Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Մենք Այսօր Ամէն Տեղ Պէտք Ունինք Հայ Երիտասարդութեան Գործօ՛Ն Ներկայութեան, Ձայնի՛ն, Մասնակցութեա՛ն». Արամ Ա. Կաթողիկոս

$
0
0

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ համալսարանականներու հունձքին 2016-2017 կրթական տարեշրջանին գնահատանքի երեկոն:

Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ հայրապետը բարձր գնահատեց ձեռնարկը եւ ուսանողներուն յաջողութիւնը` զայն նկատելով ոչ միայն անհատական յաջողութիւն, այլ նաեւ` գաղութին յաղթանակը: Նորին սրբութիւնը ընդգծեց, որ ուսանիլը հոգեմտաւոր ընթացք մըն է, որուն մէջ հայ ուսանողին յաջողութիւնը միայն իր անձին ու անմիջական ընտանիքին չի պատկանիր, այլ նաեւ` հաւաքական ընտանիքին: «Իւրաքանչիւր անհատ ինքնութիւն մը ունի ու հաւաքականութեան մը կը պատկանի. ձեր վկայականները եւ ուսումը ի սպաս պէտք է դնէք այդ հաւաքականութեան», նշեց հայրապետը` շարունակելով. «Ես ուրախ եմ, որ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը այս տարի եւս կազմակերպեց այս գնահատանքի երեկոն ու իր դռները լայն բացաւ ձեր առջեւ, եւ ուրախ եմ, որ դուք ընդառաջեցիք այս հրաւէրին` ունենալով այս հաւաքականութեան մաս կազմելու խոր գիտակցութիւնը», ապա կարեւորելով զարգացումը` վեհափառը ըսաւ, որ ուսումը աւարտ չունի, եւ վկայականը ուսման աւարտ չի նշանակեր. իւրաքանչիւր անհատ, մանաւանդ ներկայ դարուս մէջ, գիտութեան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու մարտահրաւէրներ ունի, իսկ հայ ուսանողը ունի կրկնապատիկ մարտահրաւէր, որն է թէ՛ հայկական ինքնութեամբ ապրիլ, թէ՛ բացուիլ օտարին ու անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտնել, թէ՛ ալ իր զարգացումը հաւաքականութեան տրամադրութեան տակ դնել, նշեց ան: Անդրադառնալով Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին` նորին սրբութիւնը նշեց, որ համախմբումը ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ հայկական ամբողջ սփիւռքի տարածքին գործելու հրամայականը ունի, ինչպէս որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը կը ծաւալի միջազգային ընտանիքին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսը խօսքը աւարտեց` ընդգծելով, որ հայ երիտասարդին դերը մեր կեանքի մայր էջին վրայ պէտք է ըլլայ:

Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց համախմբումի նախագահ Յակոբ Հանտեանը: Ան նշեց, որ թէեւ սփիւռքը դատապարտուած է ձուլման, սակայն մինչեւ վախճանը երկարող ժամանակաշրջանին մէջ կատարուած կազմակերպուած աշխատանքը կը յետաձգեն վախճանը, հետեւաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պարտաւոր է կառչիլ իր ինքնութեան, զինուիլ հայեցի դաստիարակութեամբ` միաժամանակ ըլլալով ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին: Հանտեան ընդգծեց սփիւռքահայ ուսանողին ուժականութիւնը հաւաքականութեան զարգացման ջանքերուն միացնելու անհրաժեշտութիւնը. «Անհատական մակարդակի վրայ իւրաքանչիւրս ունինք տարբեր կարողութիւններ,- ըսաւ ան,- սակայն այդ բոլորը միաձուլուած մեր հաւաքական կարողութեան մէջ` որպէս գաղութ, կ՛ունենանք շատ աւելի ուժեղ կարողութիւն, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ մեր կամքին պարտադրած եւ միտքին ծրագրած բոլոր աշխատանքներուն իրագործումը, պահելու եւ առաւել եւս սնուցանելու ու կեանք տալու մեր գաղութներուն, զանոնք առաւել եւս զօրացնելով աշխարհի տարածքին», յայտնեց Հանտեան: Հանտեան շնորհաւորեց 2016-2017 տարեշրջանի հունձքը ու մաղթեց, որ անոնք կարենան արժեւորել իրենց վկայականը եւ ծառայեցնեն ընտանիքին, եկեղեցիին, հայրենիքին:

Ուսանողութեան անունով խօսք առին Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն Ալեակ Լատոյեանը եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն Յովիկ Ադամեանը:

Լատոյեան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայ գաղութին հայանպաստ պայմանները, ուր հայկական եկեղեցի, վարժարան, միութիւններ կ՛երաշխաւորեն հայ երիտասարդին հայկական միջավայրի մը մէջ հասակ նետելը: Ասոր կողքին, ան խօսեցաւ ուսեալ հայ երիտասարդին հնարաւորութիւններուն մասին, որ կրնայ օգտագործել հայ գաղութին զարգացման համար:

Ադամեան ըսաւ, որ սոյն գնահատանքի երեկոն,  հպարտանալէ անդին, գործի լծուելու երեկոյ է: Ան ուսանողներուն յաջողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն` ընդգծելով, որ ընտանիքը մարդակերտումի կարեւորագոյն դպրոցն է, իսկ ուսումը մարդակերտումի ծրագիրի կարեւոր փուլերէն մէկը: Ադամեան ընդգծեց, որ լաւ հայ ըլլալու համար պէտք է լաւ մարդ ըլլալ, ինքզինք լաւ ճանչնալ, բարոյականի տէր ըլլալ եւ,  վերջապէս, կարենալ ինքզինք ղեկավարել:

Երեկոյին գեղարուեստական ներկայացումով հանդէս եկան ջութակահար Յովհաննէս Գարախանեանը եւ դաշնակահար Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանը, որոնք ներկայացուցին Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը, եւ Խաչատուրեանի «Օրօր»-ն ու «Ուզուն-տարան»:

Աւարտին, շուրջ 60 ուսանողներ պարգեւատրուեցան վեհափառին կողմէ` ստանալով օրինակ մը իր հեղինակած «Տի արմինիըն չըրչ» գիրքէն:

Վարչական Դալար Քեչեճեան կարդաց աւարտողներուն անունները:

«Եուզեք» համալսարանէն` Լիզա Պասթաճեան, «Պալամանտ»-էն` Ռիթա Հինտոյեան, «Եունիվըրսիթէ Սենթ Ֆամիյ»-էն` Ալիս Արապեան, ՀԵՀՈՄ-ի ցանկէն` Ռիթա Տէրտէրեան, Հայկազեան համալսարանէն` Միրէյ Մխիթարեան, Կարին Ադամեան, Ժան Պաղպուտարեան, Մարալ  Սիմոնեան, Սիւզի Կոստանեան, Գրիգոր Մելքոնեան, Քրիստին Էքմեքճեան, Փաթիլ  Պէրպէրեան, Անի Սարեան, Մարիա Պալապանեան, Փեկիզա Պէրպէրեան, «Սեն Ժոզեֆ»` Գալին Գասարճեան, Դալար Դապուժեան, Սանահին Թոմասեան, Վիգէն Ղորղորեան, Լորի Վարդանեան, Օֆելիա Օհանէսեան, Նարօտ Խտըրլարեան, Լիբանանեան համալսարանէն` Րաֆֆի Աբրահամեան, Փաթիլ Քիլաղպեան, Մարիա Գէորգ, Էլի Քրիստ Պէրպէրեան, Շանթ Չիլինկիրեան, Վալերիա Մխճեան, Պեթի Թորոսեան, Արշակ Ճերճերեան, «Արաբ օփըն եունիվըրսիթի»-էն` Մեղեդի Պուտագեան եւ Լալա Գալայճեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` Նժդեհ Մխսեան, Յովիկ Ադամեան, Երուանդ Նեսիմեան, Պետրոս  Թորոսեան, Արամ Պիտիքեան, Մարիլին Փափազեան, Բալիկ Գարատաղլեան,  «Էլ.Այ.Եու.»-էն` Փաթիլ  Գանտահարեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Ցոլակ  Թալաթինեան, «Էլ. Էյ.Եու.»-էն` Ալեակ Լատոյեան, Ալիս Տաքէսեան, Արմանտ Թուրսարգիսեան, Անժելիքա Այվազեան, Հրայր Տանակէօզեան, Նանոր  Նահապետեան, Արազ Արամալեան, Վաչէ Աղասարգիսեան, Մարք Սարգիսեան, Աւօ Մնջերեան, Յակոբ Գույումճեան, Սարգիս Խաչերեան, Լալիկ Աղասարգիսեան, Փաթիլ Պապիկեան, Սթեֆանի  Մեսրոպեան,  «Էն. Տի. Եու.»-էն` Ռազմիկ  Սարգիսեան, Սերժ Աւետիս Ղարիպեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>