Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Դանիոյ Լուտերական Եկեղեցին Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. հայրապետը ընդունեց Դանիոյ Լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ:

Հանդիպումին պատուիրակութեան խօսնակը ուրախութիւն յայտնեց Դանիոյ ժողովուրդին ու յատկապէս անոր եկեղեցւոյն համար սիրելի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ գտնուելուն համար: Ան յիշեց պատմական սերտ կապերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Դանիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ, յատկապէս` «Թռչնոց բոյն»-ին առնչուած:

Հայրապետը իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Դանիոյ եկեղեցւոյ կատարած մարդասիրական հսկայ գործին, մասնաւորաբար` հայ որբահաւաքի ու որբախնամութեան բնագաւառին մէջ: Իր խօսքին մէջ վեհափառը յիշեց «Թռչնոց բոյն»-ը, որուն հիմնադիրը եղած է դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընը, ու ըսաւ. «Գացէ՛ք «Թռչնոց բոյն», այցելեցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, հոն պիտի տեսնէք ու ապրիք Մարիա Ճէյքըպսընի ոգեղէն ներկայութիւնը»: Հայրապետը աւելցուց. «Մեր ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ եւ երբեք չի մոռնար այն անձերը, որոնք հոգածութեան ու աջակցութեան ձեռք երկարած են իրեն, յատկապէս` դժուար օրերուն»: Աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Դանիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու թէ՛ միջեկեղեցական եւ թէ՛ ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>