Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Աշակերտութիւնը Այցելեց Լիբանանի Նախագահական Պալատ

$
0
0

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէնին հետ ուղղուեցան Պաապտա` այցելելու Լիբանանի նախագահական պալատ:

Այցելութիւնը, որ անակնկալ էր աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին համար, կազմակերպուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով:

Աշակերտները առիթ ունեցան շրջելու եւ ծանօթանալու նախագահական պալատի տարբեր բաժանմունքներուն:

Աշակերտները այցելեցին նաեւ կառավարութեան ժողովասրահ, ուր անոնց առիթ տրուեցաւ իրենց խօսքը ուղղելու Լիբանանի նախարարաց խորհուրդին:

Ապա աշակերտները ծանօթացան Լիբանանի եւ շրջանի պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ այլ օգտաշատ գիտելիքներու:

Վերջապէս, վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչակազմը եւ տնօրէնը լուսանկարուեցան Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունին հետ:

Վարժարանի պատուիրակութիւնը տուն վերադարձաւ խանդավառ եւ լաւ տպաւորութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>