Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նախաձեռնութեամբ` Առողջապահական Դասախօսութիւններ

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արդէն ընթացք առած են տարբեր նիւթերով օգտաշատ դասախօսութիւնները:

«Հերաթափութիւն եւ մորթի
փոփոխութիւններ»

Չորեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւն եւ մորթի փոփոխութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց տոքթ. Քարլոս Եունես:

Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ ըսաւ, թէ մորթը օրկան մըն է, կը ծածկէ մեր մարմինը, իսկ մազերը կ՛երեւին մեր մարմնին որոշ տեղեր, որոնք  կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այդ փոփոխութիւններու պատճառները կրնան ըլլալ  տարիքի յառաջացում կամ որոշ հիւանդութիւններ, որոնց պիտի անդրադառնայ դասախօսը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը:

Տոքթ. Քարլոս Եունես դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ նշեց, որ տարիքի յառաջացման հետ մեր մարմնի անդամները եւ յատկապէս մորթը կը կրեն զանազան փոփոխութիւններ: Ան մորթի կազմութեան պատկերին վրայ ցոյց տուաւ մորթին  խաւերը, մազերակները եւ աւելցուց, որ երբ մարմնին քոլաժենը եւ էլասթինը չքանան, պատճառ կը դառնան մորթի թուլացման, չորացման եւ կնճիռներու յառաջացման: Տարիքի յառաջացման հետ նաեւ մորթը կը կրէ գոյնի փոփոխութիւններ, եւ ճերմակ, սեւ կամ սրճագոյն արատներ կը յայտնուին անոր վրայ:

Բժիշկը յայտնեց, որ կնճիռներու յառաջացման պատճառները կրնան ըլլալ արեւի ճառագայթները եւ քոլաժենի ու էլասթինի պակասը: Անոնց յառաջացումը կանխարգիլելու կամ ուշացնելու  համար հարկ է`

– Զգուշանալ երկար ժամանակ արեւի տակ մնալէ, յատկապէս` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
– Օգտագործել արեւի ճառագայթներէն պաշտպանուելու յատուկ սերեր:
– Գլուխը ծածկել գլխարկով:

Բժիշկը շարունակեց` ըսելով, որ դարձեալ տարիքի յառաջացումը պատճառ կը հանդիսանայ, որ  մորթը աստիճանաբար սկսի չորնալ, յատկապէս` ձմրան շրջանին, որուն պատճառով կը յառաջանայ քերւըտուք: Քերելը  պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին տակ գտնուող մազերակները վնասուին, եւ կապոյտ արատներ  յայտնուին: Այս երեւոյթը վտանգաւոր չէ: Քերւըտուքի  պարագային եւս օգտագործել յատուկ սերեր, քիմիական նիւթեր չպարունակող օճառներ եւ կրել բամպակէ զգեստներ:

Երբ որոշ տարիքէ մը ետք մորթին վրայ արատներ յայտնուին եւ այդ արատները սկսին մեծնալ կամ գոյն փոխել, անմիջապէս դիմել բժիշկին: Մորթէն աւելի բարձր խալերու յայտնութեան  պարագային, որոշ քննութիւններու ենթարկուիլ` բարդ հիւանդութիւններու առաջքը առնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի հերաթափութեան, դասախօսը ըսաւ, որ մազը կ՛անցնի երեք փուլերէ: Առաջին փուլը կը տեւէ 3-5 տարի, որուն ընթացքին մազը սնունդ կ՛առնէ եւ կ՛երկարի: Երկրորդ փուլը` յաջորդ մէկ ամիսը, երբ  սնունդ չ՛առներ, իսկ երրորդը` յաջորդող 4-5 ամիսները, որուն ընթացքին  կը սկսի թափիլ, սակայն նորը կը փոխարինէ թափած մազը: Օրական 50 թել մազ թափիլը բնական երեւոյթ է: Անբնական հերաթափութեան պատճառներն են`

– Արեան մէջ երկաթի, կենսանիւթերու, այոտինի կամ զինկի պակասը,

– Շաքարախտը,
– Գեղձերու անբնական աշխատանքը,
– Քիմիական դեղերը:

Դասախօսութեան աւարտին բժիշկը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Դասախօսութիւն`
«
Հայկական հիւանդութիւն» նիւթով

18 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հիւանդութիւն» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ, որ դասախօսութեան նիւթը հետաքրքրական է, որովհետեւ առնչուած է մեր ժողովուրդին`  «Հայկական հիւանդութիւն»: Այս հիւանդութիւնը բացայայտուած է դարեր առաջ, եւ յոյն փիլիսոփաներ անդրադարձած են անոր: Որովայնի ցաւով եւ տենդով ընթացող հիւանդութիւն մըն է: Տարածուած է Միջերկրական ծովուն շուրջ ապրող ժողովուրդներու մէջ, ինչպէս` Իսրայէլ, Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան, Թուրքիա եւ Եգիպտոս: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութիւնը սկսաւ` նշելով, որ «Հայկական հիւանդութիւն»-ը ճանչցուած է նաեւ «Պարբերական հիւանդութիւն» եւ «Միջերկրականեան ընտանեկան տենդ» անուններով:

Այս հիւանդութիւնը զուտ ժառանգական ծինային հիւանդութիւն մըն է: Փոփոխութեան ենթարկուած ծինը կրնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ, սակայն հիւանդի ազգականներէն ոչ մէկը կրնայ տառապիլ այս հիւանդութենէն: Հիւանդի քոյրերուն եւ եղբայրներուն պարագային, հիւանդութեան առկայութեան հաւանականութիւնը 25 տոկոս է:

Եթէ հայկական հիւանդութիւն ունեցողը ամուսնանայ առողջ եւ փոփոխուած ծին չունեցող անձի հետ, զաւակները հիւանդութիւնը չեն ունենար, սակայն իրենց մէջ կը կրեն փոփոխուած ծինը:

Այս հիւանդութենէն հիմնականօրէն կը տառապին հայերը, հրեաները եւ թուրքերը:

Հիւանդութիւնը կը յատկանշուի պարբերաբար կրկնուող նոպայաձեւ տենդով: Ախտանշանները ի յայտ կրնան գալ որեւէ տարիքի, բայց ընդհանրապէս առաջին նոպան 18 տարեկանէն առաջ կ՛ըլլայ:

Նոպան, որ միջինը երեք օր կը տեւէ, կը յատկանշուի որովայնի, կուրծքի եւ յօդերու ցաւերով եւ բարձր ջերմութեամբ:

Նոպայի ժամանակ կատարուած արեան քննութիւններով կարելի է ախտորոշել հիւանդութիւնը, սակայն հիւանդութեան առկայութեան վերջնական ախտորոշման համար անհրաժեշտ է ծինային քննութիւն կատարել:

Հիւանդութիւնը վերջնական բուժում չունի, սակայն Colchicine կոչուող դեղի օգտագործումով կարելի է հիւանդութեան նոպաներու յաճախականութիւնը եւ ուժգնութիւնը նուազեցնել:

Այս դեղի օգտագործումով եւ ընդհանրապէս նոպաներու յաճախականութիւնը նուազեցնելով` կարելի կ՛ըլլայ կանխել նաեւ հայկական հիւանդութենէն յառաջացող հիմնական բարդութիւնը` ամիլոիտոզմը, որ հիմնականօրէն կ՛ախտահարէ երիկամները եւ կրնայ հասցնել մինչեւ երիկամներու լուացման փուլ:

Ձեռնարկի աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>