Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Ժողովուրդի Թշնամին»

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

2017-2018 թատերական տարեշրջանի բացումը կատարեց Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղով` թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի:

Մեր օրերուն, երբ բոլոր արժեչափերը խախտած են, եւ մարդիկ ժողովրդավարութեան եւ հանդուրժողութեան անունով աղէտներ կը գործեն, նման ներկայացում մը հանդիսատեսին հրամցնելը կրկնակի արժէք ունի: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան երիտասարդ տարբեր բեմադրիչներով հանդէս գալը ինքնին նպատակ մը կը հետապնդէ: Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, Հրայր Գալեմքերեանի եւ այսօր Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութիւնները թատերասէր հանդիսատես պատրաստելու կողքին, տարբեր ճաշակներով, տարբեր դպրոցներու, տարբեր մօտեցումներով թափ եւ մթնոլորտ մը ստեղծած են արդէն եւ փորձառու, երիտասարդ ու սկսնակ տղոցմով շրջապատուած` գոհունակութիւն կը պատճառէ բոլորիս:

«Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղը` թէ՛ իր նիւթով եւ թէ՛ բեմադրութեամբ, մեր մշակութային կեանքի անապատին մէջ բոլորիս ծարաւը յագեցնող եւ նոր հորիզոններ տեսնելու յուսատու շունչ մը կու տայ:

Փաստօրէն Համազգայինը կրցած է համախմբել հին վաստակ ունեցող իփէկեանականները, նոր Վիգէն Ստեփանեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի թատերական դպրոցի տղաքը, ինչպէս նաեւ` գաղութի մէջ ինքնուրոյն թատերական վաստակ ունեցող տղաքը: Եթէ տասնհինգ հոգի բեմին վրայ կը գտնուի, ակնյայտ է, որ նոյնքան ալ թիւ մը վարչական եւ քուլիսային աշխատանքներուն մէջ ներդրում կ՛ունենայ: Ձեւով մը` «թատրոնի խենթ»-երու խմբակի մը վերածուած, այժմէական, դաստիարակիչ, հաճելի եւ գեղարուեստական ճաշակով երաժշտութիւն եւ տեքոր նկատի ունենալով` գնահատելի եւ քաջալերելի նախաձեռնութիւն մըն է: Վարձքը կատար բոլորին: Վարձքը կատար Համազգայինին, որ մեր մշակութային կեանքի ջահը միշտ բարձր կը պահէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles