէն

$
0
0

Հ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ուղիղ տարի մը առաջ մեր կեանքին հրաժեշտ կու տար համակուսակցական կազմակերպական մեր կեանքի վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու բանալի տարրերէն` Արա Տեմիրճեանը, բոլորիս համար կարճ ըսած` ընկեր Արան:

Օրին, մահուան առիթով , դաշնակցական մամուլին մէջ բաւական բան գրուեցաւ անոր պատասխանատու բազմակողմանի պարտականութեանց հարուստ կենսագրականին մասին: Եւ որովհետեւ անոր խուփ, լուռ եւ խորհրդապահ պահուածքն ու նկարագիրը, ինչպէս նաեւ իր աշխատանքային դաշտի բնոյթը զինք ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու պահած էին հասարակական ասպարէզէն, մահուան առիթով, իր ըրած գործերուն ու վաստակին առնչուած որոշ բացայայտումներ կատարուեցան ու յաւելեալ լուսաբանութիւններ տրուեցան իրաւամբ, եւ այն ատեն միայն շատեր աւելիով ըմբռնեցին կորուստը ու աւելի ամրապնդեցին իրենց յարգանքն ու համարումը առյաւէտ հեռացող ընկերոջ նկատմամբ:

Բազմաթիւ ընկերներու ու մանաւանդ սերնդակից ընկերներու նման, ես ալ ընկեր Արան ճանչցած եմ փոքր տարիքէս, Ճեմարանի գրասեղաններուն ետեւէն, իբրեւ խիստ ու խոժոռ ուսուցիչի, ծխախոտէն անբաժան, ապա աւելի ուշ հետը գործակցած` մինչեւ կազմակերպական մեր ածուի տարբեր փուլեր: Խստապահանջ, այո՛, բայց միաժամանակ մտերմիկ, խորապէս բարի ու մարդկային ազնիւ մօտեցումներով տարբերուող ընկեր Արայի վաստակը, ըստ իս, առաւելաբար կը կայանայ կուսակցական մեր շարքերու երիտասարդացման հոլովոյթին մէջ, ուր ունեցաւ կարեւոր ներդրում` երիտասարդական կառոյցի ստեղծման ու կազմաւորման յոյժ էական գործին մէջ, որուն ճամբով համանուն երիտասարդութեան վստահուեցաւ եւ վերապահուեցաւ ազգային պահանջատիրական մեր երթին համակ դերակատարութիւնը: Եւ այսօր, երբ ամբողջ աշխարհի տարածքին ականատեսն ենք երիտասարդութեան դիմագրաւած լուրջ տագնապներու, որմէ անմասն չի կրնար մնալ բնականաբար նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, առաւել եւս կը շեշտուի ընկեր Արայի ու իր գործակից բոլոր մեր երախտաւոր ընկերներուն (անդի աշխարհ թէ ասդի) գծած անգնահատելի ու շնորհակալ այդ ուղեգիծին արժէքը, այն ուղեգիծին, որուն շնորհիւ դաշնակցական ամբողջ սերունդի մը ջամբուեցաւ գաղափարական կուռ ու մարտունակ դաստիարակութիւն, իւրայատուկ վարքագիծ, կազմաւորուեցաւ քաղաքական հասուն մտածողութեամբ, ազգային արեւելումով, եւ որ այսօր ամէնուրեք կը շարունակէ յամառօրէն մնալ պատնէշի վրայ ու թիավարել յաճախ հոսանքն ի վեր, հակառակ հաւասարապէս առարկայական թէ ենթակայական տարատեսակ դժուարութեանց…

Ահաւասիկ ա՛յս պրիսմակէն կը դիտեմ ընկեր Արան ու գլխարկ կը բարձրացնեմ իր վաստակին առջեւ: Վա՛րձքդ կատար, խոնարհ ընկեր: Յիշատակդ անմար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>