Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Փեքինի Մէջ` Արքայական Ընդունելութիւն Թրամփի, Բայց…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կնոջ հետ Փեքինի մէջ արժանացաւ արքայական ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան, սակայն, ինչպէս միջազգային մեկնաբաններ կը նշեն, գործնական գետնի վրայ նուաճում մը չարձանագրեց: Յաճախ կը պատահի, որ ղեկավարներու այցելութիւնները եւ հանդիպումները աւելի քարոզչական, քան առարկայական, գործնական բնոյթ ունենան: Այս պարագային աշխարհի ամէնէն հզօր երկու ղեկավարները նկատուող Թրամփ եւ Ցզինփին, ըստ երեւոյթին, այլ հաշիւներ ունէին:

Ն.

Թրամփ – Ցզինփին. Ի՞նչ Քողարկուած Է Չին-Ամերիկեան Ժպիտի Եւ Շողոքորթութեան Տակ

Թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստան իր այցելութիւնը անուանած է «շատ արդիւնաւէտ», սակայն մասնագէտներու եւ լրատուամիջոցներու մեծ մասը այն կարծիքին է, որ Թրամփ ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք արձանագրած է:

Փեքին Թրամփ զոյգը դիմաւորեց շքեղ եւ արեւելքին բնորոշ ճոխութեամբ: Թրամփ, արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի խորհուրդով, Չինաստանի ղեկավար Սի Ցզինփին տարատեսակ հաճոյախօսութիւններով հեղեղած էր եւ չէր զլացած շողոքորթել, երկու երկիրներու մերձեցման մասին դեռ կանուխ է խօսիլ: Առաւել եւս, Թրամփ ինքն ալ նշեց, որ առեւտուրի ասպարէզին մէջ տարակարծութիւններու հարցին մէջ յառաջընթացի չէ յաջողած հասնիլ: «Ես չեմ մեղադրեր  Չինաստանը, ես կը մեղադրեմ նախկին վարչակազմի ոչ անձեռնհասութիւնը, քանի որ անոնք Չինաստանին թոյլ տուած են օգտուելու առեւտուրի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաւելութիւններէն, ընդհուպ` մինչեւ այն պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ միլիառաւոր տոլարներ կը կորսնցնէին: Ինչպէ՞ս դուք կրնաք մեղադրել Չինաստանը` մարդիկը օգտագործելու մէջ, որոնք այդ մասին գաղափար չունէին: Ես նոյն բանը կ՛ընէի», գրած է ան Թուիթըրի մէջ:

Առեւտրական Նրբութիւններ

Թիլըրսըն յայտարարած էր, որ հակառակ ժամեր տեւած առեւտրական բանակցութիւններուն` տակաւին շատ քիչ յաջողութիւն արձանագրուած է, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի իշխանութիւններուն ըսած են, որ իրենք դժգոհ են յառաջընթացի կշռոյթէն:

Չինաստանի գլխաւոր մաքսային վարչութեան տուեալներով, այս տարուան առաջին 10 ամիսներուն Միացեալ Նահանգներ առեւտուրի մէջ Չինաստանի շահը կազմած է 223 միլիառ տոլար:

Թրամփ նշած է, որ Չինաստանի հետ առեւտրական հաշիւին բացը տարեկան ապշեցուցիչ 100 միլիառ տոլարի կը հասնի: «Նախորդ վարչակազմը իրավիճակը այս մակարդակին հասցուցած է: Բայց ես չեմ մեղադրեր Չինաստանը: Ես բարձր կը գնահատեմ Չինաստանը», ըսած է ան:

Սի Ցզինփին նշած է, որ առեւտուրի ասպարէզին մէջ չին-ամերիկեան գործակցութիւնը մեծ հեռանկարներ ունի, եւ` աւելցուցած, որ Թրամփի այցելութեան ընթացքին 206,5 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէքով համաձայնագիրներ ստորագրուած են: Սակայն Փեքինի մէջ ներկայացուած համաձայնագիրներուն մեծ մասը պարտադիր ուժ չունեցող յուշագիրներ են, եւ ըստ «Պլումպերկ» լրատու կայքին, ատոնց իրականացումը կրնայ տարիներ պահանջել, եթէ ընդհանրապէս նման բան պատահի:

Արդիւնաբերութեան ամերիկեան հիմնարկի մասնագէտ Տերիք Սիզորս կը կասկածի, որ նման համաձայնագիրները կրնան լուծել Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ իսկական խնդիրները: «Նախագահը կը սիրէ համաձայնագիրներ եւ խոշոր թիւեր, բայց մենք չենք կրնար, չփոխելով Չինաստանի հետ առեւտուրի գործնականութիւնը` փոխել այն, որ անոր հաճելի չի թուիր, օրինակ` առեւտրական հաշիւի բացը: Անհրաժեշտ է, որ Չինաստան առեւտուրի մէջ այլ մօտեցում ցուցաբերէ», կը խորհի մասնագէտը:

Դիւանագիտական Նրբութիւններ

Սի Ցզինփին Տանըլտ Թրամփի համար իսկական արքայական ընդունելութիւն պատրաստած էր: Սակայն, եթէ խորամիտ  ըլլանք, թէ ի՛նչ կը գրէ կուսակցութեան գիծին հաւատարիմ մամուլը, ակներեւ կը դառնայ, որ գործնականին մէջ ինչպէ՛ս կը  վերաբերի Չինաստանի ղեկավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու  նախագահին հետ, կը գրէ  գերմանական «Տայ Ուելթ» թերթի կայքը:

Հրապարակման հեղինակ Ճոնի Էրլինկ կը պնդէ. «Փեքինի ղեկավարութիւնը բարձր կարծիք չունի նախագահ Թրամփի մասին, բայց ցոյց չի տար: Բացառութիւն եղած է վերջերս տեղի ունեցած կուսակցական  համագումարի նախօրէին. Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Սի Ցզինփինի  քարոզչական մարմինի գործիչները` Բարձրագոյն կուսակցական դպրոցէն, կը  գրէին այն մասին, որ արտասահմանի մէջ ոչ ոք Սիի չափ կ՛արժէ, եւ ասիկա կ՛արտայայտէ Չինաստանի քաղաքական համակարգի «գերազանցութիւնը»:

«Այն շքեղութեան խորապատկերին, որով Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին շրջապատած էր այցելութեամբ ժամանած ամերիկացի գործընկերը` նախագահ Թրամփը, դժուար է չնկատել, որ երկու առաջնորդներն ու երկու երկիրները կ՛ընթանան ուղղակի այլ ուղղութիւններով»,  կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տեսաբան Էնթոնի Ճ. Պլինքեն:

«Այն ժամանակ, երբ Թրամփ պատերու կառուցումով զբաղած է, Սին զբաղած է կամուրջներու կառուցումով: Ասոնք կը վկայեն, որ Սիի խօսքով, Չինաստան կը դառնայ այլ երկիրներու համար նոր ընտրանք, ինչպէս նաեւ` միջազգային կարգի նոր դատաւոր, որ շատոնց կ՛առնչուի Միացեալ Նահանգներու: Այն խորապատկերին ներքեւ, թէ Թրամփ ինչպէ՛ս զիջումներու կ՛երթայ Չինաստանի հետ, միջազգային ազատական կարգը,  որ ստեղծուած էր 20-րդ դարու երկրորդ կէսին, կրնայ ճամբան զիջիլ ոչ ազատական կարգին»,  կ՛եզրափակէ Էնթոնի Ճ. Պլինքեն:

Հիւսիսային Քորէա

Թրամփ կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան  կը գտնեն հիւսիսքորէական խնդրի լուծումը:

«Ես կը հաւատամ այդ լուծման այնպէս, ինչպէս դուք», ըսած էր Սպիտակ տան ղեկավարը չին գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ: Թիլըրսըն հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ Հիւսիսային Քորէայի  հարցին մէջ տարակարծութիւններ չկան: «Մեր խնդիրները տարբեր չեն, մենք ունինք մարտավարութեան, պայմանաժամներու, եւ ճնշման ուժի մասին սեփական պատկերացումները, եւ ճիշդ ատիկա ալ մենք այդքան երկար քննարկած ենք»:

Սակայն «Պայան» թերթը կը նշէ, որ Հիւսիսային Քորէայի պարագային, Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներու  մտահոգութիւնը սերտօրէն կապուած է Չինաստանի դիրքորոշման եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն: Խնդիր մը եւս. երկու երկիրներն ալ կրնան Հիւսիսային Քորէայի շուրջը կնքել գաղտնի գործարք,  որ նկատի չ՛առներ Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի շահերը` հակառակ այն հանգամանքին, որ անոնք մտահոգ են շրջանին մէջ  Չինաստանի աճող ազդեցութեամբ:

Համաշխարհային քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու մէջ Թրամփ այդպէս ալ (Չինաստանի կողմէ) զիջումի չհասաւ: Հիւսիսային Քորէան օրակարգի կէտերուն առաջինն է, որոնցմով ան սկսած էր ասիական շրջագայութիւնը, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ուժերու գերլարումով ջանացած է Չինաստանի նախագահը համոզել` մեծցնել Փիոնկեանկի վրայ  ճնշումը», նշուած է «Քուրիէր»-ի յօդուածին մէջ:

Սին անդրդուելի մնացած է` նշելով միայն, որ Հիւսիսային Քորէայի դէմ վերջերս հաստատուած պատժամիջոցներու  արդիւնաւէտութիւնը հաստատելու համար ժամանակ կը պահանջուի: «Չինաստան ամբողջ շրջանին ցոյց կու տայ, որ յուսալի ուժ է, մինչ Միացեալ Նահանգներու գործերու վիճակը վատ է, եւ անոր հանդէպ վստահութիւնը խախտած է: Թրամփի յիմարութիւնները Չինաստանին թոյլ կու  տան ինքն իրեն  համաշխարհայնացման ախոյեան ներկայացնել», կը նշէ Պրուքինկզի հիմնարկի հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնէն  Թոմաս Ռայթ:

Բարձրագոյն կուսակցական դպրոցի Հիւսիսային Քորէայի հարցերով մասնագէտ Չժան Լեանկոյի կարծիքով, ինչպէս Փեքին, այնպէս ալ Ուաշինկթըն կը հասկնան, որ «երկխօսութենէն բացի, այլ ճամբայ չկայ»: Փիոնկեանկի դէմ պատժամիջոցները որոշ ազդեցութիւն ունեցած են, սակայն ատոնց խստացումը չէ յանգեցուցած միջուկային զէնքէն հրաժարելուն: Ըստ մասնագէտին, Միացեալ Նահանգներ  մտադիր են «ռազմական միջոցներու դիմել»: Հարցը այն է միայն, թէ արդեօք Թրամփն իր ծրագիրներուն հաղորդակից կը դարձնէ՞  Սի Ցզինփինը եւ որքանո՞վ ան ատոնք ընդունելի կը նկատէ», կը նշէ «Տայ Ուելթ»:

Անցեալ ամիս, Համայնավար կուսակցութեան համագումարէն ետք, Սի Ցզինփին դարձաւ Չինաստանի անվիճելի կառավարիչը: Ան չանուանեց իր իրաւայաջորդը, եւ ասիկա մեծ  ակնարկ է, որ ան կրնայ երկրորդ անգամ հինգ տարիով երկարաձգել իր ղեկավարումը:

«Իքոնոմիստ» Չինաստանի առաջնորդը աշխարհի ամէնէն հզօր մարդը անուանած է, տիտղոս մը, որ սովորաբար կը տրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին:

Ինչ կը վերաբերի Թրամփին, կը նշուի, որ ան Չինաստան հասած է պատմութեան մէջ ամէնէն ցած վարկանիշով: Երկու ղեկավարներու միջեւ եղած տարբերութիւնները տեսանելի են նոյնպէս այն պատճառով, որ Սին կը կառուցէ կամուրջներ, իսկ Թրամփ `«պատեր»: Մինչ Թրամփ կը մերժէ բազմամշակութայնութիւնը եւ համաշխարհային կառավարումը, Սի Ցզինփին այս գաղափարներուն կողմնակից է, եւ ատիկա կ՛երեւի «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» նախագիծին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles